Պերճ Պռոշեանի Տուն-թանգարանին Մէջ Պիտի Պատրաստուին Ամանորեայ Ասիլիկ-Վասիլիկներ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հին ժամանակներուն մարդիկ տարբեր գուշակութիւններ կ՝ընէին, եւ Ամանորին բլիթներու միջոցով կրնային գիտնալ՝ տարին յաջող պիտի ըլլայ, թէ՝ ոչ։? Եթէ եփելու ընթացքին բլիթները ուռէին, ուրեմն տարին յաջող պիտի ըլլար։ Բլիթները կը թխէին նաեւ հարսի տեսքով, եւ եթէ բլիթի փորը ուռէր՝ այդ տարի նորահարսը երեխայ պիտի ունենար․․․

Այս մասին կը յայտնեն Աշտարակ քաղաքի Պերճ Պռոշեանի տուն-թանգարանէն։

Դեկտեմբեր 14-ին թանգարանին մէջ մանրամասն պիտի ներկայացուին տարեմուտի ավանդոյթները եւ միասին պիտի պատրաստուին ամանորեայ ասիլիկ-վասիլիկները։