ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ Հեռացուեցաւ «Տաշիր Պիցցա»-ի Ցուցատախտակը

Հայաստան

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ նիւթական ժառանգութիւնը մեզի համար արժէք է, որուն պատշաճ խնամքը, արժեւորումն ու փոխանցումը սերունդներուն՝ բոլորիս պարտքն է։ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, այս մասին նշեց ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր-Պիցցա» սնունդի սպասարկման ցանցի տնօրինութեան՝ իրենց նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելու եւ «Տաշիր-Պիցցա»-ի՝ Հանրապետութեան 37 հասցէին վրայ գտնուող երեւանեան սրահներէն մէկուն «Տաշիր-Պիցցա» վերտառութեամբ ցուցատախտակը հանելու համար:

Յիշեցնենք՝ նշուած հասցէի շէնքը, ուր ներկայիս կը գտնուի «Տաշիր-Պիցցա»-ի սրահներէն մէկը, կը համարուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդանշող նիւթական մշակոյթի նմուշներէն մէկը, ուր 1918-1920 թթ. տեղակայուած էր հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ այն նոյն պատշգամբէն, որուն ներքեւը տարիներ ի վեր կախուած էր «Տաշիր-Պիցցա»-ի ցուցանակը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը ընթերցած է Անկախութեան հռչակագիրը՝ յայտարարելով Հայաստանի անկախութեան մասին:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հանդէս գալով նշեալ ցուցատախտակը հանելու եւ զայն բոլորովին այլ բովանդակութեամբ ցուցատախտակով փոխարինելու նախաձեռնութեամբ, 2019 Հոկտեմբեր 2-ի թուագրումով նամակ ուղարկած էր  «Տաշիր-Պիցցա»-ի տնօրինութեան՝ խնդրելով հանել նշեալ ցուցանակը: Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գ. Մուշեղեանի ստորագրութեամբ յիշեալ նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր «Տաշիր-Պիցցա»-ի տնօրինութեան՝ նշեալ ցուցանակի փոխարէն այնտեղ տեղադրել շէնքի ու պատշգամբի պատմական արժէքը արտացոլող ցուցանակ կամ յայտարարութիւն:

«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմած ենք ե՛ւ «Տաշիր պիցցա»-ի տնօրինութեան՝ յայտնելով շնորհակալութիւն, ե՛ւ Երեւանի քաղաքապետին, որմով կ՝առաջարկենք՝ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ արտօնութիւն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքին, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ»,- կը նշէ Գ. Մուշեղեան:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ կը համարէ այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ հրճուալից գրառումներ կ՝ընեն՝ յայտարարելով, որ նշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է սեփական քաղաքական ուժի նախաձեռնութեամբ:

«Եւ այսպիսի յայտարարութիւններու հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական խումբի անդամները ամէն օր ոտնձգութիւններ կը կատարեն մեր ազգային արժէքներուն դէմ: Կրնա՞յ ոեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող ներկայ իշխանութիւնները կրնային իրենց թոյլ տալ այնպիսի «ճոխութիւն», ինչպիսին Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքներու արժեւորումն է»,- զարմանքով իր խօսքը եզրափակեց Գ. Մուշեղեան:

Yerkir.am-ը կից կը ներկայացնէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն առնչուող համապատասխան փաստաթուղթերը: