ՀՅԴ Երիտասարդները Երեքշաբթի Օր Նախարարութեան Դիմաց Պիտի Սպասեն Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին

Հայաստան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ին, ժամը 15:00-ին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց պիտի սպասեն նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին:

Այս մասին «Փաստինֆօ»-ին յայտնած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ հանդիպման պայմանաւորուածութիւն կա՞յ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան վարչութեան անդամը ըսաւ. «Պայմանաւորուածութիւն չունինք, հանդիպման առաջարկը հրապարակային էր, եւ նախարարութեան կողմէ մեր առաջարկին պատասխան այս պահուն չենք ալ ակնկալեր, հանդիպման օրն ու ժամը նշանակած ենք, կը կարծենք` այդ օրը պատասխանը կ՛ըլլայ»: