Հայաստանի Մէջ 400 Mwh Հզօրութեամբ Արեւային Ելեկտրակայաններ Պիտի Կառուցուին

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխարհի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի յայտնի Masdar ընկերութիւնը եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտ»ը (ԱՆԻՖ) ստորագրած են Հայաստանի մէջ 400 megawatt  (Mwh) հզօրութեամբ արեւային ուժանիթի նախագիծեր մշակելու մասին պաշտօնական համաձայնագիր: Այս համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ կ՛ենթադրուի 300-320 միլիոն տոլարի ներդրումներ: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը։

Նոյեմբեր 30-ին Ապու Տապիի մէջ Masdar-ի գործադիր տնօրէն Մուհամատ Ջամիլ Ալ Ռամահին եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի տնօրէն Դաւիթ Փափազեան ստորագրեցին համատեղ զարգացման համաձայնագիրը: Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ուժանիւթի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Սուհայիլ Ալ Մազրուէին եւ Mubadala Investment Company գործադիր տնօրէն Խալտուն Ալ Մուպարաքը:

Նշեալ համաձայնագիրին առաջին նախագիծը Հայաստանի արեւմուտքը 200 Mwh  հզօրութեամբ հսկայ արեւային ելեկտրակայաններու կառուցումն է։

Հայաստանը մինչեւ 2025 թուականը իր ելեկտրականութեան  30 տոկոսը վերականգնուող աղբիւրներէ ստանալու յանձնառութիւն ունի, եւ ներուժ ունի արտադրելու մինչեւ 1000 Mwh արեւային ելեկտրականութիւն: Այսօր Հայաստան ունի ուժանիւթի շուրջ 2,800 Mwh դրուածքային հզօրութիւն, որ հաւասարաչափ բաշխուած է միջուկային, ջրային եւ ներմուծուող բնական կազէն ստացուող ջերմային ուժանիւթի արտադրութեան միջեւ: