Ասիական Զարգացման Դրամատունը Պիտի Արագացնէ Հիւսիս-Հարաւ Ճամբու Ծրագիրի Իրականացումը

Աշխարհ, Հայաստան

Ասիական զարգացման դրամատունը յայտարարեց, որ հաստատած է Հայաստանի համար երկրի գործընկերութեան նոր 5-ամեայ ռազմավարութիւնը, որ կը միտի տնտեսական բազմազանութեան յաւելման եւ բոլոր հայաստանցիներուն համար տնտեսական աճէն օգտուելու ապահովման:

Ըստ Civilnet.am-ի՝ հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ դրամատունը պիտի արագացնէ Հիւսիս-հարաւ ճամբու ծրագիրի իրականացումը՝ ճանապարհային ցանցի ներդրումներու կայունութիւնը ապահովելու եւ ընթացիկ փոխադրութեան ծրագիրներ իրականացնելու ծիրին մէջ։

Հայաստանի համար 2019–2023 թուականներու երկրի գործընկերութեան նոր ռազմավարութեան ծիրին մէջ դրամատունը յատուկ կարեւորութիւն պիտի ընծայէ հանրային ծառայութիւններու բարելաւման եւ աւելի մեծ տարածաշրջանային համագործակցութեան, համարկման խրախուսման:

Դրամատան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն՝ Փաուլօ Սփանթիկաթին դիտել տուած է, որ այսօր, երբ հայերը իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի աւելի պայծառ ապագայ, «մեր գործընկերութիւնը պիտի աջակցի կառավարութեան՝ առաւել դիմակայուն տնտեսութեան կայացման վերաբերող ջանքերուն: Տնտեսութիւնը բազմաճիւղ դարձնելու եւ մարդկային դրամագլուխին վերաբերող ներդրումներ կատարելու միջոցով մեր ռազմավարութիւնը պիտի օգնէ, որպէսզի բոլոր քաղաքացիները քաղեն շարունակական աճի պտուղները»:

Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ասիոյ հարցերու Ասիական զարգացման դրամատան գլխաւոր տնտեսագէտ Ռաճեշ Վասուտեւան ըսաւ, որ իրենք ներդրում պիտի կատարեն նաեւ երկրի ֆինանսական ոլորտին մէջ՝ աշխատատեղերու հիմնական աղբիւր եւ կառավարութեան համար գերակայ առաջնահերթութիւն հանդիսացող փոքր եւ միջին գործարարութեան աճին օժանդակելու նպատակով։ Ներդրում պիտի կատարուի նաեւ դպրոցներուն մէջ՝ կրթութեան հասանելիութեան ընդլայնման եւ ուսուցման աւելի լաւ արդիւնքներու ապահովման գործընթացին մէջ՝ հայաստանցիներու երկարաժամկէտ գործունէութիւն ապահովելու նպատակով։

Տարածաշրջանային համագործակցութիւնը եւ համարկումը խթանելու նպատակով Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի տրամադրէ ֆինանսական միջոցներ եւ գիտելիքներ՝ աջակցելու տնտեսական միջանցքներու զարգացման եւ սահմանային ենթակառուցուածքներու բարելաւման: Պիտի ստեղծուի Արեւմտեան Կովկասի նոր տնտեսական միջանցք, որուն նպատակն է օգնել Հայաստանին լաւագոյնս օգտուելու իր ռազմավարական դիրքէն՝ որպէս նախընտրելի կապակցող օղակ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:

Յատուկ կրթակարգեր եւ առողջապահական ծառայութիւններ նախատեսուած են նաեւ կիներու եւ աղջիկներու համար, որպէսզի անոնք անհրաժեշտ ուսում ստանան եւ աշխատանք գտնեն։

Ուրուագծուած է նաեւ կայուն աջակցութիւն կառավարութեան ներդրումներուն՝ արհեստագիտութեան մէջ: Հաշուի առնելով Սփիւռքի մէջ 8 միլիոն հայ ունենալու հանգամանքը, կառավարութիւնը բարգաւաճող ներքին արհեստագիտութեան զարգացումը կը նկատէ կապ հաստատելու միջոց արտասահմանի իր քաղաքացիներուն հետ եւ իբրեւ գրաւիչ ճիւղ՝ տուն վերադառնալու ու աշխատելու:

Ասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանի կառավարութեան հետ աշխատելու սկսած է 2005-էն եւ կատարած է 1.46 միլիառ տոլարի վարկեր: 30 Յունիս 2019-ի դրութեամբ դրամատան ներդրումը կազմած է հանրային եւ մասնաւոր հատուածներու համար նախատեսուած  13 վարկեր, որոնց ընդհանուր գումարը կը կազմէ 809.8 միլիոն տոլար: