Ծերակուտական Կրահամ Ցոյց Տուաւ Իր Իսկական Դէմքը Կեղծ Թուրք Նախարարի Հետ Հեռախօսազրոյցին Ընթացքին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Ծերակուտական Լինսի Կրահամ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլինա) տխրահռչակ դարձաւ Պոպ Մենենտեսի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրսի) միջնորդութիւնը արգելափակելու համար, որ կոչ կ՝ընէր Ծերակոյտին քուէարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին օգտին՝ շրջանցելով Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը:

AXIOS լրատուական կայքը յայտնեց, որ 2019 Նոյեմբեր 13-ին, երբ ծերակուտական Կրահամ կը լքէր Սպիտակ տան մէջ նախագահ Էրտողանի հետ տեղի ունեցող հանդիպումը, նախագահ Թրամփի օգնականներէն մէկը խնդրեց իրմէ դէմ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, որ պիտի հաստատուէր Ծերակոյտին կողմէ՝ առանց նախապէս անցնելու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը։ Ծերակուտական Կրահամ AXIOS-ին ըսաւ, որ համաձայնած է արգելափակելու բանաձեւը, «քանի որ ան (Էրտողանը) դեռ կը գտնուի իրենց քաղաքին մէջ․․․․ Ատիկա ոչ յարմար ժամանակ էր: Ես կը փորձեմ փրկել յարաբերութիւնները, եթէ ատիկա հնարաւոր է»: Հարցին, թէ արդեօ՞ք ան անյարմար չզգար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը արգելափակելուն համար, ծերակուտական Կրահամ ըսաւ AXIOS-ին․ «Այո՛, որովհետեւ ես կը հաւնիմ Պոպը (Մենենտեսը)։ Ան երկար տարիներ կ՝աշխատի ատոր վրայ, բայց ես մտածեցի, որ քաղաքին մէջ գտնուող Թուրքիոյ նախագահը, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելին է, քան հանրութիւնը կրնար ընդունիլ»։ Այնուհետեւ ծերակուտական Կրահամ աւելցուց․ «Ես չեմ պատրաստուիր յաջորդ անգամ դէմ ըլլալու»։

Անցեալ ամիս «Փոլիթիքօ» լրատուամիջոցը բացայայտեց, որ ռուս հեռախօսային խուլիկան Ալեքսէյ Սդոլեարովի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին, որ ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ծերակուտական Կրահամ ըսաւ, որ աւելի քան պատրաստ է աշխատելու Թուրքիոյ հետ՝ բարելաւելու անոր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ։

Ծերակուտական Կրահամի խօսնակ Քեւին Պիշոփ հաստատեց «Փոլիթիքօ»-ին, որ ռուս հեռախօսային խուլիկան, իրօք, խաբած է ծերակուտականին․ «Մենք յաջողութեամբ կանխած ենք ծերակուտական Կրահամը եւ գրասենեակը խաբելու շատ փորձեր, սակայն այս անգամ հնարաւոր եղաւ սողոսկել», ըսաւ ան։ «Անոնք յաջողեցան հասնելու այդ բանին»։ Փաստօրէն, ռուս հեռախօսային խուլիկանը առաջին անգամ չէր խաբեր ծերակուտական Կրահամը։

Հակասելով իր հրապարակային յայտարարութիւնները՝ ծերակուտական Կրահամ Թուրքիոյ կեղծ պաշտպանութեան նախարարին ըսաւ, որ համաձայն է Թուրքիոյ դիրքորոշման հետ, որ քիւրտերը «սպառնալիք» են: Կրահամ նաեւ ըսաւ, որ ինքը եւ Թրամփը դէմ եղած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելուն՝ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգը գնելու համար:

Ահա քանի մը հատուած հեռախօսազրոյցէն․

Հեռախօսային խուլիկան․ «Որքան ես կը հասկնամ, նախագահ Թրամփը Ձեզի վստահած է այդ բանակցութիւնները», ըսաւ այն մարդը, որ Կրահամ կ՝ենթադրէր, որ Աքարն է՝ ըստ 16-վայրկեաննոց հեռախօսազրոյցի ձայնագրութեան։

Ծերակուտական Կրահամ․ «Այո՛, կարծես թէ: Թոյլ տուէք Ձեզի ըսելու, թէ ան (նախագահ Թրամփը) ինչ ըսած է ինծի. «Ես չեմ ուզեր պատժամիջոցներ կիրառել մեր դաշնակից Թուրքիոյ դէմ»:

Հեռախօսային խուլիկան․ «Այո՛, բայց ի՞նչ ըսած է նախագահ Թրամփը ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին վերաբերեալ»:

Ծերակուտական Կրահամ․ «Լաւ։ Այսպէս, ան ինծի թելադրեց հեռաձայնել նախագահ Էրդողանին եւ ընել այս առաջարկը․․․ Ես չեմ գիտեր, թէ ինչ կրնամ ըսել Ձեզի, բայց ես ամէն ինչ կ՝ընեմ, եւ նախագահ Թրամփը շատ կարեկցութեամբ կը վերաբերի նախագահ Էրտողանի իրավիճակին, սակայն Քոնկրէսը կարեկից չէ։ Դեմոկրատները ընդհանրապէս չեն կարեկցիր, եւ մենք այստեղ կորսնցուցած ենք քանի մը հանրապետական, երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ: Իսկ Թուրքիան չափազանց արժէքաւոր դաշնակից է վէճի մէջ մտնելու համար»։

Ըստ GQ ամսագրի՝ Յուլիսի սկիզբը ռուս հեռախօսային խուլիկանը զանգահարած էր ծերակուտական Կրահամին թրքական բջիջային հեռախօսով, որ ան գնած էր յատուկ այս առիթով։ Հեռախօսային խուլիկանը ըսած էր Կրահամին, որ ինքը պիտի ծառայէ իբրեւ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ անոր համար շփման կէտ: Ծերակուտական Կրահամ համաձայնած է ետ զանգելու հեռախօսային խուլիկանին Թրամփի հետ խօսելէն ետք։

Ծերակուտական Կրահամ Օգոստոս 12-ին հեռաձայնած է հեռախօսային խուլիկանին եւ պարծենալով ըսած․ «Ես հանդիպեցայ նախագահին եւ հանգստեան օրերը անցուցի անոր հետ։ Մենք երէկ կոլֆ խաղացինք, ճաշեցինք եւ խօսեցանք Թուրքիոյ մէջ գտնուող մեր բարեկամներուն մասին, եւ ես անոր ըսի, որ ցանկութիւնս է փոխել խօսակցութիւնը եւ ձեզի վերականգնել F-35 ծրագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ ստորագրել ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը եւ առաջ շարժիլ նոր ուղղութեամբ, եւ ատիկա այն է, ինչ ան պիտի ուզէ ընել»։

«Իսկ Դուք անոր ըսի՞ք մեր խօսակցութեան մասին», հարցուց հեռախօսային խուլիկանը։

«Այո՛», ըսաւ ծերակուտական Կրահամը․ «․․․մենք կ՝ուզենք աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալ նախագահ Էրտողանի հետ: Անձամբ ես կը հաւնիմ նախագահ Էրտողանը։ Կը կարծեմ՝ նախագահ Թրամփը նոյնպէս կը հաւնի նախագահ Էրտողանը։ Իմ կարծիքով ան ուժեղ մարդ է, եւ մենք պէտք է գործ ունենանք ուժեղ մարդոց հետ: Ուստի, կը կարծեմ, որ յաջորդ բանը, որ պէտք է ըլլայ, այն է, որ երկու նախագահները խօսին իրարու հետ»:

Հեռախօսային խուլիկանը հարցուց, թէ ինչ պէտք է զեկուցէ նախագահ Էրտողանին։

«Ահա թէ ինչ պէտք է ընենք», ըսաւ ծերակուտական Կրահամ: «Թոյլ տուէք այսօր երեկոյեան հեռաձայնելու նախագահին: Ես վաղը կը հեռաձայնեմ Ձեզի, եւ ահա թէ ինչ կը կարծեմ, որ պէտք է ընենք: Մենք պէտք է հեռախօսազանգ ունենանք երկու նախագահներուն միջեւ… եւ ես կը կարծեմ, որ խօսակցութիւնը պիտի ըլլայ․ Դուք կրնաք ըսել նախագահ Էրտողանին, որ ես ողջ հանգստեան օրերերը անցուցած եմ անոր հետ, եւ նախագահը չի փափաքիր պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ։ Անոր կարծիքով ատիկա խենթութիւն է։ Անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա խենթութիւն է։ Մեզի անհրաժեշտ է զայն շրջանցելու ուղիներ գտնել»։

Ծերակուտական Կրահամ ռուս հեռախօսային խուլիկանի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին հաստատեց նաեւ, որ նախագահ Թրամփ անձնական շահագրգռուածութիւն ունի Թուրքիոյ պետական դրամատան նկատմամբ, որ խախտած է ամերիկեան օրէնքները՝ առեւտուր ընելով Իրանի հետ․․․ Ըստ «Պլումպըրկ»-ի զեկոյցին՝ Թրամփ ըսած էր այն ժամանակուայ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընին՝ գլխաւոր դատախազէն խնդրել փակել իրանա-թրքական ոսկիի առեւտուրով զբաղող Ռեզա Զարապի դատական գործը, որ ձերբակալուած էր ԱՄՆ-ի մէջ՝ թրքական դրամատան կեղծ գործարքին մէջ ունեցած դերին համար: Էրտողանը լոպպինկ ըրած էր ԱՄՆ պաշտօնեաներուն՝ Զարապը ազատ արձակելու համար։

Թէեւ հեռախօսազանգերու բացայայտումները ցնցող չեն, սակայն ասիկա անվտանգութեան լուրջ խնդիր է՝ ռուս հեռախօսային խուլիկանը, որ հնարաւոր է կապուած է Կրեմլի հետ, կրնայ իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար խօսիլ Թրամփի մերձաւոր կողմնակից ծերակուտական Կրահամի հետ, որ այնուհետեւ ռուսի ուղերձները կը փոխանցէ նախագահ Թրամփին։ Իսկ յետոյ ծերակուտական Կրահամը ԱՄՆ նախագահի հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը կը փոխանցէ ռուսին։

Յաճախ կ՝ըսեն, որ «քաղաքականութիւնը կը միաւորէ տարբեր հայեացքներու տէր մարդոց»։ Ասիկա այնքան ճիշդ է Թրամփի եւ Կրահամի պարագային, որոնք ոխերիմ թշնամիներէ վերածուած են մտերիմ ընկերներու։ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ընթացքին թեկնածու Թրամփը Կրահամը անուանած է «խենթ», «անխելք» եւ «երբեւէ իմ տեսած ամենայիմար մարդոցմէ մէկը»: Իսկ Կրահամ, իր հերթին, Թրամփը անուանած է «խելագար», «խենթ» եւ «ապուշ»։ Այժմ անոնք մտերիմ ընկերներ են եւ միասին կոլֆ կը խաղան․․․

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը