Ուաշինկթընի Ամերիկեան Պատմութեան Ազգային Թանգարանին Մէջ Պատրաստուեցաւ Հայկական Լաւաշ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ուաշինկթընի Ամերիկեան պատմութեան ազգային թանգարանը օրերս հիւրընկալած էր հայկական խոհանոցին նուիրուած ձեռնարկ մը: «Լաւաշ» անունով գիրքին համահեղինակներ Քէյթ Լեհին, Ջոն Լին եւ Արա Զատեն Սմիթսընեան հիմնադրամի հովանիին տակ ցուցադրեցին, թէ ինչպէս կը պատրաստուին հայկական լաւաշը, ղափաման եւ ժինգեալով հացը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական խոհանոցին մասին գիրքի շնորհանդէսին:

 Այս մասին կը գրէ Ամերիկայի Ձայնը:

Սմիթսընեան հիմնադրամի ներկայացուցիչ Հէյլի Պաթուինի խօսքերով գիրքին շնորհանդէսն ու հայկական ուտեստներու պատրաստումը անցած տարուան Հայաստանին նուիրուած սմիթսընեան փառատօնի շարունակութիւնն է: Հայկական խոհանոցը այս ծրագրի կարեւոր տարրերէն է:  «Այս գիրքը այն առաջին փորձերէն է, որ կը ներկայացնէ հայկական խոհանոցը»,- ըսած է ան:

Գիրքին համահեղինակ Արա Զատեն վստահ է` գիրքը կարեւոր բաց մը կը լրացնէ` ժամանակակից Հայաստանի խոհանոցը աւելի ճանաչելի դարձնելու համար: Հայաստանի մէջ եղած օրերուն ան արձանագրած է զգալի տարբերութիւն Սփիւռքի ու Հայաստանի խոհանոցներուն միջեւ, բացառութիւններէն է, թերեւս, լաւաշը:

«Լաւաշը չափազանց կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական մշակոյթին մէջ: Անիկա առկայ է հայկական իւրաքանչիւր հիւրասիրութեան սեղանի վրայ, ուստի մենք որոշեցինք վերնագրել գիրքը «Լաւաշ»»,- ըսած է Զատեն:

Մէկ այլ համահեղինակ Ջոն Լեհինին հայկական խոհանոցը հրապուրած է իր բազմազանութեամբ: Ան զայն կը բնութագրէ իւրայատուկ ամերիկեան տեսանկիւնէ, սակայն չափազանց համեղ ու ստեղծագործական: Հիմնական գաղափարն այն է, որ քանի մը բաղադրիչներէ հնարաւոր է բազմաթիւ ուտեստներ պատրաստել:

«Չափազանց ուրախ եմ, որ միջոցառմնան ներկայ էին ոչ միայն հայեր, այլեւ այլզգիներ: Յոյս ունինք, որ մեր գիրքը հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ ոչ հայ ընթերցողին»,- շեշտած է Լին:

Իր հերթին Սան Ֆրանսիսկոյէն գիրքին երրորդ համահեղինակը՝ Քէյթ Լեհին, որ նաեւ տարբեր խոհանոցներու մասին գիրքերու հեղինակ է, պատմած է, որ հայկական խոհանոցին ծանօթ է դեռ մանկութենէն իր ամերիկահայ ընկերներու միջոցով: «Միշտ տպաւորուած եղած եմ հայկական հիւրասիրութեամբ», ընդգծած է ան: Վերջինս նախապէս զբաղուած է հայկական խոհանոցի ու ամերիկահայ ինքնութեան հետազօտութեամբ:

2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն ան կը գտնուէր Հայաստան: «Լաւաշ» գիրքին մէջ ներառած է որոշ դրուագներ նաեւ այդ օրերէն:

«Մեր գիրքին մէջ ներառած ենք նկարներ, թէ ինչպիսի տօնակատարութիւն կը տիրէր այդ օրերուն Հայաստանի փողոցներուն մէջ: Մարդիկ ամէն տեղ խորոված կը պատրաստէին փողոցներու մէջ ու կը հիւրասիրէին զիրար: Թէեւ խորովածի բաղադրատոմսը կապ չունի թաւշեայ յեղափոխութեան հետ, սակայն ինծի համար խորովածը կը հաղորդակցուի այս իրադարձութեան հետ»,- նշած է Լեհին:

Նոյն օրը երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացած է «Լաւաշ» գիրքին շնորհանդէսը ու այդ առիթով ընդունելութիւն: Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր են հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար, իսկ նախաձեռնութեան հեղինակները իրենց տպաւորութիւններով կիսուած են հայկական խոհանոցին ու Հայաստանի մասին: