Թրքական Lրատուամիջոցը Հեռացուցած է Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Յօդուածը. Լրագրողը Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած է

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ սովորաբար կը հետապնդուին, նաեւ աշխատանքէ կը հեռացուին շարք մը նիւթերու վերաբերեալ պետութեան դիրքորոշման հակադրուող կարծիք յայտնած լրագրողներն ու գործիչները:

Այս անգամ, սակայն, հակառակը պատահած է: Թուրք լրագրողը աշխատանքէն հեռանալու դիմում ներկայացուցած է լրատուական-վերլուծական կայքի խմբագրութիւն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական թեզերով ժխտող իր յօդուածը հեռացուցած է կայքէն:

Դէպքը պատահած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ հրապարակումներով յայտնի ազատական եւ ընդդիմադիր հայեացքներով «Gazete Duvar» լրատուական կայքին մէջ:

Կայքի գլխաւոր խմբագիր Ալի Տուրան Թօփուզ հեռացուցած է Կիւլկիւն Թիւրքօղլուի «Հայերու տեղահանութիւնը» վերնագիրով յօդուածը` տեղադրելով իր գրած «Ներողութեան գրութիւն. ժխտողականութեան մերժում» յօդուածը:

«Շատ կը ցաւիմ: Շատ դժուար է ամօթս արտայայտելը»,- գրած է գլխաւոր խմբագիրը` բացատրելով, որ իրենց կայքը չ՛ընդունիր ժխտողականութիւնը, իսկ Թիւրքօղլուի յօդուածը հրապարակուած է առանց կարդալու, քանի որ այս օրերուն թողարկող խմբագիրներու պակասի պատճառով երբեմն մշտական թղթակիցներուն յօդուածները կը հրապարակուին առանց ստուգուելու:

«Gazete Duvar-ը ժխտողականութիւնը մերժող մտածելակերպով կ՛առաջնորդուի: Ատիկա կը տարածուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի վրայ: Ես կը հաւատամ, որ մտքի ազատութիւնը մեզի չի պարտադրեր ընդունիլ ժխտումը, աչք փակել ատոր վրայ ու օգնել ատոր տարածման»,- գրած է Թօփուզ:

Իր յօդուածին հեռացումէն ու գլխաւոր խմբագրի ներողութեան գրութեան հրապարակումէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող լրագրող Թիւրքօղլուն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: