Քաթար Չեղեալ Կը Համարէ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Համար Մուտքի Արտօնագրի Պահանջքը

Աշխարհ, Հայաստան

Քաթարի Պետութեան էմիրի դիւանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցով Քաթար գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Քաթարի էմիր Թամիմ պըն Համադ ալ Թանիի առանձնազրոյցը:

Հանդիպման ընթացքին էմիր Թամիմ պըն Համադ ալ Թանին շնորհաւորեց Քաթարի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը` նշելով, որ մեր երկրները հրաշալի յարաբերութիւններ ունին:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց էմիրին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար Քաթար մուտքի արտօնագրի պահանջքի չեղեալ համարելը, ինչպէս նաեւ Քաթարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացման ցուցաբերած գործուն աջակցութեան համար: Նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ մուտքի արտօնագիրներու պահանջի չեղարկումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տնտեսական, մշակութային, գիտական, կրթական եւ յատկապէս զբօսաշրջային կապերու յետագայ խթանման վրայ:

Երկու կողմերը որպէս համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններ` նշեցին առողջապահութեան, կրթութեան, գիտահետազօտական ոլորտները, ինչպէս նաեւ Տոհայի մէջ ուսանելու հնարաւորութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ շատ տպաւորուած է Քաթարի հիմնադրամի գործունէութեամբ: «Սա նաեւ միջազգային կեդրոն է եւ շատ ընդհանրութիւններ ունի զարգացման մեր տեսլականին հետ,— նշած է նախագահ Սարգսեան,— ուստի որոշած ենք ձեւաւորել համատեղ աշխատանքային խումբ` յստակեցնելու համագործակցութեան ուղղութիւնները»:

Նախագահը ընդգծեց գիտական, կրթական, արհեստագիտական ոլորտներու մէջ գործակցութեան մեծ ներուժի առկայութիւնը` այս ծիրէն ներս փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնը Հայաստանի մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու եւ գիտութեան զարգացման ուղղուած` ATOM (Advanced Tomorrow) նախագահական նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ: