Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Գրաւականը Ժողովուրդն Է

Սփիւռք

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմի շրջանին մէջ գործող, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրին օծման եւ բացման 21-րդ տարեդարձը:

Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` հաւատքի պահպանման ու հայապահպանման նուիրուած սրբազան առաքելութեան մէջ:

Սրբազան հայրը օրուան խորհրդածութեան բնաբանը քաղած էր Պօղոս առաքեալի Ա. Կորնթացիս նամակին 14 գլխուն 12 համարէն. «Հետեւաբար դուք ալ, քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն, որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն»:

Բնութագրելով քրիստոնեայ հաւատացեալին ունեցած հոգեւոր պարգեւները` սրբազանը մատնանշեց, թէ մեծագոյն պարգեւն է հաւատքով զինուած շարունակել ներկայ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ` առանց հեռանալու եկեղեցիէն եւ անոր սրբազան առաքելութենէն:

Շարունակելով քարոզը` սրբազան հայրը հոգեւոր պարգեւներու շարքին խօսեցաւ նաեւ մեծագոյն պարգեւին մասին, որ Քրիստոս իր մահէն առաջ թելադրեց իր առաքեալներուն: Այդ պարգեւը սէրն է: «Սէրը աստուածային պարգեւ մըն է, որուն արտայայտութեամբ ցոյց պիտի տանք, թէ մենք Քրիստոսի առաքեալներուն շարունակութիւնն ենք, սակայն այսօր աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնը սկսած է նուազիլ մեր կեանքին մէջ, եւ եթէ մենք իրար չսիրենք, հետեւաբար հեռացած կ՛ըլլանք Աստուածորդիին մեծագոյն պարգեւէն եւ այդ երեւոյթը արդէն իսկ մեզ դէպի մեղքը կ՛առաջնորդէ»:

Ապա անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան` սրբազան հայրը պատմական տուեալներով հաւատացեալներուն վերյիշեցուց Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, շուրջ 600 տարուան վրայ երկարող ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին իբրեւ ժողովուրդ ո՛չ թագաւոր եւ ո՛չ ալ իշխան ունէինք, եկեղեցին առանձին, քրիստոնէական հաւատքի կողքին նաեւ կրցաւ պահել մեր հայկական ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը:

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանը, երբ գաղթօճախներուն մէջ համեստ պայմաններու մէջ կը գտնուէր հայ ժողովուրդը, եկեղեցին առիթ չտուաւ, որ ձուլուինք, այլ սահմանափակ կարողութիւններով կրցաւ ուժեղ հայութեան վերածնունդը ապահովել եւ անգամ մը եւս վերակազմակերպել ժողովուրդը եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներուն շուրջ:

Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, հակառակ եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն, սփիւռքահայութիւնը եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իմաստուն առաջնորդներու շնորհիւ, պայքարեցան գաղութները պահելու եւ զանոնք անխորտակելի հիմքերով կապելու հայրենիքին:

Այս է հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ: Նոյն օրինակով, անցնող 21 տարիներուն ընթացքին գործեցին եւ ծառայեցին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ կեդրոնը` թափ տալով հաւատքի ամրապնդման եւ բարգաւաճման, ճիգ թափելով հայապահպանման եւ ինքնութեան: Անոնք աշխատանք տարին, որ այս շրջանին մէջ հաստատուած հայութիւնը կարենայ մնալ իր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն մէջ: Անցնող 21 տարիներուն ընթացքին եկեղեցւոյ մկրտարանին մէջ հարիւրաւոր քրիստոնեաներ մկրտուեցան, Ս. Խորանին դիմաց հարիւրաւոր նոր հայ ընտանիքներ կազմուեցան, վարժարանին մէջ հարիւրաւոր աշակերտներ վկայական ստացան եւ այսպիսի այլ օրինակներ շատ են տակաւին:

Եզրափակելով քարոզը` սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ ամենակալ Աստուած, որ իր օրհնութեամբ միշտ կանգուն պահէ եկեղեցին ու եկեղեցական այս կեդրոնը` առաւել եւս ծառայելու շրջանի հայութեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ օծման եւ բացման տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով մատաղի օրհնութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ