Հանրային Կարծիքը Շնչահեղձ Դարձնող Խուլերու Խօսակցութիւնը Եւ Անվստահութեան Ճահիճը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան

Համացանցի դարաշրջանը իրաւամբ յեղաշրջած է մեր աշխարհը՝ ո՛չ միայն մարդոց աշխարհընկալման առումով, այլեւ նոյնինքն մարդոց ապրելու, սնանելու, արարելու եւ սերնդագործելու բոլոր առումներով:

Յատկապէս՝ հանրային կարծիքի հունաւորման, քաղաքացիական կենսագործման, հասարակական մասնակցութեան եւ ազգային-քաղաքական զօրաշարժի բոլոր բնագաւառները տեղեկատուական մենաշնորհներէ եւ գրաքննչական հակակշռումի ու իշխանաւորական ճնշումի մեքենայութիւններէն ազատագրելու իմաստով:

Անհետ անցած-գացած եւ վախճանապէս թաղուած են այն ժամանակները, երբ զանգուածային հաղորդակցութեան տպագիր թէ հեռարձակուող միջոցներուն վրայ մենաշնորհ հաստատած «հզօր»-ները կը յաւակնէին իրենց վերապահել լրատուութեան եւ մեկնաբանութեան «աստուածատուր» իրաւունքը:

Հայ իրականութեան մէջ եւս, տակաւին քառորդ դար առաջ, ունէինք թերթեր եւ ձայնասփիւռի կայաններ, որոնք կը գործէին այն ցնորամտութեամբ, որ եթէ լուր մը չտային իրենց թերթով, ձայնասփիւռի կայանով կամ իրենց սկսնակ կապոյտ պաստառով՝ կը հաւատային, որ նման բան իրապէս պատահած չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ իրենց հաւատարիմ ընթերցողները կամ ունկնդիրները ուրիշ աղբիւրէ «ջուր խմելու» սովոր չէին կամ հնարաւորութիւնը չունէին:

Ամէն պարագայի, համացանցային յեղափոխութիւնը վերջակէտ դրաւ այդ ամէնուն:

Որքան ալ մեր մէջ կամ մեծ աշխարհի տարածքին իշխանաւոր ոյժեր տակաւին փայփայեն այն ցնորքը, որ դրամատնտեսական կամ արհեստագիտական աւելի հուժկու եւ անսպառ միջոցներու թէ լծակներու տիրապետողները ի վիճակի են իրենց քարոզած «ճշմարտութեան» անհամեմատօրէն աւելի մեծ զանգուածներ հետեւորդ դարձնելու, այդուհանդերձ պարզ ու անհակակշռելի իրողութիւնը այն է, որ պարզ մարդը՝ հասարակ մահկանացուներս ի վիճակի ենք ծիածանի բոլոր երանգներն ալ քողազերծելու ծածկագիրներու բազմաշերտ խանձարուրէն:

Ուզենք կամ չուզենք՝ կեանքը այս հունով կ՛ընթանայ:

Այսուհանդերձ՝ հայաշխարհի տարածքին դեռ չենք ուզեր հաշտուիլ, որ ճշմարտութիւնը այլեւս ոչ ոքի մենաշնորհն է:

Մանաւանդ չենք ուզեր ընդունիլ, որ սեփական տեսակէտը «վերջնական» կամ «գերագոյն» ճշմարտութիւն դաւանիլը ժամանակավրէպ է մեր դարուն՝ «պարապ վախտի խաղալիք» է վերջին հաշուով:

Ո՛չ ոք զերծ է այդ փորձիչ մոլորանքէն:

Դիտողութիւնը եւ քննադատութիւնը կը վերաբերին բոլորիս:

Ինքնաքննադատական է դիտողութիւնը եւ կ՛ընդգրկէ հայաշխարհի բոլոր հեղինակութիւնները՝ պետականէն մինչեւ հոգեւորական, կուսակցականէն մինչեւ մտաւորական, հասարակական-միութենականէն մինչեւ ակադեմական-մասնագիտական:

Փաստօրէն ջերմաստիճանի մագլցում արձանագրած է հայ հանրային կարծիքը շնչահեղձ դարձնող խուլերու խօսակցութիւնը, որ լրիւ թունաւորած է հայ կեանքը ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի:

Չկայ հանրային շահեկանութիւն ներկայացնող կամ ազգային-քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող որեւէ հարց կամ օրակարգի նիւթ, որուն նկատմամբ հանրային կարծիքը կողմնորոշուելու համար ունենայ տարրական՝ անաչառ լուսաբանութիւններ:

Ընդհակառակն՝ հանրութիւնը դեռ իրազեկ չեղած այս կամ այն իրադարձութեան ու զարգացումին, այսինքն՝ լրատուութեան դեռ չտիրապետած իսկ, արդէն ամէն կողմէ կը ներքաշուի այս կամ այն հոսանքին զօրակցելու ճնշումին ու իրարանցումին մէջ:

Օրինակնե՞ր կ՛ուզէք:

Առէ՛ք պարագան վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին ձերբակալութեան եւ դատավարութեան վերաբերեալ լրահոսին:

Ամէն գնով եւ ամէն բանի համար Քոչարեանը կա՛մ յանցաւոր հռչակելու, կա՛մ անպարտ յայտարարելու բեւեռացուած ու հիւանդագին երկփեղկումէն անդին լուսաբանական բան կը տրուի՞ հանրութեան:

Թերեւս ժամանակ ու համբերելու սիրտ ունեցողը համացանցի վրայ գտնէ առարկայական տեղեկատուութեան կամ իրազեկման անհրաժեշտ տուեալները: Իրապէս ալ դժուար չէ հաստատել, թէ յանցագործութեան հիմնաւոր մեղադրանքի տակ է նախկին նախագահը: Բայց միաժամանակ իրողութիւն է, որ արդարադատութեան ձայնը կը խեղդուի այսօր քոչարեանականներու եւ հակա-քոչարեանականներու ժխորով սաստկացող խուլերու խօսակցութեան ոլորապտոյտին մէջ:

Ուրի՞շ օրինակ: Ահա՛. Արցախի հարցով եւ, աւելի լայն ընդգրկումով, Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան ճակատին վրայ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նախաձեռնած են հակահայ համակարգուած գրոհի՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 296 բանաձեւին հայկական յաղթարշաւը արգելակելու լուրջ օրակարգ դրուած է համաթրքական զինակիցներուն առջեւ:

Թշնամական այդ գրոհը միացեալ ոյժերով դիմագրաւելու համահայկական հրամայականին տէր կանգնելու փոխարէն՝ հականիկոլականներու եւ նիկոլականներու միջեւ ծաւալած եւ արդէն ինքնանպատակ դարձած իշխանութեան աթոռակռիւը հանրային կարծիքին մօտ երկփեղկում կ՛առաջացնէ նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան օրակարգին շուրջ:

«Նիկոլը Արցախը կը ծախէ» կամ՝ «Նիկոլը դարձած է Արցախի հարցին ի նպաստ թուրքերուն ու ազերիներուն ընդունելի տարազ փնտռողը» տիպի վերագրումներով ու մեղադրանքներով եւ, հակադարձաբար, «Քոչարեանն ու Սերժը Ռուսաստանին կցորդ ու լծակից դարձուցին Հայաստանը» հակաքարոզարշաւով՝ մենք փաստօրէն կը մսխենք հայ քաղաքական միտքի ունեցած համերաշխ հասարակութեան արդէն իսկ սուղ պաշարները:

Օրինակները շատ են եւ միտք ու սիրտ խառնելու կը ծառայեն:

Խուլերու խօսակցութեան պատանդ բռնուած ենք այն աստիճան, որ տարրական վստահութիւնն իսկ դուրս քշուած է հայ քաղաքական միտքի ազգային հիւսուածքէն:

Եւ բնաւ ալ պատահական չէր, որ նոր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակման մէջ գտնուող կրթութեան համակարգի բարեփոխումներու նախագիծը մէկ օրէն միւսը յանկարծ յանգէր առճակատման՝ մէկ կողմէ փողոց իջած ուսանողութեան եւ միւս կողմէ կառավարութեան միջեւ:

Անվստահութեան մթնոլորտը այնքան ծանրացած է, որ բողոքի եւ ցոյցերու ձեռնարկած ուսանողութեան ծանրագոյն մեղադրանքներէն, անոնց տրուած կառավարութեան ինքնապաշտպանական թէ հակայարձակողական պատասխաններէն եւ հանրային քննարկման հետամուտ լրատուամիջոցներու եւ մասնագէտներու ամէն կարգի լուսաբանութիւններէն ետք անգամ, հասարակ բոլոր մահկանացուներս ալ չհասկցանք, թէ ճիշդ ի՛նչ է տեղի ունեցածը:

Չհասկցանք, թէ ի՛նչն է «ապազգային»ը կառավարութեան մշակած կրթութեան օրէնքի նախագիծին մէջ:

Չհասկցանք, թէ դասանիւթերու ընտրութիւնն ու հաստատումը բուհերու ինքնակառավարման փոխանցելու կառավարութեան նոր քաղաքականութեան կիրարկումը ինչո՛ւ առաջին հերթին հայագիտական առարկաներու դասաւանդման վրայ կեդրոնացած է:

Չհասկցանք, որ ցուցարարները ինչո՛ւ կրթութեան նախարարին հրաժարեցման իրենց պահանջին վրայ կը շեշտեն, երբ հարցը կառավարութեան առաջադրած կրթութեան օրէնքի նոր նախագիծը ետ քաշելը կամ սրբագրելն է…

Խաղողը ուտելու փոխարէն այգեպանը ինչո՞ւ կը ծեծենք:

Չհասկցանք նոյնպէս, որ վարչապետ եւ նախարար ինչո՛ւ հունէ դուրս կու գան եւ ցուցարարներու հարցականներուն, մտահոգութիւններուն կամ մեղադրանքներուն իրենց լուսաբանութիւնները տալու պահերուն, իրենց կարգին, ցուցարարի պահուածք կը դրսեւորեն՝ նախորդ վարչակարգի փտածութեան համար մեղադրելով բողոքող երիտասարդները:

Ո՛չ, նման անվստահութեան մթնոլորտով եւ խուլերու խօսակցութեամբ կարելի չէ յառաջ շարժիլ: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ողջ հայաշխարհը արժանի են աւելի լաւին՝ լաւագոյնի՛ն:

Թաւշեայ յեղափոխութեամբ մեր ժողովուրդը նոր հորիզոն բացաւ իր այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն առջեւ՝ վերանկախացեալ իր հանրապետութիւնը ազատութեամբ օժտելու եւ հզօրացնելու առաջադրանքով:

Ազատութիւնը չ՛աճիր անվստահութեան ոլորապտոյտին ու անհամերաշխութեան ճահիճին մէջ:

Զգաստացման ահազանգը ո՞վ պիտի հնչեցնէ:

Ահազանգ՝ ընդդէմ սուտի եւ յերիւրանքի մշակոյթով սնանելու անփառունակ վախճանին:

Ահազանգ՝ ընդդէմ ֆաշականութեան հիւանդագին գալարումներուն, որոնց ուշ կամ կանուխ կը դատապարտուի որեւէ հասարակութիւն, որ կ՛առաջնորդուի այն մէկ ու միակ «իմաստութեամբ», ըստ որուն՝ որքա՜ն շատ ըլլայ սուտ լուրը, յատկապէս խոշոր սուտը, այնքան մեծ կ՛ըլլան յաջողութեան հնարաւորութիւնները՝ հանրային կարծիքը առաջնորդելու կուրօրէն… դէպի հաւաքական ինքնասպանութիւն:

Փաստօրէն մատնուած ենք ամէն գնով կառավարութիւն մը տապալելու կամ, հակառակը, քաղաքական ոյժ մը իշխանութեան ղեկին պահելու կործանարար անկումին: Չարիքին աղբիւրը հանրային կարծիքին կլանուած ըլլալն է հայ քաղաքական միտքը ներքին արիւնահոսութեան մատնող մասնակի, այլեւ հատուածական օրակարգով: Իսկ չարիքին յաղթահարումը կը պահանջէ հանրային բաց ու ազատ քննարկումին նուիրագործումը՝ խուլերու խօսակցութենէն ձերբազատումը: