«Անդրանիկ. Մարդը Եւ Ռազմիկը» Եւ «Լեւոն Շանթ. Մարդը Եւ Գործը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 15-ին, «ԱրտԲրիջ» գրատուն-սրճարանին մէջ ներկայացուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի որդիին՝ Վարդգէս Ահարոնեանի երկու նոր հրատարակութիւնները՝ «Անդրանիկ. Մարդը Եւ Ռազմիկը» եւ «Լեւոն Շանթ. Մարդը Եւ Գործը» գիրքերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Շնորհահանդէսին ընթացքին խօսք առին նշանաւոր գրականագէտներ, լեզուաբաններ, պատմաբաններ եւ այլ մտաւորականներ, որոնք արժեւորեցին Վարդգէս Ահարոնեանի հսկայ աշխատանքը՝ երկու մեծանուն հայերուն՝ Անդրանիկի եւ Շանթի կեանքի ցարդ հանրութեան քիչ յայտնի փաստերը։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Ռուզան Առաքէլեան յայտնեց, որ այս գիրքը պզտիկ տուրք մըն է մեր հանճարեղ գրող Լեւոն Շանթի 150ամեակին։ Բոլոր այն յօդուածները, որոնք տպագրուած են Սփիւռքի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ լոյս պիտի տեսնեն։

Անդրադառնալով «Անդրանիկ. Մարդը Եւ Ռազմիկը» գիրքին, արձակագիր, ՀՅԴ անդամ Արտաշէս Շահբազեան նշեց, որ Համազգայինը կը ծրագրէ տպել նաեւ երրորդ՝ «Րաֆֆի» գիրքը. «Հայ ժողովրդին, Հայաստանի հայութեանը վերադարձւում է մի կորած անուն, տաղանդաւոր, ազգային, ազնիւ պետական մեծ գործչի անուն՝ Վարդգէս Ահարոնեան։ Ահարոնեանը բաւական մտերիմ է եղել Անդրանիկի հետ, ինչի մասին կարող է վկայել այն, որ Անդրանիկը մտերիմ է եղել նաեւ նրա հօր՝ Աւետիս Ահարոնեանի հետ, եղել է Անդրանիկի համհարզը, գրագիրը, թարգմանիչը, զօրավարը բազմիցս եղել է նրանց տանը եւ այլն»։

ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքի նախագահ Էդիկ Մինասեան կարծիք յայտնեց, որ բոլորը պարտաւոր են զօրավար Անդրանիկի մասին հրատարակուած որեւէ աշխատանք ներկայացնելու հանրութեան՝ խօսելով զօրավարին թէ՛ մարդկային, եւ թէ ռազմական տաղանդին մասին։ Ըստ անոր՝ գիրքը յուշագրութիւն չէ, այլ տեղեկութիւն է Անդրանիկի կեանքի տարբեր փուլերուն, անոր գործունէութեան, մարդկային տարբեր գիծերուն եւ միաժամանակ զօրավարական տաղանդին մասին։

Գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան՝ նշելով, որ ասիկա այն կազմակերպութիւնն է, որ երբեք չէ կորսնցուցած իր հեղինակութիւնը, որ մեր մեջ պահած է ճշմարտութեան, հաւատքի, սիրոյ սերմը։

Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վաչագան Գրիգորեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու-դոցենտ Վարդան Պետրոսեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու-դոցենտ Սերժ Սրապիոնեան,Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ բանաստեղծուհի Յասմիկ Սարգսեան։