Նախարարը, Պատմութիւնը Եւ Ազգային Արժէքները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վարագ Գեթսեմանեան

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սպորտի նախարար (ԿԳՄՍ) Արայիկ Յարութիւնեանի հաղորդած աղմկայարոյց որոշումն ու անոր հետեւանքով ծայր առած ընդվզումի ալիքը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ պետութեան մը համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ոլորտի մը շուրջ որակական եւ կառուցողական քննարկումներ սկսելու առիթը արագօրէն տեղի կու տայ քաղաքական ցեխարձակումներու եւ թէժացող կիրքերու առաւել հրահրման: Խնդիրը հոս կրկնելու անհրաժեշտութիւն չեմ տեսներ, ոչ ալ կը յաւակնիմ կառավարութեան այս որոշման դրդապատճառները վերլուծելու: Առաջին՝ որպէս համալսարանական միջավայրի հետ մօտէն առնչուող՝ պիտի անդրադառնամ ԿԳՄՍ նախարարութեան սոյն նախագիծին այն մասին, որ կը վերաբերի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն կամ համալսարաններուն միայն:  Տրուած ըլլալով որ պատմութեան (հայոց կամ առհասարակ) դասաւանդման մանկավարժական մօտեցումները կը տարբերին դպրոցներու եւ համալսարաններու պարագաներէն, կը սահմանափակուիմ քանի մը ակնարկներ եւ դիտարկումներ ընելով համալսարաններու վերաբերեալ ընթացող աղմուկին եւ հրաժարականի բողոքներուն մասին: Երկրորդ՝ որպէս պատմաբան, լուսարձակի տակ պիտի առնեմ պատմութեան առարկային եւ դասաւանդման հետ աղերս ունեցող այն կորսուած առիթները, որոնց հասարակական խօսոյթը (discourse) կրնար եւ պէտք էր անդրադառնար, բայց դժբախտաբար ունեցանք այն, ինչ վերը նկարագրեցի:

Անցնող 2-3 օրերուն ընթացքին քննարկումները հիմնականօրէն մնացին մէկ եւ սահմանափակ մակարդակի մը վրայ՝ հակոտնեայ դիքերու վրայ դնելով այսպէս կոչուած «ազգային արժէքների դարպասապահներն» ու այդ արժէքները «խաթարող»ները: Յետ-յեղափոխական Հայաստանի մէջ բազմիցս բարձրացաւ ազգային արժէքներու ընկալման եւ սահմանման հարցն ու ինչպէս ներկայիս՝ շահարկուեցաւ տարբեր նկատառումներով: Հետեւաբար բնական էր, որ վերոյիշեալ որոշման յաջորդած ընդվզումն ալ արագօրէն տեղաւորուէր ընթացող այս «արժէքներու պայքարին» մէջ ինչքան ալ անոնց ձեւակերպումը մնայ անկատար թէ՛ «աջերուն» եւ թէ «ձախերուն» կողմէ:

Բողոքող կողմը, որուն մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ Հայ Յեղափոխական Դանակցութեան (ՀԵՄ)Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը, կը պահանջէ նախարարին հրաժարականը՝ առարկելով, որ այս վերջինիս քայլերը ուղղակիօրէն կը հարուածեն ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը: Միութիւնը կ՛աւելցնէ, որ նոյն ԿԳ նախարարը միլիոնաւոր դրամներ կը տրամադրէ ազգային մշակոյթին չհամապատասխանող ձեռնարկներուն, անտեսելով հայկական մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւնները: Նախարարին հրաժարականը որքան ալ կարճաժամկէտ գոհացում տայ, երկարաժամկէտ կտրուածքով չի կրնար հարցին լուծումը հանդիսանալ մինչեւ այն ատեն, որ երկու հակադիր կողմերուն ելակէտը եւ քննարկման տրամաբանութիւնը կը մնայ սխալ կամ վերոյիշեալ հարթութեան (ազգային-ապազգային) շրջագիծէն ներս: Արայիկի մը փոխարէն վաղը կրնայ յայտնուիլ ուրիշ մը եւ նոյն ձեւով փափաքիլ նման նախագիծի մը գործադրութիւնը: Համալսարանական մակարդակի համար այսօր անհեթեթ է բաւականանալ միայն հարցնելով, թէ արդեօք հայոց պատմութիւնը ուսանողներուն պէ՞տք է, եթէ այս հարցադրման չզուգակցուի այդ պատմութեան ծրագրային կամ առարկայական որակի ու բովանդակութեան խնդիրը, որ այսօր բացակայ է: Ի տարբերութիւն կրօնական հաւատքի, պատմութիւնը վարդապետութիւն մը չէ, որուն միջոցաւ պէտք է սերմանել նախապէս մշակուած կամ ընտրուած այս կամ այն ազգային արժէքը, այլ՝ ան կու գայ վերլուծելու, բազմաթիւ այլ թեմաներու կողքին, թէ տուեալ հասարակութիւնը ինչպէ՛ս կը մտածէ նոյն այս արժէքներուն մասին կամ պարզապէս փորձելու հասկնալ, որ ինչո՛վ պայմանաւորուած են նման արժէքներու ստեղծումը տուեալ հասարակութեան մէջ: Այլ խօսքով, «ազգային արժէքները» նախագծուած կաղապարներ չեն, որոնք պատմութեան պատմուճանին յարմարուելով պիտի հրամցուին ուսանողներուն՝ յուսալով կամ ենթադրելով, որ նման վարժութիւն մը կ՛առաջնորդէ «լաւ հայու» տեսակի բարգաւաճման:

Հասարակական միտքը ապակողմնորոշելու եւ կորսուած առիթներու մէջ իր բաժինը ունի նաեւ կրթութեան նախարարը, որուն արձագանգը ոչ միայն անպատշաճ էր, այլ փակուղիի մէջ դրաւ խնդիրին շուրջ լուրջ քննարկումներ նախաձեռնելու հնարաւորութիւնները: Պատասխանելով ՀԵՄի կողմէն հնչած մեղադրանքներուն եւ բողոքներուն՝ նախարարը Դաշնակցութեան ամբողջ վարքագիծը խնդրոյ առարկայ դարձուց, կոչ ընելով «դուրսի Դաշնակներին» կարգի հրաւիրելու «ներսինները»: Նախ արարը ձախողեցաւ՝ խնդիրը բարձրացնելու այլ հարթութիւն կամ տեղափոխելու այլ դաշտ, որովհետեւ մնաց նոյն այդ ազգայնական հայեցակարգի շրջանակին մէջ եւ խաղարկեց խօսոյթի մը վրայ, որ ի սկզբանէ դատապարտուած էր ուժեղ հակազդեցութեան դուռ բանալու, ինչպէս այսօր ականատես կը դառնանք: Նախարարի այս յայտարարութիւնը քաղաքական հաշուարկային լուրջ սխալ էր, որ իր վրայ հրաւիրեց «նախատինքը» աշխարհասփիւռ Դաշնակցական երիտասարդական միութիւններու, որոնք իրերայաջորդ յայտարարութիւններով նեցուկ կանգնեցան կուսակցութեան հայաստանեան թեւին: Հակառակ անոր, որ առաջարկուած նախագիծին գործադրութիւնը ուղղակի ազդեցութիւն պիտի չունենայ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցի անդամներուն վրայ, նախարարի նման քայլը գերքաղաքականացուց օրակարգային առումով զուտ ներքին խնդիր մը, որ կը կարօտէր միայն մասնագիտական աչալուրջ մօտեցումներու: Նախարարին ելոյթը «կուսակցականացուց» խնդիրին էութիւնը՝ պատճառ դառնալով, որ փորձագիտական կարծիքներու փոխարէն քաղաքական դաշտը ողողուի տեղի կամ անտեղի քննադատութիւններով այնպիսի մարդկանց կողմէ, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն կամ մասնագիտական կապ ունին պատմութեան եւ, ի մասնաւորի, հայոց պատմութեան դասաւանդման հետ եւ իրենց թիւր ընկալումներով կը խոչընդոտեն հարցին շուրջ կարծիքներու առողջ փոխանակումը:

Նախարարութեան որոշումը լաւագոյն առիթն էր պատմութիւնը եւ անոր ընկալումը վար առնելու սրբադասման իր պատուանդանէն՝ իջեցնելով զայն զուտ առարկայական քննարկումի մակարդակին: Դժբախտաբար ցեխարձակումներուն մէջ մոռցուեցաւ տարրական հարցադրումներ դնելու անհրաժեշտութիւնը. այսօր մենք ի՞նչ պատմութիւն է, որ կը դասաւանդենք մեր համալսարաններուն մէջ կամ միատեսակ պատմութեան դասաւանդումը մեզի եւ առհասարակ համալսարանական ուսման համար ընդունելի՞ է: Մինչեւ այն ատեն որ այս խնդիրը ծրագրային կամ բովանդակային քննարկումի հարթութեան վրայ չենք տեղաւորեր, երկրորդական եւ նոյնիսկ անիմաստ է վիճիլ հայոց պատմութեան առարկան ընտրովի կամ պարտադիր դարձնելու մասին: ժամանակավրէպ եւ միջազգային պատմագիտական չափանիշներու եւ մեթոտաբանութեան չհամապատասխանող դասաւանդումը այնքան կործանիչ կամ վտանգաւոր է, ինչքան բողոքներուն կողմէ ահազանգող ազգային արժէքներու եւ նկարագիրի խաթարման վտանգը: Ի տարբերութիւն ԿԳ նախարարի արդարացման փորձերուն, պատմութեան դասաւանդման հարցը համալսարաններու հայեցողութեան թողուլն անգամ պատշաճ լուծում մը չի կրնար հանդիսանալ մինչեւ այն ժամանակ, որ պատմութեան առարկայի որակական քննարկման թեման կը մնայ ստուէրի մէջ եւ առաջնային քննարկման թեման կը սահմանափակուի թեքնիք մանրուքներով:

Նախարարի արդարացման ելակէտը, թէ հայոց պատմութիւնը դպրոցներուն մէջ արդէն կը դասաւանդուի, ուստի եւ համալսարաններուն մէջ անոր դասաւանդումը միայն կրկնութիւն մը պիտի ըլլայ եւ հետեւաբար ընտրովի դարձնելը աւելի նպատակայարմար է, ինքնին վիճելի է:  Համալսարանական մակարդակի մօտեցումը պարտաւոր է հիմնուած ըլլալ շատ աւելի քննական եւ փոխանցուած պատումներու քննադատութեան կամ ապակառուցման վրայ: Այսինքն՝ հարցական է, երբ նախարարի յայտարարութեան մէջ դպրոցական եւ համալսարանական պատմութեան դասերու բովանդակութիւնն ու պատկերացումները կը նոյնանան եւ հետեւաբար համալսարաններուն մէջ անոր շարունակութիւնը լոկ կրկնութիւն մը կը թուի:

Համալսարանական մտածողութիւնը կը դադրի քննական ըլլալէ, երբ պատմութիւնը եւ անոր ընկալումը կը դառնան լոկ ազգային արժէքները հաստատագրելու միջոց մը: Պատմութիւնը մեր ազգային ինքնասիրութիւնը փայփայելու կամ հոգեմտաւոր կազդուրման գործիք չէ: Մասնագիտութիւնս զիս կը մղէ պատմութեան եւ, ի մասնաւորի, Հայոց պատմութեան առարկայի դասաւանդման շարունակումը պահանջելուն հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալ, սակայն ոչ որպէս մեր ազգային զգացողութիւնը կամ հայրենասիրական «մաքառումները» չափորոշելու հարթակ, որուն վրայ այսօր դժբախտաբար կը կառուցուի հասարակական քննարկումը: Կարեւոր է եւ նպատակայարմար, որ (Հայոց) պատմութիւնը մնայ որպէս պարտադիր առարկայ ո՛չ պարզապէս ազգայնական նկրտումներուն համար, այլ որովհետեւ հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) եւ հասարակական գիտութիւնները առհասարակ մարդկային յարաբերութիւններու նրբութիւններն ու հասարակական գործընթացները հասկնալու գործիքակազմը կը տրամադրեն ուսանողին առաւել, քան կարծր գիտական (hard sciences) նիւթերը: Երկրորդ՝ պատմութեան ուսուցումը, եթէ հիմնուած է արդի ժամանակներու մանկավարժական սկզբունքներուն վրայ, կը նպաստէ միտքի եւ մտածողութեան ճկունութեան զարգացման, ինչը համալսարանական ուսումի գլխաւոր առաքելութիւններէն է: Երրորդ՝ պատմութեան քննարկումն ու ընկալումը ինքնին գիտակից քաղաքացիներ պատրաստելու խթան կը հանդիսանայ: Չորրորդ՝ այսօր երբ կարծիքներու բազմազանութիւնը առաւել եւս կը թուի վտանգուած ըլլալ, պատմութեան ուսուցումը կրնայ նպաստել այդ բազմազանութեան գնահատումի բարձրացման եւ հասարակական ճանաչման: Զարմանալի է, որ նախարարութեան կողմէն պատմութեան ինքնին քննամտածողական առարկայ ըլլալու կարեւորութիւնը չընդգծուեցաւ: Նոյնքան զարմանալի է, որ բողոքող զանգուածը, որուն մէջ կը գտնուին համալսարանականներ, աւելի շահագրգռուած է պատմութեան դասերը պահելու համալսարանական գիտական ծրագիրներու մէջ պարզապէս այդ առարկան ունենալու եւ անով «ազգային արժէքները» ամրագրելու համար, առանց որեւէ կերպով հիմնաւորելու այդ առարկային ուսանողական կազմաւորութեան համար ունեցած օգտաշատութիւնը:

Նախարարութեան այս որոշումին դէմ բարձրացող աղմուկը այսօր մեզի պատեհ առիթ կ՛ընծայէ ոչ միայն Հայաստանի մէջ հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւնները վերարժեւորելու եւ վերագնահատելու անոնց կարեւորութիւնը ընկերային միջավայրին մէջ, այլ նաեւ վերամշակելու հայագիտական նիւթերու արդիականացման նոր ծրագիր եւ նոր մեթոտաբանութիւն: Գաղտնիք մը չէ, որ այսօր հայ պատմագրութիւնն ու պատմութեան ներկայ դասաւանդումը կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ, ունին մանկավարժական ընդհանուր վերապատրաստութեան անհրաժեշտութիւն, ինչպէս նաեւ աշխարհամատչելի դառնալու, գիտական շրջանակներէ ընդունուելու եւ համաշխարհային պատմագիտական չափանիշներուն հետ համահունչ ըլլալու խնդիր: Այս բոլորը միայն կարելի կը դառնայ, երբ կը ձերբազատուինք պատմութիւնը հայրենասիրական զգացումներու կշիռք մը գործածելէ եւ «ազգային արժէքներու» ոստիկանութիւնը կատարելու մարմաջէն: Գիտակցինք, որ պատմութեան դասերը լոկ «ազգային արժէքներու» հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը ցուցադրելու համար պահելը աւելի վնասակար է, քան այդ առարկային բացակայութիւնը ընդհանուր ծրագիրէն: Այո՛, այսօր աւելի քան կարիքը կայ հայագիտական առարկաները վերատեսութեան ենթարկելու, բայց ոչ անոնք ուսումնագիտական ծրագիրներէն հանելու՝ այսիպիսով դիւրին ճանապարհը ընտրելով:  Ընդհակառակը՝ այսօր խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ տուեալ առարկաներուն գիտական (scholarly) խորութիւն տրամադրելու, զանոնք խարսխելով նոր մարդուժի եւ մօտեցումներու վրայ:  Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, թէ՛ նախարարին եւ թէ բողոքողներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուող քննարկումը ձեւափոխելու եւ անոր հաղորդելու նոր առանցք մը, որ կը կեդրոնանայ ոչ միայն առարկային համալսարաններէն ներս լոկ ներկայութեան, այլ՝ անոր դասաւանդման որակի բարեփոխման, զարգացման եւ աւելի մրցունակ դարձնելուն վրայ: