RobotexArmenia. Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ինքնաշխատ Մարդ-Մեքենաներու Միջազգայի Մրցոյթը

Այլեւայլ, Հայաստան

Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութիւնը (ԱԱՁՄ) Նոյեմբեր 9-ին պիտի  հիւրընկալէ Robotex Armenia միջազգային մրցոյթը: Այս մասին կը տեղեկացնէ IT trend կայքը։

Մրցոյթին պիտի մասնակցին Արմաթ արհեստագիտութիւններու տարրալուծարանները, ինչպէս նաեւ Robotex միջազգային միաւորման շուրջ 50 անդամ-երկիրներու ներկայացուցիչներ, ոլորտով հետաքրքրուած անհատներ եւ ընկերութիւններ:

Մրցոյթի նպատակն է խրախուսել եւ հանրայնացնել մարդաշինութեան, ծրագրաւորման եւ ձեւաւորման նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Անիկա նաեւ հարթակ է մարդ մեքենաներու շինութեամբ եւ ծրագրաւորմամբ զբաղող երիտասարդներու համար` սեփական հմտութիւնները եւ գիտելիքները ցոյց տալու համար: