Նախագահը Մանսուրեանին Յանձնած է Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններու Համար 1-ին Աստիճանի Շքանշանը

Այլեւայլ, Հայաստան

Նախագահը Մանսուրեանին Յանձնած է Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններու Համար 1-ին Աստիճանի Շքա­նշա­նը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով` երաժշտական արուեստի զարգացման գործին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին եւ ակնա­ռու ձեռքբերումներուն համար մեծանուն երաժշտահան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ Տիգրան Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքա­նշա­նով:

Նախագահական նստավայրին մէջ Սարգսեան այսօր պետական բարձր պարգեւը յանձնած է մեծանուն արուեստագէտին:

Նախագահը շնորհաւորած է Մանսուրեանը` մաղթելով քաջառողջութիւն, ստեղծագործական նոր ձեռքբերումներ եւ անսպառ եռանդ: «Դուք վաղուց արժանացած էք մեր ժողովուրդի սիրոյն: Բայց դեռ ընելիք ունիք. որքան շատ ժառանգութիւն ձգէք, այնքան մենք հարուստ կ՛ըլլանք»,- նշած է նախագահը: