Ցեղասպանութեան Կորուստներու Փոխհատուցման Պահը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վարդան Գաբրիէլեան

Հայկական որեւէ նուաճում ինքնանպատակ չէ, ուստի եւ` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ողջունելի ճանաչումը:

Քաղաքական պահը որսալու հետ մէկտեղ պէտք է ստեղծել քաղաքական նո՛ր պահը, որ մեր` հայերուս պարագային, պէտք է տեղաւորուի շարք մը գերպետութիւններու կամ անոնցմէ մէկուն հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ:

Այս պահուն անկանխատեսելի հետեւանքներով բեմագրութիւնները շատ են, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը կրնայ նոր խաղաքարտ դառնալ տուեալ գերպետութեան համար. ճնշումի եւ սակարկութեան նոր գործիք, այնպէս, ինչպէս որ էր ու կը մնայ Ցեղասպանութեան ճանաչումը որոշ պետութիւններու` Թուրքիոյ նկատմամբ յարաբերութիւններուն մէջ:

Ամերիկեան վերջին ճանաչումէն ետք ու Թրամփ-Էրտողան գալիք հանդիպման որպէս արդիւնք կամ այդ հանդիպման յետաձգման պայմաններու տակ Թուրքիան կը վերադառնա՞յ արդեօք ամերիկեան տրամաբանութեան տարածք ու կը յանձնուի՞ վերջինիս սպառնալիքներուն:

Իւրաքանչիւր դրական կամ բացասական պատասխան ունենալու է իր հետեւանքները Հայ դատի ու Հայաստանի ապագայի վրայ, ուստի համապատասխանաբար պէտք է մշակել կանխատեսումներ ու որդեգրել նախապատրաստական քայլեր:

Եւ ահա այստեղ պէտք է կարենալ հայկական փոխհատուցման պահանջատիրութիւնը ձեւաւորել եւ զայն, կամ առնուազն անոր բաղադրիչներէն մաս մը, ներկայացնել որպէս ճնշման գործիք:

Եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական առեւտուրի վերածելը մեզ խորապէս ու արդարօրէն վիրաւորած է երկար տարիներ, այս անգամ մեր փոխհատուցման պահանջատիրութիւնը պէ՛տք է մտնէ միջազգային յարաբերութիւններու ու շահարկումներու չոր տիրոյթ` ձեւաւորելու համար վաղուան հոգեբանական, քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւաբանական ենթահողը` հանգրուան առ հանգրուան հասնելու մեր պահանջատիրութեան օրակարգի հասունացման ու ամենակարեւորը` հայ-թրքական ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու նպաստաւոր նոր իրավիճակի:

Այո՛, օգտագործել միջազգային յարաբերութիւններու այն պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ու միջոց ի գործ պիտի դնեն Թուրքիան չհեռացնելու ՕԹԱՆ-էն, վերջնականապէս չտանելու եւրասիական խաղադաշտ ու Ռուսիոյ հետ ժամանակաւոր մերձեցումը չամրագրելու ժամանակի մէջ, հասկնալով հանդերձ` որ Թուրքիա կրնայ  հակառակ դիրքորոշում մը որդեգրել` նախորդ դարու քեմալա-պոլշեւիկեան տիպաշարով  անկանխատեսելի ու վտանգաւոր արդիւնքներով: Սա նաեւ, իր կարգին, լուրջ քննարկման առակայ է:

Միացեալ Նահանգներու կողքին եւրոպական երկիրներու մօտ եւս թէ՛ ժողովրդական, թէ՛ լրատուական, եւ թէ քաղաքական, ապա եւ իրաւական մակարդակի մեր փոխհատուցման պահանջատիրութեան արձագանգ գտնելը անհրաժեշտ է եւ հնարաւոր, քանի բազմաթիւ առումներով իրենց շահերուն հետ համընկնող:

Եւ այստեղ է, որ պէտք է շատ արագ ձեւաւորուի պետութիւն – Դաշնակցութիւն (Հայ դատ) – սփիւռք աշխատանքային նոր հարթակ` գնահատելու միջազգային նոր իրավիճակը ու արձագանգելու անոր` մշակելով գործնական քայլեր դերերու ու միջոցներու յստակ ձեւակերպմամբ, հեռու ներքաղաքական անպատասխանատու ու յաճախ պառակտիչ դրսեւորումներէն:

Այո՛, հասած է պահը բանաձեւելու մեր պահանջատիրութիւնը, այս նպատակով ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած աշխատանքային խումբին թղթածրարը լայնօրէն հանրայնացնելու, քննարկման ու խորացման նիւթ դարձնելու, ապա հասցնելու Թրամփին, Մաքրոնին ու Մերքելին` յուսալով, որ նախապէս դրուած ըլլայ ան Փաշինեանի, Սարգսեանի ու Մնացականեանի գրասեղաններուն վրայ: