Հայ Դպրոց Մը Եւս Կը Փակուի…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Լուրը թէ՛ ցաւալի է եւ թէ՛ ալ մեր այս գաղութին համար, եւ նոյնիսկ՝գոյժի համազօր։

Այսպէս, 2006-ին Փասատինայի մէջ ծնունդ առնող եւ իբրեւ նորածին մեզ բոլորս հպարտացնող եւ նոյնքան ալ տարբեր խանդավառութեան մէջ նետող «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանը, այս օրերուն եւ ան ալ օր ցերեկով եւ մեր բոլորի աչքին առջեւ, իր դռները կը փակէ եւ կը դառնայ յուշ։

Իբրեւ գիտակից հայ մարդ, նախ չես ուզեր հաւատալ, որովհետեւ դէպքը տեղի կ՚ունենայ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա կոչուած այս հսկայ եւ հայահոծ նահանգին մէջ, ուր հայութեան թիւը կը գերազանցէ Սփիւռքի այլ շրջաններու թիւերուն։ Ուր նաեւ հո՛ս ապրող հայութիւնը, զանազան առիթներուն կրնայ մէկ գիշերուայ մէջ հանգանակել հազարաւոր, նոյնիսկ միլիոնաւոր տոլարներ, յանուն եկեղացաշինութեան, թանգարանի, հայրենիքի կարօտեալներու զանազան ֆոնտերուն, եւ տակաւին հայ զինուորին եւ երեխային։ Ու շարքը երկար է եւ հպարտալի։

Սակայն, այս մեր հայ վարժարանը իր դռները կը փակէ, որովհետեւ պատասխանատունե-րուն համաձայն, նիւթական դժուարութիւն եւ աշակերտներու թիւի անբաւարարութիւն՝ պատռուակելով։

Ուրեմն կրնանք հետեւցնել, թէ վարժարանի պատասխանատուներուն համար իսկապէս, որ պիւտճէական դժուարին կացութիւն մը ստեղծուած էր։ Մէկ խօսքով՝ դպրոցը մեծածախս էր եւ աշակերտներու թիւն ալ չէր արդարացներ նման դպրոցի մը գոյութիւնը պահելու ճիգը։

Այսինքն՝ արդեօ՞ք յարգելի պատասխանատուները կը կարծէին, որ երկրորդական այս վարժարանը, երբ մեծ ու անսահման հպարտութիւն-խանդավառութեամբ ծնունդ առաւ եւ իր դռները բացաւ դառնալով Փասատինա-Կլէնտէյլ-Պըրպանք քաղաքներէն ներս միակ երկրորդական հայ վարժարանը, պիտի դառնար եկամուտաբեր եւ կամ հասութաբեր կրթա-կան հաստատութիւն մը։ Արդեօ՞ք այսպէս «ճամբայ ելած էին, թէ ոչ…։ Ու չար սատանայ, այս ի՜նչ բախտ։13 տարի ետք, նոյն այդ պատասխանատուները տեսան, որ սխալած էին։ Ուստի որոշեցին «խանութը» փակել» եւ մէջի «ապրանքները» ասոր անոր ծախել։

Առ ի յիշեցում, այս առթիւ կ՚ուզենք անպայման լոյսին բերել, թէ հայը ուր որ ալ գացած է, որ երդիքի տակ ալ ապրած է, իր եկեղեցիի կողքին, իբրեւ հայապահպանման գլխաւոր ազդակ եւ իր յարատեւ գոյութեան երաշխիկի գին ամէն զոհողութիւններու հիմնած է հայ վարժարանը։

Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ հայ ամէնօրեայ, կամ միօրեայ, եւ կալ Շաբաթօրեայ ու Կիրակնօրեայ վարժարանը իւրայատուկ նկարագիր ունեցած է եւ իր հայկակականութիւն բուրող մթնոլորտով զատորոշուած եւ տարբերած է աշխարհի միւս բոլոր դպրոցներէն։ Մէկ խօսքով, դարերէ ի վեր հայ դպրոցը եղած է հայ մարդու միջնաբերդը։ Ոչ մէկ կասկած, որ ան ազգային հող ալ է, ունի յատուկ առաքելութիւն։ Հոն է, որ կը ծաղկին եւ կը ծլին մեր նոր ու մատղաշ սերունդները։ Հայ դպրոցը կը ծառայէ նաեւ հայ դատին։

Նման հաստատումները տարիներով շեփորած ենք։ Այս մասին հին ու նոր գրիչներ մամուլէն եւ բեմերէն կատարած են իրենց յիշեցումները։ Չենք ուզեր կրկնութիւններ կատարել։

Գիտենք եւ տեսանելի է, որ ներկայիս հայ ազգային կեանքէն ներս նահանջ մը կայ։ Նահանջ մը սկսած է ան ալ շատոնց սկսած է։ Որովհետեւ Սփիւռք կ՚ապրինք։ Ու ամէն տեղ սկսած ենք դիմագրաւել ընկերային եւ տնտեսական լուրջ կագնապներ, որոնք մեծ կը հիւծեն։

Նաեւ միւս կողմէ ալ համաշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները կը գործէ եւ մեզմէ «զոհեր» կը խլէ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար, կամայ եւ ակամայ։ Ու համայնակուլ եւ վտանգաւոր այս աղէտին դիմաց մեր միշտ աչքերը յառած ենք մեր դարերու մշակոյթին եւ այդ մշակոյթը պահպանելու կոչուած հայ ուսուցիչին շնորհիւ՝ հայ վարժարանին։ Անոր համար կ՚ուզենք ամէն ձեւով կանգուն պահել մեր հայկական վարժարանները, մեր հաւատքին նման։ Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ դարերէ ի վեր հաւատացած ենք, որ հայ դպրոցը է եւ կը մնայ հայութեան եւ հայ ազգային արժէքներու ամէնէն ապահով եւ վստահելի կեդրոնն ու ուսումնարանը։

Եւ աւելին՝ 1964-ի Սեպտեմբերին, յատկապէս նոյն մեր այս նահանգէն ներս եւ ընդհանրապէս ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, երբ հրաշքի մը նման ծնունդ կ՚առնէր առաջին հայ ամէնօրեայ երկրոդական վարժարանը, համայն հայութիւնը մեծ եւ տարբեր ցնծութիւն եւ երազանք ապրեցաւ։ Տեսլիքի մը իրականութիւնը, եթէ կ՚ուզէք։

Եւ տակաւին՝ որպէսզի այս նորաբաց հայ «մանուկը» իր երթը աւելի հաստատ շարունակէ, նոյն այս վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Ինճէճիքեան, պատիւ իրեն, Ամերիկայի եւ Գանատայի ամբողջ տարածքի գտնուող 16 հայահոծ քաղաքներ ամիսներով «ման» եկաւ, եւ դուռ առ դուռ հայկական իր ամէնօրեայ վարժարանի իր այս հրաշք ծրագիրը ներկայացուց, ծանօթացուց, համոզեց, պարզեց անոր էականութիւնը եւ վերջապէս ու միաժամանակ անոր ապահովեց նիւթական բազմաթիւ խոստումներ կատարող հայորդիներ։ Ու ահա քանի մը տարիներ ետք վարժարանը աւելի հաստատ եւ ապահով ոտքի կեցաւ ու այս օրերուն ալ 12 աշակերտներով սկսող հայ ամէնօրեայ վարժարանը, որ Սրբոց Նահատակաց Երկրորդական վարժարան անունով կնքուած էր, այս տարի 650 աշակերտներով կրթական բարձր ծրագրով ու վարկով, թէ՛ որակով ու թէ՛ քանակով հանրածանօթ դարձած է Ֆերահեան Ազգային Երկրորդական վարժարան անունով եւ որ տարիներէ ի վեր կը վայելէ շրջանի հայութեան գնահատանք ու զօրակցութիւնը։ Չմոռնանք, որ վարժարանը ունի նաեւ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի իր առանձին բաժիններն ալ։

Արդ, այս բոլորէն ետք, յանուն մեր նոր սերունդի հայապահպանման եւ հայակերտումին արդեօ՞ք կարելի չէ օրինակուիլ նման աշխատանքներէն, հայ վարժարանը կանգուն եւ յարատեւ պահելու ազնիւ որդեգրումներէն, ճիգերէն եւ ծրագրումներէն։

Կրկնութեան գնով կ՚ըսենք հսկայ հայահոծ նահանգ մը կ՚ապրինք, նոյնքան նիւթական հսկայ կարելիութիւններով լեցուն։Նորութիւն չէ եւ ոչ ալ գաղտնիք։ Տեսանելի է, որ ամէն շաբաթ կամ ամիս Երեւանէն իրարու ետեւէ արուեստագէտներ եւ երգիչներ այս գաղութը կը վազեն կու գան, «կը հրաւիրուին» եւ «փող շինելու աշխատանքին մասնակից կը դառնան։ Ամօթ չէ։ Իրաւունքնին է։ Բայց այս բոլորը այս գաղութի հաշուոյն, այն գաղութին, որուն հայորդիները ամէն առիթով եւ խուռներամ ներկայ կը գտնուին հանրայայտ, հսկայ թատերասրահներու եւ կամ գազինոներու սրահներուն մէջ։ Եւ աւելին՝ այն գաղութին՝ որ այս օրերուն հայ ամէնօրեայ վարժարան մը նիւթականի եւ աշակերտութեան իր քանակի նուազումին պատճառներով «ստիպուած» իր դռները կը փակէ։

Յիշենք։ 2006-ի Սեպտեմբերին, նոյն այս հայ երկրորդական վարժարանի ծնունդին առթիւ շրջանիս հայ մամուլն ու բոլոր հայութեամբ ապագայով տագնապող հայորդիներ սրտանց մաղթանքներ յայտնեցին։ Ծափ տուին։ Վարժարանի ներքին աշակերտական ձեռնարկներուն եւ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն արձագանգ հանդիսացան։ Օրին զօրավիգ կանգնեցան եւ զօրակցեցան։ Եւ յանուն վարժարանի բարգաւաճման եւ կենսունակութեան՝

իրենց ուժերու ներած չափով ալ նիւթապէս ու բարոյապէս գնահատեցին եւ աջակցեցան։

Բայց այսօր, ահա տխուր եւ նոյնքան գաղութի ամօթալի պատկերը։

Իբրեւ տարիներու հայ ուսուցիչ եւ կրթական մշակ, անձնապէս եւ բոլորին նման, շշմած եմ։ Բայց կը հաւատամ, որ եթէ կամք կայ՝ կայ նաեւ յաջողութիւն։

Որովհետեւ վերջին հաշուով՝ կամենալը, կարենալ ալ է։