Սփիւռքը Կը Նշէ՞ Սիլվա Կապուտիկեանի Ծննդեան Հարիւրամեակը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լիւսի Տէօքմէճեան

Անցած Յունուարին ամբողջացաւ հայ մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակը: Այս առիթով, անցած Օգոստոս ամսուն Հայաստան գտնուելու ընթացքին ժամանակ յատկացուցի կանացի յոյզերու, յոյսերու, սիրոյ ու ցաւերու, հայրենիքի ու անոր խորհրդանիշերու ներբող տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարան այցելութեան:

Թէեւ վերանորոգման աշխատանքներու մէջ, սակայն թանգարանը չէր կորսնցուցած Կապուտիկեանի շունչն ու ոգին: Եւ որովհետեւ նրբազգաց բանաստեղծուհին իր կտակով պահանջած էր բնակարանին ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը պահել նոյնութեամբ՝ ոչինչ աւելցնելով եւ ոչինչ պակսեցնելով, այդպէս ալ կայ: Թերեւս այդ պատճառով է որ թանգարանին մէջ կը գերիշխէ անոր աներեւոյթ ներկայութիւնը: Իսկ թանգարանի ղեկավարութիւնը ստանձնած Տիկ. Արմէնուհի Տեմիրճեանը՝ ազնիւ, սրտամօտիկ եւ ճիշդ տեղին նշանակուած ճիշդ անձ մը, այնքան սիրալիր ընդունելութիւն ցուցաբերեց մեզի եւ այնքան հոգեհարազատ ոճով պատմեց Կապուտիկեանի կեանքի դրուագներէն, որ արդէն սիրելի բանաստեղծուհին շատ աւելի հարազատ դարձաւ մեզի համար:

Սիլվա Կապուտիկեանի տաք սիրտը, անոր հոգին ալեկեծող զգացումները յստակօրէն կարելի է շօշափել իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Միշտ ալ մտածած եմ, որ ան ինչքա՛ն բուռն զգացումներ ունեցած ըլլալու է, որ ա՛յդ ձեւով՝ սրտիդ լարերուն դպչող եւ ներաշխարհդ գրգռող արտայայտող մը եղած է, եւ զանոնք ներկայացնելու տեսանկիւնէն շատ հետաքրքրակական է անոր բանաստեղծութիւնը: Իսկ անոր հայրենասիրութեան մասին կարելի է միայն հպարտանքով խօսիլ. ան շատ գրած է հայրենիքի, հայոց լեզուի ու հայ ժողովուրդին մասին։ Իսկ այս թեմաներով գրելու համար, անմնացորդ սիրով, անզիջող նուիրուածութեամբ եւ անխարդախ հայասիրութեամբ օժտուած պէտք է ըլլայ, որ ուզէ «ապրել ու երգել միայն քո [հայ ժողովուրդ] երջանկութեան, բախտին ի խնդիր»:

Տիկ. Տեմիրճեան մեզի պատմեց նաեւ, թէ ինչպէս Կապուտիկեան, նոյնիսկ յառաջացած տարիքին, կը մեկնէր Արցախ, սահմանապահ զինուորներուն թիկունք կանգնելու, այդպիսով ըլլալով քսաներորդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին ու ճանապարհին ուղեկից բանաստեղծուհին, ազատախոհութեամբ եւ դասական հայրենասիրութեամբ յատկանշուած, իր ուսերուն վերցուցած ըլլալով իր ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատալու հրամայականը, ըսելով՝

Դու՝ հայ բանաստեղծ, ի՛նչ էր որ լինի,
Վերջին զինուո՜րն էլ ընկնի յուսահատ,
Քո ժողովրդի յաւերժութեանը
Չհաւատալու իրաւունք չունես…

Թանգարանի ղեկավարուհիին հետ ուրախութեամբ թարմացուցինք յիշողութիւնները եւ վերյիշեցինք Կապուտիկեանի այցելութիւնները Սփիւռքի հայօճախներ, մանաւանդ՝ Լիբանան: Այդ այցելութիւններէն մին ես արդէն շատ լաւ կը յիշեմ. 1996 թուականն էր, Սիլվա Կապուտիկեան այցելեց Պէյրութ եւ ես օրին, որպէս Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտուհի, պատիւը ունեցայ բանաստեղծուհիին ներկայութեան ասմունքելու իր գործերէն՝ «Հայոց Բարտին»:

Մենք տեսանք նաեւ այն զանազան յուշանուէրները, զորս Կապուտիկեան ստացած էր հայրենի եւ սփիւռքահայ անձնաւորութիւններէ կամ կազմակերպութիւններէ: Իսկապէս որ սիրուած, յարգուած եւ Սփիւռքի մէջ ալ բազմիցս հիւրընկալուած անձնաւորութիւն մը եղած է ան: Իր գրական քսանհինգամեակին առիթով ան իր «Մտորումներ»ուն մէջ թէեւ ըսած է. «Ես քիչ եմ տուել՝ առածիս դիմաց, Քեզ, ի՛մ ժողովուրդ, նուիրել եմ քի՛չ…», բայց ո՛չ, ան իր կեանքն ու ճանապարհը, իր յոյզերն ու ձիրքերը նուիրած է հայ ժողովուրդին, այդ պատճառով ալ հայ ժողովուրդը իր մեծերուն համեմատ դատեց ու դասեց «Գովքը ինձ վրայ տեղաց անձրեւով» խոստովանած անմահանուն բանաստեղծուհին:
Այս բոլորը արժան եւ իրաւ, բայց կար ասոր հակասող տխուր տուեալ մը: Տիկ. Տեմիրճեան ափսոսանքով նշեց, թէ ինչպէս Սփիւռքի մէջ որեւէ կազմակերպութիւն հանգամանօրէն չէր նշած Սիլվա Կապուտիկեանի հարիւրամեակը: Եւ դեռ աւելին. ինք այդ նպատակով անձա՛մբ դիմած եւ առաջարկած էր լիբանանահայ որոշ կառոյցներու, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով մերժած էին իր առաջարկը:
Մտածելով, որ արդեօք Սփիւռքը կը նշէ՞ Սիլվա Կապուտիկեանի հարիւրամեայ յոբելեանը, դուրս եկայ անոր տուն-թանգարանէն, հաւատալով, որ ինչպէս ինք՝ Կապուտիկեանը, իր բախտը կ’օրհնէր՝ աշխարհը թողած ու ծնած ըլլալով Հայաստանի երկնքի տակ, մենք ալ մեր բախտը կ’օրհնենք, որ ունինք Սիլվա Կապուտիկեան անուն անզուգական բանաստեղծուհի մը: