Մուսա Լեռ-Այնճարը Մատակարար Շունչ Ունի Հայաշխարհի Մէջ, Նոյնպէս Ալ Ինք Մատակարար Շունչ Ստանալու Արդար, Արժանի Եւ Հիմնաւոր Կարիքը Ունի. Արմէն Թաշճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

2019 թուականը յատկանշուեցաւ, ի շարս այլ իրադարձութիւններու, Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններով եւ այս առիթով իրագործուած զանազան ողջունելի նախաձեռնութիւններով, որոնք եկան առաւել եւս ամրապնդելու Այնճարին դերն ու արժէքը հայկական իրականութեան մէջ, նաեւ լուսարձակի տակ առնելու այն դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է Այնճարը այսօր:

80-ամեակի ձեռնարկներուն, ցարդ իրականացած ծրագիրներուն Այնճարի դէմ ցցուած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու վերաբերող պատկերացումներուն ու ճիգերուն մասին ամբողջական տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինի ատենապետ Արմէն Թաշճեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւնները ստեղծեցին արտակարգ խանդավառութիւն: Ամբողջ ամրան ընթացքին տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ, որոնք ուշադրութեան առարկայ պահեցին Այնճարը եւ անոր հիմնադրութեան յոբելենական տարեդարձը: Ի՞նչ է ձեր արժեւորումը:

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Նախ պէտք է արձանագրել, որ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի յոբելենական տարեդարձներու նշումները սերունդէ սերունդ փոխանցուած իւրօրինակ աւանդութիւն մը դարձած են, եւ իւրաքանչիւր փուլի, իր շեշտադրումներով հանդերձ, նպատակային հետեւեալ ընդհանրութիւններն ու ուղենիշները կազմաւորած, պահած ու զարգացուցած են:

Ա) Յաղթանակի, ինչպէս նաեւ վերապրումի եւ վերականգնման հաւաքական կենսափորձին կառչելով` զայն արժեւորուած պահել ո՛չ միայն իբրեւ հաւաքական յիշողութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ ներկան ամրապնդելու եւ ապագան ուրուագծելու պատմաքաղաքական դաս.

Բ) Այնճարի ու անոր հաւաքական կեանքի հայեցի եւ հայրենակցական ինքնութիւնը ընդգծելու անհրաժեշտութիւն.

Գ) արժէքային (պատմաքաղաքական, ազգային, գաղափարական, մշակութային, հայրենակցական…) հարուստ ժառանգութեան մը փոխանցումը նորահաս սերունդին.

Դ) այս բոլորին ընդմէջէն ազգային պահանջատիրական մեր երթի յանձնառութեան վերանորոգումը` նո՛յն պահանջատիրութեան հնոցներէն մէկը մնալու հաստատակամութեամբ.

Ե) Մուսա Լեռ-Այնճարի դերի ու դիրքի վերարժեւորումը` գաղութային եւ համահայկական առումներով.

Զ) լիբանանեան հայրենիքի մէջ Այնճարի հաւաքականութեան պարկեշտ քաղաքացիութեան եւ շրջապատի հետ համակեցութեան տիպար օրինակին ներկայացումը:

Ներկայացում` նաեւ Այնճարի զբօսաշրջային, կենսոլորտային, երկրագործական, քաղաքաշինական եւ մշակութային արժանիքներուն` լիբանանեան մակարդակով:

80-ամեակի նշումն ալ փորձեց ծառայել վերոնշեալ նպատակներուն` առաւել կամ նուազ չափով. ջանադիր եղաւ բաւարարելու այս ուղենիշները: Յոբելենական մարմինը յանձնառութեան տակ դրուած էր յունուարի աւարտին եւ նախապատրաստական կարճ միջոցի մը ընթացքին հովանաւորեց եւ իրագործեց 13 ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ: Ծրագիրի կազմաւորման համար Այնճարի մէջ գործող միութենական եւ համայնքային միաւորները համախմած եւ յոբելենական մարմինի կազմակերպած խորհրդակցական հանդիպումէն յառաջացած առաջարկներու կարեւոր չափ մը ընդգրկուեցաւ վերջնական ծրագիրին մէջ: Որոշ առաջարկներ վերապահուեցան յառաջիկայ փուլին: Պէտք է ըսել, որ հերոսամարտի 100-ամեակի եւ գիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակի նշումը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական ներկայացուցչութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ ոգեւորիչ ներկայութեան, արդէն իսկ առաւել պարտաւորեցնող դարձուցած էր 80-ամեակի փուլը: Այսինքն, 75-ամեակէն ետք, յանձնառութեան առումով, տարբեր բեռ մը կար 80-ամեակի յոբելենական տարուան համար` կարողականութիւն կուտակելու, նոր թափ հաւաքելու եւ դրսեւորելու ուղղութիւններով` ընդհանրապէ՛ս եւ 75-ամեակէն ծնած որոշ խոստումներ, ծրագիրներ եւ պատկերացումներ իրագործելու` մասնաւորաբա՛ր:

Ասկէ մեկնած` պէտք է արձանագրել, որ 75-ամեակի մարմինին կողմէ նախագծուած ու կազմաւորուած որոշ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ, անհրաժեշտ վերանայումներով եւ պատշաճեցումներով, իրենց բնական շարունակութիւնը եւ ամբողջացումը գտան 80-ամեակին, ինչպէս` թանգարանի ծրագիրն ու երգարանի հրատարակութիւնը: Մեզի համար կարեւոր էր շարունակութեան ապահովումը եւ հետեւողական ըլլալը այս գծով: Յոյսով ենք, որ յառաջիկային ալ շարունակականութեան այս սկզբունքը կը պահպանուի:Այս բոլորին իր բծախնդիր հետեւողութիւնը ունեցաւ եւ անսակարկելի յենարանը հանդիսացաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն:

Իրագործուած ձեռնարկներու եւ ծրագիրներու վերաբերեալ ընդհանրական խանդավառութիւնն ու գոհունակութիւնը շօշափելի են արդէն: Գօտեպնդիչ էր Մուսա Լեռէն, հայրենիքէն եւ արտերկրի մուսալեռցիներու մտերմիկ ու հարազատ համախմբումը, ինչպէս նաեւ զօրակցական մեծաթիւ ներկայութիւնը Պէյրութի մեր հայրենակիցներուն, յատկապէս` տօնակատարութեանց եզրափակիչ շաբաթավերջին:

Ճիշդ պիտի չըլլայ առանձնացնել որեւէ իրագործուած ձեռնարկ կամ ծրագիր, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն դերը ունեցաւ եւ իր արժանաւոր հետքը ձգեց. սակայն համընդհանուր խորհրդանշային առումով, ոգեւորիչ էր ժամացոյցի աշտարակին վերականգնումը եւ ազգագրական թանգարանին շինութիւնն ու հաստատումը: Հոս կ՛ուզեմ նկատել տալ, որ թանգարանը յատուկ հետեւողութիւն կ՛ենթադրէ` համալրուելու, կատարելագործուելու եւ թանգարանի ժամանակակից չափանիշներու հետ քայլ պահելու առումներով:

Այս անհրաժեշտութեամբ է, որ անիկա մնայուն հոգածութեան եւ հետեւողութեան առարկան պիտի դառնայ խնամակալ մարմինի մը կողմէ: Մինչ այդ, շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել այն բոլոր մասնագէտներուն, որոնք իրենց սիրայօժար խորհրդատուութիւններն ու ցուցմունքները կատարեցին թանգարանի շինութեան եւ հաստատման ընթացքին:

Այս առթիւ, առանձնապէս երախտապարտ ենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` 80-ամեակի եզրափակիչ տօնակատարութեանց իր հովանաւորութեան համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական հոգեւոր տէրերուն, առաջնորդ սրբազան հօր, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, պետական եւ ազգային իշխանութեանց, ինչպէս նաեւ` համահայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, ազգային բարերարներ` Ալեքօ Պէզիքեանին եւ Կայծակ Զէյթլեանին, պաշտօնական մեր բոլոր հիւրերուն` իրենց զօրակցական վերաբերումին համար:

Վերջապէս, կը շնորհաւորենք Այնճարի մեր համայնքային եւ միութենական բոլոր միաւորները` 80-ամեակի ձեռնարկներուն իրենց ջանադրութեան, ներդրումին եւ աշխուժ գործակցութեան համար:

«Ա.».- Ի՞նչ տուեալներու հիմամբ է, որ պէտք է վերարժեւորուի Այնճարի տեղն ու դերը գաղութային, սփիւռքեան եւ համահայկական առումներով:

Ա. Թ.- Սփիւռքի մէջ Այնճարի հայկական ու հայախօս միակ գիւղը ըլլալու հանգամանքը անոր մէկ առանձնայատկութիւնն է: Այս առանձնայատկութեան առանցքին շուրջ այլ առանձնայատկութիւններ ալ կարեւոր են:

Նախ պէտք է ըսել, որ այս առանձնայատկութիւնը նաեւ կը բաժնեկցի Քեսապը, թէեւ` նուազ աստիճանաչափով,յատկապէս` Սուրիոյ վերջին տագնապին բերումով:

Այնճարի առանձնայատկութիւնը կը բազմապատկուի հետեւեալ իրողութիւններով.

Ա) Այնճարը կը ներկայացնէ արեւմտահայ հայրենահանուած այն մասնիկը, որ իրերայաջորդ սերունդներով համախումբ կեանք ունի իր նոր բնակավայրով:

Բ) Այնճարը նաեւ արեւմտահայ այն հատուածն է, որ մնացորդաց մը կը պահէ իր բռնագրաւուած բնօրրանին մէջ. Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի մնացորդացը, որ հակառակ իր փոքրաթիւ ըլլալուն` համայնական վիճակ մը կը ներկայացնէ:

Գ) Այնճարը արեւմտահայ սփիւռքի այն հաւաքականութիւնն է, որ ունի իրմէ սերած հայրենաբնակ հատուածներ, որոնք համախումբ կեանք մը կը պահեն Մուսա Լերան համանուն աւանի մէջ, կարեւոր մաս մը հայրենակցական պատկանելիութեան ապրումներով եւ կապերով` Էջմիածինի մէջ եւ տարտղնուած մաս մըն ալ` Վանաձոր:

Դ) Այնճարը ունի իրմէ սերած առանձին գաղութներ` Ամերիկայէն Քանատա, Ֆրանսա եւ Աւստրալիա:

Այնճարի այս «գաղութներն» ալ, համեմատական առումով, համախումբ կեանքի երեւոյթներ կը պահեն:

Ե) Այնճարի համախումբ կեանքը տակաւին կը պահէ հայրենի տոհմական տարրեր` բարբառ, սովորութիւններ, գիւղական որոշ կենսակերպ:

Այս առանձնայատկութիւնները Այնճարի ամրակայման կարելիութիւններ եւ գրաւականներ են: Եթէ կ՛ուզէք` ուժի աղբիւրներ: Միշտ կարեւոր է սակայն, որ այս ուժի աղբիւրները ներդաշնակ գործեն եւ կարելի հաղորդակցական աշխուժութիւնը ունենան:

Արդարեւ, առանձնայատկութիւններու այս հանգամանքը յաւելեալ պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան տակ կը դնէ Այնճարը,

Նախ

1) Հայրենակցական-մշակութային միասնական դաշտ պահելու առումով,

2) միասնական դաշտ ստեղծելու եւ պահելու հաւաքական յիշողութեան պահպանման տեսակէտէ,

3) այս երկուքին հիմամբ պահանջատիրական դիմագիծ, կեցուածք եւ երթ ձեւաւորելու,

4) համահայկական օրակարգ իւրացնելու եւ տարածելու սփիւռքի եւ հայրենի տարածքներուն:

«Ա.».- Հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի նշումը առիթ է նաեւ անդրադառնալու տարբեր բնագաւառներու մէջ հայաւանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին: Շօշափուող ի՞նչ հեռանկարներու մասին կարելի է նաեւ խօսիլ:

Ա. Թ.- Գոյատեւման առումով, եթէ ոչ անպայման եւ անմիջականօրէն քաղաքական ու տնտեսական անկայունութիւնը, բայց մանաւանդ հրատապ կերպով` ապահովակա՛ն կայունութիւնը կարեւոր գրաւական է, ինչպէս Այնճարի, այնպէս ալ միջինարեւելեան գաղութային բոլոր մասնիկներու պարագային, յատկապէս երբ շրջանը «կառավարելի քաոս»-ի գօտիին մէջ յայտնուած է:

Այս հարցը մնայուն ուշադրութեամբ եւ հոգածութեամբ կ՛ապահովուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետապնդած քաղաքական ուղեգիծով եւ իր մշակած յարաբերակարգով` համալիբանանեան եւ տեղական մակարդակներու վրայ: Սակայն, կիրքերն ու ծայրայեղականութիւնը, այնպէս, ինչպէս ընթացք առին սուրիական վերջին տագնապի մէկ զգայուն հանգրուանին, առիթ չեն ընծայեր նաեւ քաղաքական յարաբերութիւններուն: Այս պարագային ե՛ւս, Այնճարը ունի իր կազմակերպական ունակութիւնն ու կենսափորձը:

Յամենայնդէպս սուրիական տագնապը այս փուլը շրջանցած է. տագնապ մը, որմէ ազդուեցաւ Լիբանանը, յատկապէս` անոր սահմանային գօտին:

Սուրիական տագնապէն անկախ ալ Այնճարի հողային ամբողջականութիւնը համայնքային նկրտումներու` ախորժակներու թիրախ է` 90-ականներու վերջին տարիներէն սկսեալ մասնաւորաբար:

Սակայն այս հարցն ալ կարելի դարձած է իրաւական հարթութեան վրայ տեղափոխել: Իրաւական հարթութեան վրայ ալ այս հարցը սառած հանգամանք մը կը պարզէ:

Այնճարի հողային ամբողջականութեան եւ անկէ մեկնած` անոր հայեցի դիմագիծին վնասող մարտահրաւէր է նաեւ հողավաճառքի հարցը, որ ընկերատնտեսական դժուարութեանց պատրուակը ունի:

Արձանագրուած որոշ իրողութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ քողարկուած, բայց շօշափելի միտումներու առկայութեան, այս առթիւ անհրաժեշտ է զգօնութեան հրաւիրել մեր այն հայրենակիցները, որոնք տնտեսական տարբեր պատճառներով հողավաճառքի կը դիմեն, որպէսզի զգուշանան հայանուն, սակայն անծանօթ վաճառականներէ, ինչպէս նաեւ` բացայայտուած դաւադիր միջնորդներէ:

Այնճարի մէջ օտարի հողավաճառքը դատապարտումի հաւաքական ամուր կեցուածք ունի: Դատապարտումի այս հաւաքական, համագիւղական կեցուածքը անհրաժեշտ է, որ օժտուի նաեւ հաւաքական զգօնութեամբ:

Այստեղ, պէտք է ըսել, որ հողավաճառքի հարցը շրջահայեաց հետեւողութեան կ՛ենթարկուի եւ, այս առումով, կանխման եւ դիմադրողականութեան որոշ մեքանիզմներ կը բանեցուին պատկան մարմիններու կողմէ: Այս դժուար ջանադրութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ առօրեայ լարում, որոշ հնարաւորութիւններ եւ լծակներ` անկախ հաւաքական դատապարտումի համագիւղական կեցուածքէն ու որոշումէն, որոնք գլխաւոր յենարաններն են այս հարցը դիմագրաւելու: Դատապարտումի եւ զգօնութեան այս ճակատն է, որ պիտի չէզոքացնէ այս գետնի վրայ նահանջի բոլոր տրամադրութիւնները` իրենց պատճառաբանուած բոլոր հիմնաւորումներով հանդերձ: Համոզուած ենք, որ ներազգային այս ճակատի ամրապնդումով է, որ մեր հաւաքական կեանքը վտանգող եւ կրծող բոլոր մակաբոյծները պիտի մեկուսացուին եւ ի վերջոյ չքանան: Այնճարի հաւաքական կեանքի ներկայի եւ ապագայի ընդհանրական շահերու գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց պինդ ու համախմբուած պաշտպանութեամբ միա՛յն կը կծկուին եւ կ՛ամլանան պատեհապաշտ ու օգտապաշտ անհատական բոլոր տեսակի նեղմտութիւնները:

Այս հարցի առնչութեամբ, ամփոփելով` ըսեմ, որ հաւաքական զգօնութեան յաւելեալ կարիք կայ, բայց ահազանգային վիճակի մը գոյութեան մասին պնդումները հեռու են իրականութենէն եւ երբեմն արհեստածին` խուճապային տրամադրութիւններէ դրդուած կամ այլապէս:

Սուրիական վերջին տագնապէն ետք ինքզինք զգացնել տուող իրողութիւն մըն է նաեւ վարձուոր սուրիացի գաղթականներու ներկայութիւնը գիւղէն ներս` հակառակ պատկան մարմիններու յորդորներուն եւ որդեգրուած որոշ միջոցառումներուն:

Այս իրողութեան տարողութիւնը այնպիսին չէ, որ էապէս ազդած ըլլայ գիւղի հայեցի դիմագիծին եւ անոր ջախջախիչ միատարրութեան վրայ, բայց եւ այնպէս մտահոգութեան, ուշադրութեան եւ հետեւողութեան ենթակայ պիտի մնայ: Հարցը համալիբանանեան տարողութիւն ունի, եւ տնտեսական կարիքներէ յառաջացած երեւոյթ է, սակայն մեզի համար տնտեսական կարիքը այլ անհրաժեշտ պայմաններու պէտք չէ խաչաձեւէ:

Այստեղ առիթը յարմար կը նկատեմ եւ ինքզինքիս թոյլ կու տամ` յորդորելու քաղաքաբնակ մեր հայրենակիցներուն, որոնք ամառնային իրենց հանգիստին եւ արձակուրդին համար կ՛ընտրեն Լեռնալիբանանի շրջանները, երբեք մտահան չընեն Այնճարը` իբրեւ հանգիստի յարմարաւէտ շրջան, օժտուած` տարբեր առաւելութիւններով, բայց մանաւանդ` հայ կեանքով: Այսպէս, անոնք նաեւ օգտակար կ՛ըլլան Այնճարի տնտեսական աշխուժութեան:

Ընկերատնտեսական դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները շատ են, եւ Պեքաայի պարագային, աւելի կը ծանրանան: Գործի առիթներու սահմանափակ ըլլալը դժուար կացութեան կը մատնէ երիտասարդութիւնը: Միւս կողմէ` տակաւին բանուկ չէ Սուրիոյ վերաշինութեան միջազգային ծրագիրներու գրաւը: Ծրագիրներ, որոնց կառավարման թէ պատրաստութեան կեդրոնը կը նախատեսուի Պեքաայի դաշտավայրը նկատի ունենալ: Հաւանաբար այս մէկը յաւելեալ քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան կը կարօտի…

Գիւղի կոմիտէն, քաղաքապետութեան հետ միասին, ձեռնարկած եւ արդէն իսկ իրականացուցած է հանրօգուտ տարբեր ծրագիրներ, մասնաւորաբար` վաճառատուներու կեդրոններու հաստատում, զբօսաշրջային կարելիութիւններու ընդլայնում եւ այլն…

Կրթական կեանքը բաւականին աշխուժ է. մեր շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը համալսարանական ուսման կը հետեւի` ի գին տարբեր զոհողութիւններու:

Հիմա, որ լիբանանեան տարբեր համալսարաններ Պեքաայի մէջ իրենց մասնաճիւղերով ներկայութիւն են, խիստ փափաքելի պիտի ըլլար մեր հայկական միակ համալսարանին գոնէ որոշ մասնագիտութեանց ճիւղաւորումը կամ հաստատումը Այնճարի մէջ:

Այնճարը խիստ յարմարաւէտ եւ գրաւիչ միջավայր է համալսարանական կեանք պարփակելու: Այսպէ՛ս, գիւղի կեանքը նաեւ տարբեր որակներ կ՛ընդունի: Այնճարը յարմարաւէտ միջավայր է նաեւ առողջապահական հիմնարկներու կամ հիւանդանոցի ծրագիրներ գրաւելու, թէեւ Այնճարին քիչ մը մօտիկ նման հիմնարկներ եւ հիւանդանոցներ կան:

Կարեւոր խնդիրներ են նաեւ Այնճարի երկրագործական արտադրանքի եւ գիւղամթերքի շուկայ արտահանման նպաստաւոր կարելիութեանց ստեղծումը:

Այնպէս որ, ընկերատնտեսական խնդիրներն ու մարտահրաւէրները բազմազան են…

Իբրեւ ամփոփում` հետեւեալը կրնամ ըսել.

Ինչպէս որ Մուսա Լեռ-Այնճարը մատակարար շունչ ունի հայաշխարհի մէջ, նոյնպէս ալ ինք մատակարար շունչ ստանալու արդար, արժանի եւ հիմնաւոր կարիքը ունի:

Հայաշխարհը տէրը պէտք է ըլլայ Մուսա Լեռ- Այնճարի եզակիութեան, որովհետեւ անոր ամրապնդումով առաւել ամրապնդուած պիտի ըլլայ սփիւռքի հայեցի ինքնութիւնը եւ պահանջատիրական մէկ կարեւոր դիրքը: