Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 28-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց «Նատի Հալէպ» կեդրոնէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Սրահէն ներս հրաւիրեալները պաշտօնապէս ընդունուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանին կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 28-ամեակի հանդիսաւոր յիշատակութեան ներկայ էին Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարը, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի առաջին քարտուղարը, Հալէպի Նահանգապետը, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպիսկոպոս Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի Քրիստոնեայ համայնքապետներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Երեկոյին ներկայ էին նաեւ հիւպատոսութեան անձնակազմն ու Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը:

Սրահէն ներս հիւրերը ընդունուեցան դասական երաժշտութեամբ, կատարողութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կոմիտասի անուան սենեկային նուագախումբի անդամներէն կազմուած լարային քառեակին:
Ընդունելութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով:

Այս առիթով խօսք առաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ.

«28 տարի առաջ վերականգնուեցաւ ժողովուրդի մը գոյապայքարի աննկարագրելի, խորախորհուրդ իրականութիւնը: Սոյն պատմութիւնը գրողը մենք ենք՝ հայ ժողովուրդը, որ իր պատմական ընտրութիւնը կատարեց եւ Հայաստանի ներկայ տարածքին վրայ հռչակեց Հայաստանի անկախ պետականութիւնը, արտայայտելով իր ազատ ու անկախ ապրելու կամքը»:

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ հիւրընկալ ժողովուրդին, որ 1915-ին ընդունեց Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած ցեղասպանութենէն մազապուրծ բազմահազար հայերը իր հողին վրայ: Հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ գտնուող սակրաւորներու խումբին կատարած գործունէութիւնը երկու ժողովուրդներու փոխադարձ սիրոյ արտայայտութիւնը անուանեց: Ապա ան ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահը, որ առիթ ընծայեց համատարած Սուրիան մեր հայրենիքը դարձնելու:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՀ անկախութեան 28-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումը:

Ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ շնորհաւորանքներ փոխանակեցին եւ պայծառ ապագայ մաղթեցին Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ընդունելութեան լրատուութիւնը կատարուեցաւ տեղական եւ հայ լրատումիջոցներու կողմէ: