«Թուրքիան Ինչո՞ւ Մենատիրական Է» Գիրքի Ներկայացում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եղիա Թաշճեան

Այս յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ «Թուրքիան ինչո՞ւ մենատիրական է» («Why Turkey is authoritarian?») գիրքին, որուն հեղինակն է Հալիլ Քարաւելի:

Գիրքը կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ մենատիրական կարգերուն, հանրապետութեան ծնունդէն` 1923-էն մինչեւ Էրտողանի իշխանութիւնը: Հեղինակը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շարժումները ճնշուեցան, եւ այդ ճնշումին պատճառով Թուրքիոյ մէջ բազմակարծութիւնը արգիլուեցաւ, եւ հիմը դրուեցաւ մենատիրական կարգերու:

Հակառակ անոր որ միշտ ալ կը կարծենք, թէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, մասնաւորապէս պատմա-քաղաքական տեսանկիւնէն մեկնած, բաւական ուսումնասիրած ենք, սակայն երբ անձ մը խորանայ այդ երկրի պատմութեան մէջ, կը բացայայտէ, որ կան բազմաթիւ նիւթեր, որոնք պէտք է արծարծուին մեր կողմէ: Օրինակ` ինչո՞ւ Թուրքիան միշտ ալ ունեցած է մենատիրական կարգեր, ինչո՞ւ Հայկական հարցը թապու կը նկատուի թուրքերուն համար, եւ ինչպէ՞ս վերջին տասնամեակին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած ձախ եւ ազատական-ժողովրդավար շարժումները անհետացան:

Ինծի համար հետաքրքրական է գիրքին այն բաժինը, ուր կը ներկայացուի Աթաթուրքի կողմէ թուրք համայնավարներու սպանութիւնը Տրապիզոնի մէջ: Մինչ Մուսթաֆա Քեմալ համաձայնութիւն կը կնքէր Խորհրդային Ռուսիոյ հետ, միաժամանակ ան հրաման կու տար արտաքսելու կամ սպաննելու թուրք համայնավարները: Հեղինակը կ’ուսումնասիրէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մեր ժողովուրդի հողերու եւ գոյքերու բռնագրաւումի հարցը: Այդ հողերն ու գոյքերը անցան իսլամական վագըֆին ձեռքը,  եւ ասիկա հետագային հիմնական պատճառներէն մէկն էր, որ Աթաթուրք լուծէր վագըֆները եւ հայերուն ամբողջ հարստութիւնը փոխանցէր պետութեան: Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ունէր նաեւ տնտեսական կողմ եւ ոչ թէ միայն քաղաքական հարց մըն էր, որ մենք կը կապենք յատկապէս համաթուրանականութեան: Հայ ժողովուրդին անշարժ գոյքերը եւ դրամագլուխը հսկայ ներդրում ունեցան օգնելու Օսմանեան կայսրութեան` պայքարելու համաշխարհային պատերազմին ընթացքին: Այս նոյն դրամագլուխը, որ անցած էր երիտթուրքերուն ձեռքը, աւելի ուշ գործածուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալին կողմէ, այսպէս կոչուած, «անկախութեան պատերազմ»-ին ընթացքին, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան ստեղծման նպատակով:

Քարաւելիի վերլուծումը նաեւ հիմնուած է դասակարգային պայքարի վրայ: Ըստ հեղինակին, ձախակողմեան շարժումներու միջեւ պառակտումը, անոնց անհանդուրժողականութիւնը քրտական հարցին նկատմամբ եւ Թուրքիոյ մէջ բանուորներուն միջեւ գործակցութեան բացակայութիւնը մղեցին ազգայնամոլ կամ կրօնամոլ շարժումները յառաջ քշելու իրենց դատը եւ պաշտպան կանգնելու միջին դասակարգի շահերուն` անտեսելով բանուորներուն պահանջները:

Վերջապէս, «Թուրքիան ինչո՞ւ մենատիրական է» գիրքը կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական յաջորդական յեղաշրջումներուն, եւ թէ ինչպէ՛ս Էրտողան իր կուսակցութենէն վտարեց չափաւորականները, բանտարկեց քիւրտ քաղաքական գործիչները եւ ճնշում բանեցուց ձախակողմեան ու ազատական շարժումներու վրայ:

Yeghia.tash@gmail.com