Ճոն Պոլթըն Պաշտօնազրկուեցաւ

Աշխարհ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն Սեպտեմբեր 10-ին պաշտօնազրկուեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ, որ գրեց, թէ «Սպիտակ տունը այսուհետեւ պէտք չունի անոր սպասարկութիւններուն»։

Իր կարգին, Պոլթըն յայտնեց, թէ ինք մէկ օր առաջ արդէն իսկ հրաժարած էր պաշտօնէն։

Կը հաղորդուի, որ Պոլթըն եւ Թրամփ շարք մը հարցերու շուրջ տարակարծիք էին եւ Պոլթըն դէմ էր յատկապէս Աֆղանիստանի »Թալեպան« շարժումին հետ բանակցելու Թրամփի ինքնագլուխ որոշումին, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ձախողութեան մը եւս առաջնորդած էր երկիրը։

Պոլթըն Ապրիլ 2018-ին նշանակուած էր այս պաշտօնին, յաջորդելով Հ. Ռ. ՄըքՄեսթըրին, որ փոխարինած էր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ ապօրինի կապերուն իբրեւ հետեւանք հրաժարած Մայքըլ Ֆլինին։

Թրամփ խոստացաւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ազգային ապահովութեան հարցերու չորրորդ խորհրդականը նշանակել յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին։