Հայաստանի Տնտեսական Կեանքի Վերջին 7 Ամիսներուն Մէջ՝ Շարք Մը Ոլորտներուն Մէջ Աճ, Որոշներու Մէջ Ալ Անկում

Հայաստան

Վերջին 7 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի ընկերա-տնտեսական շարք մը ոլորտներուն մէջ աճ, որոշներուն մէջ ալ անկում արձանագրուած է: Ուսումնասիրութիւնը կատարած է տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մեդիա»-ն։

Օրինակ՝ առաջին. կարգ մը անհրաժեշտ ապրանքներ սղած են, որուն հետեւանքով խանութներու շրջանառութիւնը, կ՛ըսէ տնտեսագէտը, փաստաթուղթերով աճած է, իսկ փաստացի՝ նուազած:

Պարսեանի խօսքով՝ անընդհատ կը խօսուի եկամուտներու 25 տոկոս հաւաքագրման աճի մասին, սակայն կ՛անտեսուի հիմնական ծախսերու 74 տոկոս թերակատարումը:

Տնտեսագէտը անդրադարձած է նաեւ Ամուլսարի շահագործման, նշելով որ ըստ պայմանագրին յստակ է՝ հանքը պէտք է շահագործուի 10 տարի 4 ամիս, պէտք է արտահանուի տարեկան 260 միլիոն տոլարի ոսկի, որուն հետեւանքով պետութիւնը կ’ունենայ արտահանման աճ: Սակայն աւելի բարդ է բնապահպանական մասը: Կը վստահեցնէ՝ կառավարութեան դիրքորոշումը աւելի յստակ պէտք է ըլլայ այս մասով՝ շահագործել, թէ ոչ, եւ այդ մէկը պէտք է ունենայ հիմնաւորում: