Երուանդ Քոչարի Թանգարանին Մէջ, Իր Մասին Եւ Անկէ Վերջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Այո՛, «Չարը կորչէր, ու բարին բուն դնէր» ոչ միայն մեր, այլեւ ամբողջ մարդկութեան սրտում… Կորչէր պատերազմը եւ աշխարհից վերանային թշնամութիւնն ու ատելութիւնը, եւ լինէր համատարած խաղաղութիւն:

Մեզ` հայերիս համար միակ ցանկալին եւ երանելին խաղաղութիւնն է: Մենք սակաւաթիւ ու փոքր ազգ ենք, եւ մեր տաղանդն է, որ իրաւունք է տալիս մեծ ու բազմամիլիոն ազգերի շարքում կանգնել եւ ապրել այս արեւի տակ: Թող շատանան տաղանդաւոր ու ձեռներէց հայերը, եւ հայ անունը լինի դրօշակ մեր դարի առաջադիմութեան` արուեստի ու գիտութեան բոլոր ասպարէզներում: Թո՛ղ մեր հեռու-մօտիկ բարեկամները չմոռանան տաղանդաւոր հայ ժողովրդին: Թո՛ղ բացուեն մտքի եւ տաղանդի ծաղիկները (Ընդգծ. Յ. Պ.):

Երուանդ Քոչար, Ռատիոմաղթանք, 1967

Հայաստանի քաղաքացին եւ սփիւռքէն ժամանող զբօսաշրջիկը եթէ երբեմն հրաժարին, ինչպէս կ՛ըսուի, տեսարժան վայրերը միայն այցելելէ եւ նկարելէ, հետաքրքրուին երկրին եւ ժողովուրդին իմացական եւ ստեղծագործական ստորոգելիներ տուողներով, ազգային եւ անհատական որակները այլապէս կը շահին:

Երուանդ Քոչարի անունը լսողներ եւ գիտցողներ կան, շատեր հեռուէն կամ մօտէն ծանօթ են մեծ արուեստագէտի գործին: Հայաստանցին եւ զբօսաշրջիկը տեսած են Երեւանի կայարանին առջեւ կանգնած կոթողական Սասունցի Դաւիթը, մեծղի արձան մը, եւ` Վարդան Մամիկոնեանի արձանը: Կը նկարենք արուեստագէտին գործերը, ինչո՞ւ չճանչնալ երախտաւորը եւ արժանին հատուցանել: Տաղանդ եւ հանճար սոսկ զբօսաշրջային յիշատակի պատկեր չեն:

Ճանչնալու համար հարկ է հետաքրքրուիլ եւ տեսնել: Երեւանի սրտին վրայ կայ Երուանդ Քոչարի թանգարանը, իր աշխատանոցը: Մեծ նկարիչին եւ քանդակագործին գործերը պարփակելու համար` անբաւարար տարածք մը:

Երուանդ Քոչար, Վարդան Մամիկոնեան                                               Երուանդ Քոչար, Սասունցի Դաւիթ

Երուանդ Քոչար ծնած է 15 յունիս 1899-ին, Թիֆլիս, եւ մեռած` Երեւան, 22 յունուար 1979-ին: Քանդակագործ եւ գեղանկարիչ: Անցնող դարու տիրական եւ ինքնատիպ ստեղծագործողներէն, ոչ միայն հայկական առումով: Արմատները Շուշիէն են: Կ՛ուսանի Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ապա` նոյն քաղաքի գեղարուեստական ուսումնարանը, յեղափոխութեան դժուար օրերուն կ՛երթայ Մոսկուա կատարելագործելու համար իր ուսումը: Կը վերադառնայ Թիֆլիս, կ՛ուսուցանէ, կ՛արժանանայ «պրոֆեսոր»-ի կոչման: 1922-ին երկրէն դուրս կ՛ելլէ եւ Պոլսոյ մէջ կ՛ունենայ ցուցահանդէս, ապա կ՛երթայ Վենետիկ: Հոն կը դասաւանդէ Մուրատ-Ռափայէլեան դպրոցին մէջ, կը ստեղծէ դիմաքանդակներ, ինչպէս` Աւետիք Իսահակեանի: Կ՛ուսումնասիրէ հայ մանրանկարչութիւնը: 1923-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՛ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: 1924-ին երկու կտաւներով կը մասնակցի Salon des Indépendants ամէնամեայ ցուցահանդէսին եւ կը գրաւէ արուեստի քննադատներու ուշադրութիւնը: Կը մասնակցի Salon d՛automne հաւաքական ցուցահանդէսին: 1925-ին կը մասնակցի L՛art d՛aujourd՛hui  միջազգային ցուցահանդէսին, յայտնի նկարիչներու հետ:

Ֆրանսայի մէջ ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ: 1926-ին Le Sacre du Printemps պատկերասրահին մէջ Երուանդ Քոչար կը ցուցադրէ քսան գեղանկարներ եւ քսանմէկ կրաֆիք գործեր: Այդ առիթով արուեստի քննադատները կը հրատարակեն գնահատական յօդուածներ: Կը հրատարակուի իր գործերուն նուիրուած յատուկ ալպոմ:

Երուանդ Քոչարի ստեղծած ինքնատիպ «տարածական» նկարչութեան գործերը, ուր կայ նաեւ ժամանակը` որպէս չորրորդ չափ (quatrième dimension), կը ցուցադրուին Փարիզի մէջ եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն: Անոնք ցուցադրուած են, օրին, 1929-ին, «Արդի արուեստի համայնապատկեր» ցուցահանդէսին` Փիքասոյի, Պրաքի, Շակալի, Մաթիսի եւ այլոց շարքին: Կը ծանօթանայ արուեստի գիտակ Լէոնս Ռոզենպերկի, որ ունէր մեծ պատկերասրահ, ան կ՛ըլլայ Քոչարի գործի մեծ գնահատողներէն: Երուանդ Քոչար կը մասնակցի ցուցահանդէսներու` Լոնտոն, Պուտափեշտ, եւ այլ երկիրներու մէջ: Տեսական խնդիրներով ելոյթներ կ՛ունենայ (տարածական նկարչութիւն):

1936-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս: Վրաստանի նկարիչներու անդամ դառնալու իր դիմումը կը մերժուի, եւ նոյն տարուան աշնան կը հաստատուի Երեւան: Կը դառնայ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:

Տարի մը վերջ մատնութիւններու եւ հալածանքներու տարի է, 1937: Քոչարի համար «Խորհրդային Հայաստան» թերթը կը գրէ. «Գեղարուեստի ֆրոնտից դուրս շպրտենք ժողովրդի թշնամիներին», կը մեղադրուի որպէս հակայեղափոխական: Ներսիսեան դպրոցի ընկերները` Անաստաս Միկոյեան եւ Ճարտարապետներու միութեան փոխնախագահ Կարօ Հալաբեան կը պաշտպանեն զինք` ընդդէմ զրպարտողներու: 1941-ին կը բանտարկուի, եւ նոյն ընկերներուն շնորհիւ` կ՛ազատի բանտէն:

Կոմիտաս, քանդակ                                                                                  Կոմիտաս

Գծանկարչութիւն կը դասաւանդէ Բազմարուեստից վարժարանին մէջ: Նոյն տարին կ՛արժանանայ մրցանակի` Կոմիտասի դիմանկարին համար:

Հայաստան վերադառնալէ երեսուն տաի ետք, Երեւանի մէջ, Քոչար կ՛ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը, կ՛արժանանայ կոչումներու եւ մրցանակներու: Ապա` կրկին ցուցահանդէսներ եւ շքանշաններ: Ցուցահանդէս` նաեւ Մոսկուայի մէջ: Քոչարի նկարները կը մտնեն ռուսական թանգարաններ:

Քոչար կը մեռնի 1979-ին, Երեւան: Իր թանգարանը կը բացուի 1984-ին:

Մելինէ                                                                              Մելամաղձութիւն

Իր տարածական(*) նկարները կը գտնուին Երեւանի իր թանգարանը եւ Փարիզի Փոմփիտու կեդրոնը:

2019-ը Քոչարի ծննդեան 120-ամեակն է, եւ` մահուան 40-ամեակը: Կարեւոր է մեր արժէքներուն հանդէպ մեր պատասխանատուութիւնը: Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք, ինքզինքին առիթ պէտք է ընծայէ ծանօթանալու այս մեծ արուեստագէտի գործերուն` առաջին հերթին այցելելով իր թանգարանը, Երեւան:

Ինչո՞ւ չմտածել նաեւ Քոչարի համայնապատկերային շրջուն ցուցահանդէսի մը մասին. Երեւան, Մոսկուա, Փարիզ, Նիւ Եորք, Թոքիօ, Փեքին, նաեւ այլ արուեստի մեծ քաղաքներ եւ հայկական սփիւռքի կեդրոններ` Պէյրութ, Փարիզ, Վենետիկ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Թորոնթօ, Պուէնոս Այրես… Այս կը պահանջէ պետական որոշում եւ նախաձեռնութիւն, համագործակցութեամբը հայկական մշակութային մեծ կազմակերպութիւններու եւ մեկենասներու:

Ուրիշ ժողովուրդներ միջազգային հրապարակ կը բերեն իրենց արժէքները: Ինչո՞ւ իր ժամանակը դրոշմած եւ գերանցող Քոչարով պիտի չներկայանանք աշխարհին:

Երուանդ Քոչարի արժէքի միջազգայնացումը ԻԱ. դարուն համար կ՛ըլլայ մեր երկրի եւ ժողովուրդի հզօր դիմագիծի այցեքարտը:

Հայ հանճարին հանդէպ պարտք ունի հայրենի պետութիւնը եւ միջազգայնօրէն որպէս հզօր մշակոյթ ունեցող ճանչցուած մեր ժողովուրդը:

Մեր մրցակցութիւններէն վեր է նման նախաձեռնութիւն:

Մեծը մեծցնելով` կը մեծնանք:

Այս անմիջականը գերանցող հեռանկարային քաղաքականութիւն է:

Արուեստագէտները, գրողները, յօրինողները, գիտնականները իւրօրինակ մարտիկներ են: Անոնք հայ հոգիի, իրաւունքի, տեսիլքի, լրացման պատնէշին վրայ կանգնած պահակներ են, առանց որոնց` կը մնայ անհետացման դատապարտուած աներազ եւ անդիմագիծ ամբոխ:

Ժամանակն է, որ Երուանդ Քոչարի թանգարանը ընդարձակուի: Պետութիւնը եւ մեկենասներ ներդրում պէտք է ընեն, յանձնառութիւն ստանձնեն հայ արժէքներու համար, որպէսզի տիրական ներկայութիւն ըլլանք միջազգային համայնքին մէջ: Ինչո՞ւ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն Երուանդ Քոչարի քանդակները պիտի չտեղադրուին մեծ մայրաքաղաքներու մէջ, նաեւ` Միացեալ ազգերու Նիւ Եորքի կամ Փարիզ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոն: Ինչո՞ւ այդ չընել միջազգային եւ համազգային նշանակութիւն ունեցող կեդրոններու մէջ` Էջմիածին, Անթիլիաս, Զմմառու վանք, Վենետիկ: Այս կ՛ըլլայ ներդրում` ապագայի հոգեմտաւոր հացի համար, որ ազգ պահելու երաշխիք է:

Շատ կը սիրենք խօսիլ այն մասին, որ մենք մշակոյթի եւ մեծ մշակոյթի ժողովուրդ ենք: Կը խօսինք մենք մեզի:

Հայ արուեստագէտները եւ ապագայատես մտաւորականութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք, համատեղ ճիգերով եւ յայտարարութիւններով կրնան մղել հայրենի պետութիւնը, հայկական կազմակերպութիւնները եւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մեկենասները` ձեռնարկելու եւ իրականացնելու հայ ստեղծագործ միտքի միջազգային ճանաչման տօնահանդէսը:

Նման պանծացում կ՛ըլլայ նաեւ հայուն մէջ շեշտելու իր մէկութեան եւ հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը, այսինքն հաւաքաբար կ՛ունենանք տոկալու եւ տեւելու ներուժ, կը մնանք պատմութեան բեմին վրայ եւ կ՛ըսենք, պատմահայր Խորենացիին պէս, որ թէեւ փոքրիկ ածու մըն ենք, բայց հոն կան մեծագործութիւններ…

Պարզ բառերով. միջազգային հրապարակ բերել Երուանդ Քոչարը` մեր այսօրուան եւ վաղուան համար…

Իր իսկ բառերը հարկ է կրկնել` ըմբռնելու համար մեր ժողովուրդի իսկական ուժը, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ. մենք սակաւաթիւ ու փոքր ազգ ենք, եւ մեր տաղանդն է, որ իրաւունք է տալիս մեծ ու բազմամիլիոն ազգերի շարքում կանգնել եւ ապրել այս արեւի տակ: Թող շատանան տաղանդաւոր ու ձեռներէց հայերը, եւ հայ անունը լինի դրօշակ մեր դարի առաջադիմութեան` արուեստի ու գիտութեան բոլոր ասպարէզներում:

Ինչպէ՞ս…

Գտնելով Յովհաննէս Թումանեանի պարզ իմաստութիւնը. «Սքանչելի բան է երկինքը, բայց ո՞վ է գլուխը վեր բարձրացնում»:

յունիս 2019, Երեւան-Պէյրութ-Փարիզ

——————————

(*) Տարածական նկարչութեան սահմանումը ըստ Երուանդ Քոչարի.

«Տարածական նկարչութիւնը նոր զգայութիւն է` մեր դարի զգայութիւնը, ես ձեզ տալիս եմ կենդանի հացը, կերէ՛ք… Դուք նայում եւ չէք տեսնում: Տեսէք, եթէ ներկը հանէք իմ գործերի վրայից, տակը կը մնայ միայն մի անիմաստ հիմնակմախք, որի պաշտօնն է ներկը պահել տարածութեան մէջ, մինչդեռ յունական կամ եգիպտական գունաթափուած արձաններն ամբողջապէս պահպանում են իրենց քանդակային ֆորմը»:

Յ. Գ.- Կցուած` Քոչարի մասին արուեստի քննադատներու կարծիքները:

– Երուանդ Քոչարի արուեստի արժեւորումը եղած է իր Ֆրանսա գտնուած օրերուն, ուր ան մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ ունեցած` անհատական ցուցահանդէսներ: Անոնց մասին անդրադարձած են ֆրանսական մամուլը եւ ֆրանսացի արուեստի քննադատները:

REVUE DU VRAI ET DU BEAU հանդէսին մէջ, 10 դեկտեմբեր 1926-ին, արուեստաբան Իվ տը Քեփլոք (Yves de KEPLOC՛H) կ՛արտայայտուի «Երուանդ Քոչարի գործերը «Sacre du Printemps»-ի մէջ» խորագրուած յօդուածով (յապաւումներով).

Երուանդ Քոչար անծանօթ մը չէ մեր հանդէսի ընթերցողներուն, որ նախապէս նշած է այս նկարիչին այնքան հետաքրքրական եւ այնքան անձնադրոշմ արուեստը` «Անկախներ»-ու եւ  «Աշնան» ցուցահանդէսներու առիթով: Այս անգամ կարելի է աւելի ամբողջական գաղափար մը կազմել իր արժէքի մասին, քանի որ հիմա իր գործերէն ամբողջ մը կը ցուցադրէ Փարիզի մէջ (Au Sacre du Printemps): Կը ցուցադրէ շուրջ քսան իւղաներկեր, կուաշներ եւ գծագրութիւններ: Դիտելով այդ գործերը` կ՛ըմբռնենք, որ Երուանդ Քոչար ունի հիմնովին ինքնատիպ եւ շատ հետաքրքրական տաղանդ մը: Ինչ որ յատկանշական է իր գործերուն մէջ, այն է, որ անոնք մեզի ցոյց կու տան կեանքը նոր տեսանկիւններէ եւ մեզի կու տան իրերու բացարձակապէս նոր գիտութիւն մը: Եւ այդ, արուեստագէտը կ՛իրականացնէ` գտնելով ձեւեր եւ գոյներու բոլորովին նոր դաշնութիւններ: Իր նկարներուն մէջ չկան յստակօրէն արտայայտուած նիւթեր, բայց անոնց մէջ կը գտնենք խորհրդանիշներ, որոնք կը դրսեւորեն արուեստագէտին տեսիլքները, սկզբունքներ,  որոնք ձեւ եւ մարմին կու տան կեանքի բաներու իր ճանաչողութեան:

Թեքնիք տեսակէտէ, Երուանդ Քոչար սովորաբար կը գործածէ երկրաչափական ոճը, բայց երբեմն ալ իրապաշտ ոճը` զայն միացնելով երկրաչափականի, ինչ որ կու տայ շատ հետաքրքրական ամբողջութիւններ:

Յաճախ կ՛օգտագործէ զուգահեռական գիծեր, որոնք հետաքրքրական տպաւորութիւններ կը ստեղծեն: Իր գոյները, շատ յստակ, նոյնիսկ բիրտ, առանց  միջիններու, կը ստեղծեն իրապէս ինքնատիպ դաշնաւորումներ: Ներկայացուած գործերէն արագօրէն պիտի յիշեմ.  Deux femmes couchées, Femme auBalcon, Tête de jeune Femme, Femme et Fruits, Femmes sur Terrasse, Orientale nue, Femme à la Pomme et Nu d՛homme (այսպէս ներկայացուած են գործերը, Յ. Պ.):

Երուանդ Քոչար թիֆլիսահայ է: Հաստատակամութեամբ եւ խելացի կերպով կը շարունակէ իր ուղին` հեռու մնալով կոխուած ուղիներէ, ուր կը յամենան մեծ թիւով ուրիշներ: Շնորհաւորենք զինք, որ ցոյց տայ յառաջդիմութեան ճամբան, օրինակելի համարձակութեամբ, որուն համար արժանի գնահատանք պէտք է տրուի:

ԻՎ ՏԸ ՔԵԼՓՈՔ

– Տարբեր վկայութիւն մը

Երուանդ Քոչար

Ո՛չ, ո՛չ եւ հազար անգամ ո՛չ, Երուանդ Քոչարը կարելի չէ սովորական նկարիչ համարել, ընդունուած որակումները, մակդիրները, այս պարագային, անիմաստ են: Ան մե՞ծ է, թէ՞ հանճարեղ. այս երկու բնութագրումներուն միջեւ կարելի է թերեւս տատանիլ` ըստ ընտրուած տեսանկիւնի: Այս բացառիկ օժտուածութեամբ գեղանկարիչը դեռ վերջնականապէս չէ հարթած իր ճանապարհը: Մեր օրերու միջակութեան մթնոլորտին մէջ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւնը այնպէս կը ճառագայթէ, որ անկարելի է չնկատել:

Անոր արուեստը նախ եւ առաջ կը ծառայէ միտքին: Անոր կտաւները ամէնէն առաջ իր մտածողութիւնը կը պատկերեն: Գեղանկարիչի տեսական ըմբռնումները բնազանցական են: Կարելի չէ չյիշել այն վարպետները, որոնք նոյնպէս բացարձակը կ՛որոնէին: Զինք բուռն կերպով կը քննադատեն: Այդ հետաքրքրութիւն է գեղանկարիչի եւ անոր առաջադրած հիմնահարցերու նկատմամբ: Վաղը, երբ Քոչար վերջնականապէս յաղթահարէ ինքզինք եւ ամենատհասներուն կարողանայ ապացուցանել իր գերակայութիւնը, բոլորը, յանձին սիրեն, միաձայն կ՛ողջունեն մեր ժամանակի վարպետին:

ԱՆՏՐԷ-ՓԱՍՔԱԼ-ԼԵՒԻՍ

«Les Artistes d՛aujourdhui» ամսագիր
Փարիզ,1-15 Օգոստոս 1926թ.