Սիւնիքի Մարզին Մէջ Առասպելներու Արահետ Բացուած է. Անիկա Կը Կապէ Գորիս եւ Կապան Քաղաքները (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ԵՄ դեսպան Պէոտր Սուիդալսքին, Օգոստոս 24-ին, Սիւնիքի մարզին մէջ մասնակցած է Առասպելներու արահետի բացումին։ Արահետը կը կապէ Գորիս եւ Կապան քաղաքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԵՄ դեսպանի գրասենեակէն։

300 քմ երկարութիւն ունեցող արահետը նախագծուած է «ԵՄ-ն զբօսաշրջութեան համար․ արկածային զբօսաշրջութեան զարգացումը պատմական Սիւնիքի մէջ» ծրագիրին ծիրէն ներս:

Բացման արարողութեան ժամանակ հիւրերը փորձարկած են արահետի 5քմ-ը՝ հնարաւորութիւն ունենալով տեսնելու Կախարդական անտառը:

«Շատ ուրախ եմ մասնակցելու Առասպելներու արահետի պաշտօնական բացումին: Համայնքային զարգացումը ԵՄ առաջնային գերակայութիւններէն է, եւ իմ անձնական ուշադրութիւնը ուղղուած է այն նախաձեռնութիւններու խթանման, որոնք կ՝արտօնեն Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն վայելելու այս երկրի գեղեցկութիւնը, միեւնոյն ժամանակ աշխոյժ կենսակերպ վարելու: Կրնամ միայն խրախուսել ձեզի արշաւ ծրագրաւորելու Առասպելներու արահետին վրայ եւ բացայայտելու թէյատուները, հիւրատուները, Կախարդական անտառն ու այլ ծառայութիւններ, որոնք համայնքի բնակիչները ստեղծած են ԵՄ աջակցութեամբ»,- նշած է ԵՄ դեսպանը: