Թրքական Մամուլը Զայրացրած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իսրայէլցի Հեղինակներու Գիրքէն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թրքական կայքերը կը շարունակեն ցաւագին ընդունիլ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող գիրքերու հրատարակութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ahaber.com.tr-ը։

Իսրայէլցի պատմաբաններ Նեննի Մորիսի եւ Տրոր Զէեւիի համահեղինակութեամբ 2019 Ապրիլ 24-ին լոյս տեսած է «30 տարուայ ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ոչնչացումը (1894-1924թթ)» վերնագիրով գիտահետազօտական գիրք, որուն անդրադարձած է նաեւ թրքական մամուլը։

Գիրքին հրատարակմամբ զբաղած է ամերիկեան Հարուըրտ համալսարանի հրատարակչութիւնը։

Գիրքին մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններու հրամանով կոտորուած են շուրջ 4 միլիոն հայեր, յոյներ եւ ասորիներ։

Իսրայէլցի հեղինակները իրենց աշխատանքին համար օգտուած են այնպիսի հեղինակներու աշխատութիւններէ, ինչպէս՝ թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի, հայ ցեղասպանագէտ Ռայմոնտ Գէորգեանի, եկեղեցական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Գրիգորիս Պալաքեանի եւ թուրք պատմաբան Ֆուաթ Տիւնտարի։

Թրքական աղբիւրը զարմանք յայտնած է, թէ ինչու իսրայէլցի հեղինակները իրենց աշխատանքին մէջ շատ քիչ օգտուած են թրքական աղբիւրներէ։ (Խօսքը այն թուրք հեղինակներուն մասին է, որոնք կը հերքեն ցեղասպանութեան փաստը)։

Իսկ գիրքի հեղինակներուն խօսքով՝ բազմաթիւ թրքական արխիւներ իրենց համար անհասանելի եղած են։ Մասնաւորապէս, անոնք ուզած են օգտուիլ «Թուրքիոյ գլխաւոր շտաբի ռազմական, պատմական եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու արխիւէն», սակայն վերջինս փակ եղած է հետազօտողներուն համար։

Գիրքը բաժնուած է երեք մասի. առաջին մասին մէջ ներառուած է մօտ 200 հազար քրիստոնեայ հայերու ջարդը՝ 1894-1896թթ, երկրորդ մասին մէջ՝ աւելի մեծածաւալ տեղահանութիւններն ու կոտորածը, որ սկսած է 1915թ. եւ ճանչցուած է իբրեւ ցեղասպանութիւն, երրորդ մասին մէջ՝ մնացեալ քրիստոնեաներու (մասնաւորապէս յոյներու) արտաքսումը 1919-22թթ., որ թուրքերը կ՝անուանեն «Անկախութեան պատերազմի տարիներ»: Գիրքին մէջ դիտարկուած է նաեւ մօտ 250 հազար ասորիներու ճակատագիրը:

Պատմաբանները եկած են այն եզրակացութեան, որ 1915-16թթ. իրադարձութիւնները լաւ փաստագրուած են, 1.5 միլիոն զոհերու ոճրագործութիւնը ցեղասպանութիւն անուանելը միանգամայն հիմնաւորուած է։ Մինչդեռ 30-ամեայ ժամանակահատուածի առաջին ու վերջին շրջանները, անոնց կարծիքով, առաւել մեծ ուսումնասիրութիւններու կարիք ունին: