Յառաջիկայ Տարի Սեւրի Ու Իրաւարար Վճիռի 100-ամեակն Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրի հիմնաւորումներուն վերջին կէտը հետեւեալ ձեւով կը բանաձեւուէր.

«Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»:

Հիմնաւորումներուն կը հետեւին համազգային աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները ճշդող կէտեր: Այլ խօսքով, Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը կը ստանան այժմէական նշանակութիւն` հատուցման պահանջատիրութեան ուղղութեամբ մեր ծաւալելիք համազգային աշխատանքներուն մէջ:

Այս հիմնաւորումին եւ ընդհանրապէս Հռչակագիրով բանաձեւուած հիմնաւորումներուն թէ հայեցակարգային հիմնադրոյթներուն շուրջ գոյացած է համազգային համաձայնութիւն` կոնսենսուս:

Այս հռչակագիրը ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան, պաշտօնական Ստեփանակերտին եւ սփիւռքի մէջ գործող հոգեւոր, կուսակցական, միութենական բոլոր կառոյցներուն համաձայնութիւնը:

Պետականութիւնը շարունակականութիւն կ՛ենթադրէ՛: Այն ինչ որ պետութեան նախաձեռնութեամբ ստացած է համազգային տարողութիւն` ուղենշային իմաստ պէտք է ունենայ եւ կարեւորագոյն առիթներու յղում ընդունի ամէնէն բարձր ամպիոններէն ամէն անգամ, երբ կը խօսուի համահայկական  ծրագիրներ համակարգելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ողջունելի է, որ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման հրամայական կը հնչէ: Համահայկականը բնականաբար Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնն է:

Պետականութեան շարունակականութեան սկզբունքին վրայ կառչած մնալով անհրաժեշտ է նշել, որ Սեւրի եւ Իրաւարար վճիռի այժմէականացման դրոյթ-հիմնաւորումը նկատի ունենալով կար նաեւ համազգային համաձայնութիւն` Սահմանադրական դատարանի շրջանակներուն մէջ հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան աշխատանքները մեկնարկելու:

Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր պահանջատիրական երթին արձանագրուած իրաւական բարձրագոյն գագաթն են: Թէեւ հատուցման թղթածրարը պիտի բովանդակէ անհատական ինչքերու, համայնքային կալուածներու եւ տարածքներու վերաբերող բաժիններ` Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը ուղղակի երրորդ կարեւորագոյն բաղադրիչի իրաւական հիմքերը պէտք է նկատել:

Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը փաստօրէն մեր տարածքային պահանջներուն հիմքն են: Եւ այս հասկացողութեան շուրջ երբ կայ համազգային համաձայնութիւն, պէտք է գործէ ուրեմն միացեալ իրաւական խորհուրդ, յանձնախումբ` հատուցման իրաւական թղթածրարի մշակման եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ ձեռնարկելու:

Համահայկական կոնսենսուսի կարեւորագոյն կէտերէն մէկը կրնայ ըլլալ ուրեմն Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը նկատի ունենալով Իրաւական ուղիներու որդեգրման աշխատանքներու ձեռնարկումը:

Աշխարհաքաղաքական պայմանները կը փոխուին եւ անոնց առընթեր իրաւական ուժ կը ստանան կամ կը կորսնցնեն պայմանագիրներն ու դաշնագիրները: Խնդիրը ճիշդ պահուն ճիշդ պահանջներու ներկայացումն է, շահերու համատեղման պահերու ընտրութիւն կատարելը եւ թղթածրար տրամադրելը: Ուաշինկթըն-Անգարա շահերու բախման կամ լարուածութեան մագլցողականութեան որեւէ պահու Ուաշինկթընի վարիչները կրնան յիշել, որ իրենց նախկին նախագահը իրաւարարութիւն կատարած է եւ ճշդած Արեւմտահայաստանի սահմանները: Այդ միտքի արծարծումն իսկ ուաշինկթընեան շրջանակներու կողմէ քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հռչակագիրի հիմնաւորումներու վերջին կէտին հետ:

Սակայն մինչեւ նման պահերու հասունացումը, հայ քաղաքական միտքը եւ յատկապէս պետական շրջանակները համազգային համաձայնութեամբ բանաձեւուած այդ կէտին շուրջ մասնագիտական աշխատանքներուն թափ տալու եւ իրաւական ուղիները հարթելու հրամայականին առջեւն են: Յառաջիկայ տարի Սեւրի ու Իրաւարար վճիռի 100-ամեակն է: