Լիզպոնի Հինգ Տղոց Ոգեկոչումը Աթէնքի Մէջ

Սփիւռք

Լիզ­պո­նի հինգ տղոց ող­ջա­կիզ­ման 36րդ ­տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, ­­Կի­րա­կի՝ 28 ­­Յու­լիս 2019-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, կազ­մա­կեր­պո­ւած Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ կո­մի­տէու­թիւն­նե­րու ըն­կեր­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեանց ան­դամ­նե­րը եւ վար­չա­կան­նե­րը, Հ.Կ.­­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «­­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք ան­գամ մը եւս մէկ­տե­ղո­ւած էին՝ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու հա­մար ­­Լիզ­պո­նի ­­Հին­գի հե­րո­սու­թեան եւ զո­հո­ղու­թեան ա­րար­քին։

Բե­մին վրայ զե­տե­ղո­ւած էին հինգ տղոց՝ ­­Սար­գի­սի, ­­Սեդ­րա­կի, Ա­րա­յի, ­­Սի­մո­նի եւ ­­Վա­չէի նկար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­գոյն ու Հ.Յ.Դ. դրօ­շակ­նե­րը։

Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գի­չը՝ ­­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ստեղ­ծա­գործ է՝ տո­ւած է շի­նա­կան­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ ա­րո­ւես­տի մար­դեր, սա­կայն իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր, գիտ­ցած է տալ նաեւ ֆե­տա­յին­ներ, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի գնով տէր ե­ղան հա­յու ար­դար դա­տին։ Այդ­պէս հա­սակ նե­տե­ցին նաեւ ­­Լիզ­պո­նի հինգ տղա­քը, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ազ­գա­յին ո­գիով շա­ղա­խո­ւած տղա­քը նե­տո­ւե­ցան պայ­քա­րի դաշտ եւ ի­րենց ա­րեան տուր­քը տո­ւին ­­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ։

Հո­գե­հան­գիս­տի ա­ւար­տին, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­­Միու­թեան կող­մէ խօ­սե­ցաւ ընկ. ­­Նա­րօտ ­­Շա­հի­նեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ստո­րեւ։

36 տա­րի կ­՚ամ­բող­ջա­նան այդ օ­րէն, որ հինգ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ գրա­ւե­ցին եւ հրկի­զե­ցին թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը ­Լիզ­պո­նի մէջ, հոն ձգե­լով ի­րենց վեր­ջին շուն­չը, ա­նոր հետ ձգե­լով նաեւ ի­րենց քաջ ու ազ­նիւ հո­գին:

Վա­չէ ­Տաղ­լեան, ­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան, Ա­րա ­Քըրճ­լեան, ­Սեդ­րակ Ա­ճէ­մեան, ­Սի­մոն Եահ­նիեան:

Հայ ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­ներ, ո­րոնք անձ­նա­զոհ ե­ղան սուրբ նպա­տա­կի մը հե­տե­ւե­լով: Ի­րենց ա­նուն­նե­րը, դրոշ­մո­ւե­ցան մեր մտքե­րուն վրայ ու դար­ձան ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ՝ ­Վա­չէ, ­Սա­գօ, Ա­րա, ­Սե­դօ, ­Սի­մոն, կար­ծես մեր մօ­տիկ ըն­կեր­ներն էին՝ հա­կա­ռակ թէ, եր­բեք ա­ռի­թը չու­նե­ցանք ի­րենց հետ ծա­նօ­թա­նա­լու:

Այ­սօր, մեր 5 ըն­կեր­նե­րուն յի­շա­տա­կին ի պա­տիւ, կը վեր­յի­շենք ի­րենց խօս­քե­րը, նախ­քան ի­րենց ճամ­բան զա­տեն դէ­պի ­Լիզ­պոն՝ ճամ­բայ մը, որ ե­ղաւ ան­վե­րա­դարձ:

— «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­թերն են գտնում հնար: Ե­կէ՛ք, միա­ցէ՛ք մե­զի: ­Կը հա­ւա­տամ, որ կը տի­րա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին»,- կը պատ­գա­մէր ­Սա­գոն:

— «­Մեզ­մէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են եւ կը յու­սամ, որ մեզ­մէ ա­ւե­լի լա­ւերն ալ պի­տի գան»,- կ­՚ը­սէր ­Սե­դոն:

— «Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռ­նիմ: Ես ­Հայ դա­տի զի­նո­ւոր եմ: ­Կեանքս պի­տի զո­հեմ այդ ճամ­բուն վրայ»,- կը խոս­տա­նար ­Վա­չէն:

— Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղի, ո՛չ ա­պա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ըն­տա­նիք կ­‘ըլ­լայ»,- կը հաս­տա­տէր Ա­րան:

— ­Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, ո­րով­հե­տեւ հայ պի­տի մեռ­նիմ,- կը յայ­տա­րա­րէր ­Սի­մո­նը:

Լիզ­պո­նի ­Հին­գը՝ ե­րի­տա­սարդ տղաք էին, ու­րախ, ի­րենց ամ­բողջ կեան­քը ու­նէին ի­րենց առ­ջեւ: Ու­նէին հա­րա­զատ­ներ, բա­րե­կամ­ներ, ա­պա­գա­յի ե­րազ­ներ, ճիշդ այդ­պէս ինչ­պէս իւ­րա­քան­չիւր ե­րի­տա­սարդ կ­՚ու­նե­նայ:

Նա­խընտ­րե­ցին սա­կայն, ի­րենց ա­զատ կամ­քով անձ­նա­զոհ ըլ­լալ, որ­պէս­զի գա­ղա­փա­րին ծա­րա­յեն: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Դա­տին ծա­ռա­յեն:

Լիզ­պո­նի տղա­քը, լոյ­սի եւ յոյ­սի աղ­բիւր են, որ մեզ կը ներշն­չեն ազ­գա­յին ո­գիով:

Կ­՚ո­գե­ւո­րեն մեր ա­մե­նօ­րեայ քա­րոզ­չա­կան պայ­քա­րը:

Կ­՚ամ­րաց­նեն հայ զի­նո­ւո­րի հա­ւատքն ու տեն­չը հայ­րե­նի­քի ու հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը ա­ւե­լի յա­մա­ռօ­րէն պահ­պա­նե­լու հա­մար: