Լիզպոնի Հինգը՝ Ներշնչում Հայրենի Երիտասարդութեան Համար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

Յի­շէ՛ք, հա­յեր, բա­լիկ­նե­րուդ՝
Դեռ ծիլ ըն­կած գա­լիք­նե­րուդ,
Որ քեզ ա­մառ պի­տի տա­յին,
Բայց կէս ճամ­բին ըն­կան կի­սատ՝
Դեռ չտե­սած հողն Ա­րա­րատ:

(­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ)

1983-էն ի վեր, ա­ռանց ընդ­մի­ջու­մի, Ս­փիւռ­քի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ու ա­նոր կող­քին հա­յու­թիւ­նը կը նշէ ­Լիզ­պո­նի հինգ տղոց ող­ջա­կիզ­ման սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Հա­ւաք­նե­րը, յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, խօս­քերն ու պատ­գամ­նե­րը կու գան յի­շեց­նե­լու ­Յու­լի­սի այն օ­րը, երբ ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցնցո­ւե­ցաւ հինգ անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու անս­պա­սե­լի ա­րար­քով։ ­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նոր ծա­ւա­լու­մը ար­դէն իր պտուղ­նե­րը տո­ւած էր նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, սա­կայն, ­Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, իր էու­թեամբ ու ա­նոր ու­նե­ցած ար­ձա­գան­գով, ե­զա­կի դէպք մը ե­ղաւ ու ոտ­քի հա­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դը, ա­պա ուժ­գին կեր­պով ցնցեց ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը եւ ­Թուր­քիան, որ ա­մե­նե­ւին չէր սպա­սէր, թէ խումբ մը հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ պի­տի կա­րո­ղա­նա­յին տէր դառ­նալ թրքա­կան դես­պա­նա­տան մը ու այդ ա­րար­քով աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը պի­տի դարձ­նէին հա­յու­թեան վրայ։

Ա­մէն տա­րի՝ 27 ­Յու­լի­սի օ­րը, ըլ­լա՛յ հինգ բա­լիկ­նե­րու շի­րի­մին վրայ, ըլ­լա՛յ Ս­փիւռ­քի բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ, ի­րե­րա­յա­ջորդ հայ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­ներ հա­ւա­տար­մու­թեան եւ պայ­քա­րի նոր խոս­տում­ներ կու տան ու ի­րենց ուխ­տը կը վե­րա­նո­րո­գեն։ Այ­լեւս, ծնող­ներ դար­ձած 1983-ի օ­րե­րու սե­րունդ­նե­րը, ի­րենց պա­տա­նի եւ հա­սուն տա­րի­քի զա­ւակ­նե­րուն հետ միաս­նա­բար, բռունձք կը բարձ­րաց­նեն լուռ պոռկ­թու­մի մը յե­տա­դարձ նա­յո­ւած­քով դէ­պի այն օ­րը, երբ տա­կա­ւին ի­րենց ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը չապ­րած հինգ տղա­ներ կե­րոն­նե­րու նման վա­րե­ցան՝ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հան­ջին ու ար­դար ցա­սու­մին՝ հա­յաս­պան թուր­քին հան­դէպ։

Որ­քա՜ն ալ տա­րի­նե­րը անց­նին, որ­քա՜ն ալ ժա­մա­նա­կի բնա­կան թա­ւա­լու­մին պատ­ճա­ռով հինգ տղոց յի­շա­տա­կէն հո­գե­կան կա­պի խզու­մի նշոյլ­ներ յա­ռաջ գան, Ս­փիւռ­քի մէջ հա­սակ նե­տած սե­րունդ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն խո­նար­հիլ ա­նոնց յի­շա­տա­կին եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նել ա­նոնց թո­ղած ա­ւան­դին։

Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն, ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հին մէջ՝ թէ­կուզ լուռ կեր­պով, ­Լիզ­պո­նի ա­րար­քը կը վա­րէր կայ­ծը հայ­րե­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան սրտե­րուն մէջ, ո­րոնք կը ներշն­չո­ւէին մեծ բա­նաս­տեղ­ծի՝ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րա­զի «­Լիզ­պո­նի ող­ջա­կէզ­նե­րին» նշա­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, որ մին­չեւ այ­սօր իր հնչեղ բա­ռե­րով, պայ­քա­րի վե­րա­նո­րոգ­ման ինք­նա­տիպ ուխտ մը կը շա­րու­նա­կէ մնալ։ 1988-ի Ար­ցա­խի պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նը տո­ւած կայ­ծը պէտք է փնտռել նաե՛ւ ­Լիզ­պո­նի Հին­գի ող­ջա­կիզ­ման մէջ։ Ո՛չ միայն սփիւռ­քա­հա­յը, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դը հո­գե­պէս իր մէջ դրոշ­մեց ­Սար­գի­սի, ­Սեդ­րա­կի, Ա­րա­յի, Սի­մո­նի եւ ­Վա­չէի պայ­քա­րու­նակ վճռա­կա­մու­թիւ­նը, երբ հինգ բա­լիկ­նե­րը յաղ­թա­կան պայ­քա­րի պատ­գամ կը ղրկէին հա­մայն հա­յու­թեան։

Այ­սօր, ցա­ւով կը նշմա­րենք, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­կան ա­րար­քը բա­ցի գա­ղա­փա­րա­կան ո­գիով ներշն­չո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թեան խա­ւէ մը, նշու­մի ար­ժա­նի չի դառ­նար հայ­րե­նի ըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ ­Պի­տի սպա­սո­ւէր, որ հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հինգ տղոց ող­ջա­կի­զու­մը ըլ­լար հայ հո­ղին վրայ հա­սակ նե­տած իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի ուխ­տի բա­գի­նը։ ­Յան­ցանք­ներ չփնտռել ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ։ ­Պատ­ճառ­նե­րը պէտք է փնտռել մեր հայ­րե­նի­քի քա­ղա­քա­կան միտ­քին մէջ, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք չու­զեց, չկա­րո­ղա­ցաւ, քա­ղա­քա­կան յանդգ­նու­թիւն չու­նե­ցաւ ար­ժա­նի տուրք մա­տու­ցե­լու ­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­գոր­ծու­թեան, որ­պէս շաղ­կա­պը 19-20րդ ­դա­րու հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մա­կան ա­ւան­դին ու ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մի բո­ցա­վա­րու­մին։Լիզ­պո­նի հինգ տղոց սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը չի պատ­կա­նիր «­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան բա­նակ»ի պատ­մու­թեան, ո՛չ ալ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զու­մով ապ­րող՝ միա՛յն ե­րի­տա­սար­դա­կան զան­գո­ւա­ծի մը ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը պէտք է հան­դի­սա­նայ։ ­Լիզ­պո­նը կը պատ­կա­նի ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան հա­կում ու­նե­ցող հայ ե­րի­տա­սար­դին, ու ա­ւե­լին՝ այն ա­մէն մէկ հա­յոր­դիի հա­մար հայ­րե­նի հո­ղին կա­պո­ւե­լու ազ­դա­կը պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս հա­յու հե­րո­սա­կան սխրա­գոր­ծու­թեան նո­րա­նոր մարմ­նա­ցում, հա­մա­զօր՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան դրո­ւագ­նե­րուն։

Եր­բեք ուշ չէ, որ­պէս­զի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր ար­ժա­նի տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը տայ Լիզ­պո­նի սխրան­քին։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րըն­ձիւղ­ման ո­գե­ւո­րու­թեան մէջ պէտք չէ մտա­հան ը­նել, թէ ­Լիզ­պո­նի տղոց ող­ջա­կի­զու­մը անձ­նա­կան փա­ռա­սի­րու­թեան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ջա­հե­լու­թեան մը հե­տե­ւան­քը չէր, այլ ա­նի­կա ե­ղաւ գե­րա­գոյն եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի օ­րի­նա­կը՝ հայ ե­րի­տա­սար­դի պայ­քա­րու­նակ ո­գին վե­րա­նո­րո­գե­լու ջան­քե­րուն մէջ ։

Ի ­Հա­յաս­տան եւ ի Ս­փիւռս աշ­խար­հի, ­Լիզ­պո­նի տղոց հե­րո­սու­թիւ­նը պէտք է ամ­բող­ջու­թեամբ պա­տէ հայ ե­րի­տա­սար­դը։ ­Հայ­րե­նի­քի վե­րա­զարթ­նու­մին մի­տող ա­մէն բնոյ­թի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ, պար­տինք տես­նել հինգ տղոց օ­րի­նա­կե­լի պատ­կե­րը, որ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ յա­րա­տեւ­ման ե­րաշ­խիք։ ­Խա­ղաղ յա­րա­տե­ւու­մը, նախ եւ ա­ռաջ՝ կը պա­հան­ջէ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ տէր կանգ­նիլ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան ա­ւան­դին։ ­Այն կը նշա­նա­կէ՝ տէր կանգ­նիլ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ար­դար Դա­տին։