Մեծ Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետին Թրքական Արմատները

Աշխարհ

Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ, Մեծ Բրիտանիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ ընտրուեցաւ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, որ պիտի զբաղեցնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը, օսմանեան շրջանի յայտնի գրող, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ Ալի Քեմալի ծոռն է` գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան:

«Ալի Քեմալը եղած է Օսմանեան ներքին գործոց նախարար: Ան նաեւ յայտնի էր Արթին Քեմալ անունով` իբրեւ հայամէտ դիրքորոշման համար: Քեմալը սպաննուած է 1922-ին` ժողովրդական ամբոխի կողմէ լինչի դատաստանէն ետք: Ահա այսպիսի օսմանեան հետք Բրիտանական թագաւորութեան մէջ»,-նշած է ան:

Ըստ թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանի Ալի Քեմալը կը ներկայացուէր իբրեւ հայամէտ գործիչ, վերջինիս համար հայկական թեման երիտթուրքերը քննադատելու առիթներէն մէկն էր, եւ  զայն կը ներկայացնէին որպէս դաւաճան, հայասէր:

«Այդ պատճառով Ալի Քեմալը կ՛անուանէին Արթին, որ հայկական Յարութիւն անուան թրքական տարբերակն է: Երբ Ալի Քեմալը կ՛ենթարկեն Լինչի դատաստանին եւ դին կը բարձրացնեն կախաղան, ականատեսներու յուշերուն մէջ կայ հետեւեալ  նկարագրութիւնը. անոնք կը տեսնեն, որ նախկին նախարարին կուրծքին գրուած եղած է Արթին Քեմալ, այսինքն` արդէն իսկ սպաննուած Քեմալի կուրծքին, որպէս հայերու նկատմամբ ատելութեան նշան, կը դաջեն «Արթին»,- յայտնած է թրքագէտը:

Մելքոնեանի խօսքով` Պորիս Ճոնոսըն Ալի Քեմալի աղջկայ թոռն է: 1918-22 թուականներուն Ալի Քեմալը մօտ եղած է բրիտանական իշխանութիւններուն, իսկ  անոր աղջիկը ամուսնացած է բրիտանացիի հետ: