Հայկական Հինաւուրց Հարսնքուի Շարք Մը Քարանձաւները Վնասուած են Հրդեհի Պատճառով

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Պաթման նահանգի մէջ, Տիգրիսի ափին գտնուող պատմական հայկական Հարսնքու (թրքերէն` Հասանքէյֆ) քաղաքի մօտ Յուլիս 22-ին բռնկած հրդեհի հետեւանքով վնասուած են Հարսնքուի շարք մը պատմական քարանձաւներ: Yerkir.am-ի փոխանցմամբ, կը հաղորդէ Gazetekarinca.com կայքը:

Բռնկած հրդեհի ժամանակ օգնութեան հասած է միայն մէկ հրշէջ մեքենայ: «Միջագետքի բնապահպանական շարժում»-ը կոչ ըրած է անյապաղ օգնութեան հասնելու:

Նշենք, որ 12.000 տարուան պատմութիւն ունեցող նշանաւոր քաղաքը յայտնուած է ոչնչացման եզրին: Տիգրիս գետի ափին կառուցուող Ըլըսու ջրամբարի հետեւանքով քաղաքի պատմական յուշարձանները կրնան յայտնուիլ ջուրի տակ: Հակառակ բողոքներուն` իշխանութիւնները կը շարունակեն ջրամբարի կառուցման աշխատանքները:

Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգին մէջ գտնուող Հարսնքուն բնակուած եղած է դեռ Ք.ա 10.000-ական թուականներուն եւ կը համարուի մարդկութեան ամենահին բնակուած բնակավայրերէն մէկը: Այնտեղ կը գտնուի նէոլիթեան դարաշրջանի քարանձաւներ, հռոմէական շրջանի ամրոց, Արթուկեաններու եւ օսմանեան շրջանէն մնացած շինութիւններ: