Արցախը Կ՛անցնի 100 Տոկոս Համամասնական Ընտրակարգի

Հայաստան

Արցախի խորհրդարանը Յուլիս 22-ին ընդունած է Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու մասին օրինագիծը` 26 կողմ, 1 դէմ ձայներով, կը հաղորդէ Սիվիլնեթը:

Նոր Ընտրական օրէնսգիրքի՝ Արցախի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգով:

Արցախի մէջ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2020-ի Ապրիլին: