Ախալցխայի Շուրջ 20 Հաւատացեալ Դէպի Հայաստան Ուղեւորուեցաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքեայ Վարդապետ Ամիրեանի օրհնութեամբ, Յուլիս 22-ին, Ախալցխայի եւ Բորժոմիի տարածաշրջաններու հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ․ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի առաջնորդութեամբ եւ հոգեւոր տեսչութեան բարերար Մանուէլ Թորոսեանի հովանաւորութեամբ՝ շուրջ 20 հաւատացեալ ուղեւորուեցաւ դէպի Հայաստան։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
Ուխտաւորներուն առաջին այցը եղաւ ՀՀ Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքի Սուրբ Եօթ Վէրք Եկեղեցին։

Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցիէն ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Կիրովականի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Մայր Եկեղեցի՝ միասնական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ շարունակեցին իրենց ճանապարհը։

Յաջորդ կանգառը Հաղպատի վանական համալիրն էր, ուր ուխտաւորները ջերմօրէն դիամուորեց Արժ․ Տէր Նահապետ քահանան։ Հոգեւոր հայրերու գլխաւորութեամբ՝ ուխտաւորները մասնակցեցան ժամերգութեան։

Այցելեցին նաեւ Սանահինի վանական համալիր, ուր ուխտաւորները դիմաւորեց Արժ․ Տէր Նահապետ քահանան եւ ծանօթացուց եկեղեցւոյ պատմութեան։

Ուխտաւորները գիշերեցին Հաղարծինի վանքին կից կացարաններուն մէջ, այնուհետեւ առաւօտեան շարուկեցին իրենց Աստուածահաճոյ ճանապարհը։