ՀՀ ԶՈՒ Զինծառայողները Պիտի Մասնակցին «Միջազգային Բանակային Խաղեր-2019» Մրցումներուն

Աշխարհ, Հայաստան

«Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս, Օգոստոս 3-17, Հնդկաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուելիք «Զօրային հետախուզութեան գերազանցիկներ», Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ իրականացուելիք «Վարպետ-զինագործ» եւ «Անվտանգ միջավայր» մրցումներուն եւ անոնց նախապատրաստական փուլերուն մասնակցելու նպատակով՝ Յուլիս 22-ին ՀՀ ՊՆ Իլ-76 ռազմական-փոխադրամիջոց համարուող օդանաւով՝ Մոսկուա մեկնած են ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս՝ ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողները պիտի մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ կայանալիք «Հրասայլային պիաթլոն», «Դաշտային խոհանոց» եւ «Կարգապահութեան պահապան», Ուզպեքիստանի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք «Ռազմաբժշկական օգնութիւն», Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ կայանալիք «Դիպուկահարի բնագիծ», Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք «Հրետանիի կրակի վարպետ» եւ «Վստահ ընդունում», Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ կայանալիք «Ճանապարհային պարեկ» մրցումներուն եւ անոնց նախապատրաստական փուլերուն:

ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողները նաեւ պիտի մասնակցին «Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Օգոստոս 3-17, իրականացուող «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցախաղին: