Ստեփանակերտի Մէջ Բնակելի Նոր Թաղամաս Կը Կառուցուի

Հայաստան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յուլիսին այցելեց Ստեփանակերտի Թումանեան փողոցին վրայ գտնուող նախկին «Շինանիւթերի կոմբինատ»ի տարածքին մէջ կառուցուող բնակելի նոր թաղամասը՝ ընկերակցութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի, շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու։ Անոնք ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին եւ քննարկեցին շարք մը հարցեր։

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան ըսաւ, որ բնակելի նոր թաղամասի կառուցումը իրականութիւն կը դառնայ մասնաւոր ներդրողներու միջոցներով, իսկ շինարարական աշխատանքները սկսան ընթացիկ տարուան Յուլիսին։ Նախատեսուած է, որ հոն բարձրանան 13 շէնքեր՝ 200 բնակելի տուներով։ Խօսելով իրականացող աշխատանքներուն մասին՝ ան ըսաւ. «Ներկայիս սկսած են առաջին, երկրորդ, երրորդ, տասնմէկերորդ, տասներկուերորդ, տասներեքերորդ եւ տասնչորսերորդ մասնաշէնքերու հիմքերու փորման աշխատանքները: Այնուհետեւ պիտի սկսուի հիմքերու պեթոնային, կարկասային մասի, կմախքի կառուցման աշխատանքները: Ամսուան ընթացքին շինարարներուն պիտի տրամադրուի ամբողջ թաղամասին նախագծա-նախահաշուային փաստաթուղթերը: Թաղամասը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 2020-2021 թուականին»։

Կարէն Շահրամանեան տեղեկացուց, որ թաղամասի ներքեւի հատուածին մէջ նախատեսուած է  ունենալ մանկապարտէզ, որ պիտի սպասարկէ նաեւ «Արցախ» եւ «Զինաւան» թաղամասերու  երեխաններուն: Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակութային կեդրոնի ներքեւի հատուածին մէջ նախատեսուած է կառուցել շուրջ 600 հոգինոց դպրոցի նոր շէնք մը, որուն կից պիտի կանգնի ֆրանսախօսութեան կեդրոնը։

«Շէնքերուն առաջին յարկերը պիտի ըլլան ոչ բնակելի տարածքներ: Թաղամասի ներքեւի մասերը պիտի ըլլան խաղահրապարակներ, կայանատեղիներ, կանաչապատ գօտիներ: Թաղամասը երթեւեկելի մասով կապուած պիտի ըլլայ Սպանդարեան փողոցին հետ։ Բնակարաններուն մէկ մասը՝ տարբեր ծրագրերու ծիրէն ներս՝ պիտի տրամադրուի անապահով, բազմազաւակ ընտանիքներուն, իսկ մեծ մասը մատչելի գիներով պիտի տրուի հիփոթեքային վարկաւորումով։ Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ վերահսկողութիւն, որպէսզի կառուցման ընթացքին որեւէ բացթողում ու թերութիւն չըլլայ»,- աւելցուց Կ. Շահրամանեան: