Մարդկայնացնել Քաղաքականութիւնը Գրող Եւ Քաղաքականութիւն Օտա՞ր Են Իրարու

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Այն հարցումը, զոր ես յաճախ ուղղած եմ ես ինծի, հետեւեալն է. ուրեմն, իմ մէջ կան երկու անձեր, ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսը, մին կը ձգտի դէպի Աստուած, ըսել կ’ուզեմ` բանաստեղծութիւն, եւ ուրիշ մը, որ կը յաղթուի սատանայական փորձութենէն, ըսել կ’ուզեմ` քաղաքական գործունէութենէն, եւ կամ` կրնա՞նք պաշտպանել այն տեսակէտը, որ բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն, ըսենք, հաշտելի են:

ԺՈՐԺ ՓՈՄՓԻՏՈՒ*
Ֆրանսայի վարչապետ եւ նախագահ
Poésie et politique, causerie

Ժամանակակից ընկերութեան մէջ, եւ մասնաւորաբար` հայկական, կարծէք` գրողին, բանաստեղծին, ընդհանրապէս արուեստներուն եւ քաղաքականութեան միջեւ խրամատ ստեղծուած է: Ամէնուրեք քաղաքականութիւնը սեփականացուած է իրաւաբաններու, տնտեսագէտներու, դրամատէրերու, դիւանակալներու եւ երբեմն ալ զինուորականներու կողմէ: Անցեալին միշտ այդպէս չէր կացութիւնը: Մարկոս Աւրելիոս Հռոմի կայսրը իմաստասէր էր, Վիքթոր Հիւկօ խորհրդարանի անդամ էր եւ ընդդիմադիր` Լուի-Նափոլէոն Պոնափարթի: Զտարիւն բանաստեղծներ, ինչպէս` Արթիւր Ռեմպօ, Լամարթին, Ալֆրետ տը Միւսէ, Ափոլիներ, դիրքորոշուած են քաղաքական կեանքի մէջ, խօսած եւ գրած:

Հայկական իրականութիւնը եւս այդպէս եղած է, ուսուցիչներ եւ գրողներ քաղաքականութեամբ զբաղած են, խօսած եւ գրած. Աւետիս Ահարոնեան եւ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գրիգոր Զոհրապ եւ Ռուբէն Զարդարեան, եւ ուրիշներ: Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ քաղաքականութեան մէջ մարդկայնութեան (հիւմանիզմ) կորուստը մեր օրերուն մտաւորականութեան բացակայութեան հետեւանք չէ՞: Եւ ինչո՞ւ իշխանութեան դռները փակ պիտի ըլլան բանաստեղծին, գրողին, արուեստագէտին, մտաւորականին առջեւ:

Երբեմն մեր խոզակէն դուրս գալով` պէտք է լսենք, թէ ի՛նչ կը մտածեն եւ ինչպէ՛ս կը դատեն ուրիշներ, մանաւանդ` մեր ժամանակակիցները, որոնց համար չենք կրնար ըսել «հինցած» են, «դասական» են, «իրապաշտ» չեն: Ժամանակակից հեռատեսիլի լրագրող Ֆրետերիք Սէյզ  (France Culture) ուշագրաւ խօսք մը ունի: Կ’ըսէ. «Քաղաքականութիւնը, առանց բանաստեղծութեան, կոյտ մըն է թուանշաններու, գիծերու եւ չափերու»: Այսինքն` անհոգի գործունէութիւն, որմէ կը բացակայի, տարբեր արտայայտութիւններով, երազներով եւ ցանկութիւններով մարդը:

ԺԹ. դարու բանաստեղծ Ալֆրետ տը Միւսէ կ’ըսէ.

«Քաղաքականութիւն, աւա՜ղ, մեր խեղճութիւնը ահա:
Լաւագոյն թշնամիներս կը թելադրեն այդ ընել:
Այս իրիկուն ըլլալ կարմիր, վաղը սպիտակ, օ՜ ոչ»:

Թատրոն, որ կանգ չ’առներ: Այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր: Մեծերու, փոքրերու աշխարհներուն մէջ:

Առանց մեծ բառերու` տրուած է քաղաքականութեան մերկ պատկերը:

Ի վերջոյ պէտք է մտածել նաեւ, որ քաղաքական կեանքի նոր ձեւաւորումները նախ արտայայտուած են գրականութեան մէջ. Ժան-Ժաք Ռուսօ, Վոլթեր եւ Քոնտորսէ, առանց մոռնալու Րաֆֆին եւ իր յայտնատեսական վէպերը: Եւ` բազում ուրիշներ: Հարկ է նաեւ խօսիլ այն մասին, որ քաղաքական ճառը բառերով եւ խօսքով կը դրսեւորուի կարենալ հասնելու համար մարդոց, աւելի պարզ` անոնց, որոնք կրողն են քաղաքականութեան եւ քաղաքական անձին իշխանութիւն յանձնող մարդիկը:

Ֆրանսայի նախագահ եղած Ժորժ Փոմփիտուի զրոյցներէն մին կը կրէ «Poésie et Politique» խորագիրը` «Բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն», որ եթէ թարգմանուի հայերէնի, ինչո՞ւ ոչ` նաեւ այլ լեզուներու, քաղաքական գործին տարբեր որակ կու տայ, իսկ գրողը, բանաստեղծը, մտաւորականը կը ներքաշէ հանրային աշխատանքի մէջ: Կ’ունենանք զէնքէն եւ դրամէն տարբեր արժէքներ, արժեւորումներ: Ժորժ Փոմփիտու կը փորձէ սահմանել բանաստեղծի եւ քաղաքական մարդու մարզերը, զանոնք առաջնորդող դրդապատճառները, նաեւ` հասկնալ, թէ ի՛նչ եղած են անցեալին անոնց յարաբերութիւնները: Աւելի ճիշդ` ինչպէ՞ս վերաբերած են բանաստեղծները քաղաքականութեան: Ան կը յայտնէ այն միտքը, որ բանաստեղծութիւնը երազ է, իտէալ, քաղաքականութիւնը` իրապաշտութիւն: Բանաստեղծները չեն յաջողած քաղաքական կեանքի մէջ, դարձած են ընդդիմադիր, «ինչ որ ձախողութեան նշան է քաղաքական կեանքի մէջ»: Կամ` այն միտքը, որ քաղաքական մարդուն համար կեանքը անցընել ընդդիմութեան մէջ` պիտի ըլլար այնպէս, որ բանաստեղծը դատապարտուէր կարդալու եւ դատելու ուրիշներու տողերը:

Նոյնը չէ առարկան բանաստեղծին եւ քաղաքական գործիչին: Մին բառերու հետ աշխատող արուեստ է, միւսը կը չմշկէ իրադարձութիւններու վրայ եւ կը գործածէ մարդիկը:

Ժորժ Փոմփիտու կը յիշէ օրինակները քաղաքական դէմքերու խօսքերուն, որոնց մէջ կը փայլատակէ տպաւորող բանաստեղծական արտայայտութիւնը, եւ կը յիշէ Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքը` ուղղուած անգլիացիներուն. «Ձեզի ոչինչ ունիմ առաջարկելիք` բացի արիւնէ եւ աշխատանքէ, արցունքէ եւ քրտինքէ»: Կը յիշեցնէ, որ բանաստեղծական արտայայտութիւն, դիւցազնավէպը քաղաքական է իր հերոսներով եւ առաջնորդներով, այդ սեռը փորձած են բազմաթիւ գրողներ: Կրկին կարդալ «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը», կամ «Հարճը»: Ի հարկէ, բանաստեղծին «քաղաքական խօսքը» ամբոխավարութիւն չէ, այլ` հարազատ զգացում եւ տեսիլք: Այդպէս է Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»-ը, կամ` Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած»-ը, «Գիրք Ճանապարհի»-ին եւ լսել… «Հդահյուն»-ը…

Ճիշդ է` անհատ ենք, յաճախ նաեւ` անհատապաշտ: Բայց ինչպէս կ’ըսեն ընկերաբանները, մարդը էապէս «ընկերային կենդանի» է: Այս պատճառով ալ բանաստեղծը երբեմն կ’ապաստանի իր ներաշխարհին մէջ, զգացումներ, յոյսեր, բեկումներ, բայց նաեւ կը բացուի իտէալներու վրայ, որոնք կը վերաբերին իրեն եւ իր նմաններուն: Ժորժ Փոմփիտու այս վերաբերումով կը բացատրէ 20-րդ դարուն ծաւալած «յանձնառու գրականութիւնը» (Ժան-Փոլ Սարթր, Ալպեր Քամիւ եւ ուրիշներ):

Այս յանձնառու գրականութիւնը իր արմատները ունի բոլոր ժողովուրդներու պարագային` Հոմերոսէն մինչեւ մեր օրերը, նաեւ` այլ քաղաքակրթութիւններու մէջ, երբ գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն կ’երգեն հերոսները, Խորենացիի «Վահագնի ծնունդ»-էն մինչեւ «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Աւետիս Ահարոնեանի «Վազրիկը», կամ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը»:

Այսօր փաստը այն է, որ ինչպէս ըսի, քաղաքականութիւնը իւրացուած է իրաւաբաններու, դրամատէրերու, տնտեսագէտներու, դիւանակալներու (ափարաթչիքներու), խպնիլ չգիտցող փառասէրներու եւ հնարամիտներու (քոմպինացիա) կողմէ: Արդիւնքը այն է, որ մարդկութիւնը, ժողովուրդներ եւ երկիրներ կը շարունակեն ապրիլ տնտեսական տագնապներու, անհասկացողութիւններու, պատերազմներու մէջ, քաղաքական ղեկավարութիւնները նորի անուան տակ կը շարունակեն հինը կրկնել` չարաշահումներ եւ մահեր:

Վիքթոր Հիւկոյի մը, Նիկոլ Աղբալեանի մը եւ անոնց նմաններու, այսինքն հոգեւոր եւ թռիչք ունեցող մարդոց բացակայութիւնը պատճառ է հաւանօրէն, որ քաղաքականութիւնը չի յաջողիր ըլլալ իսկական հանրային ծառայութիւն` մարդոց բերելու համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն:

Նկատի ունենալով, որ իշխանաւորներու դասական պատկերը յաջողութիւն եւ բարիք չի բերեր, ինչո՞ւ չփորձել «բանաստեղծութեամբ» յատկանշուող ընդհանուր ոգեկանութիւնը բերել քաղաքականութեան մէջ: Այս` բոլոր ժողովուրդներու պարագային:

Բայց նաեւ` մեր, մեր «փոքր ածու»-ին համար:

Այսինքն` մասնագէտներու, ափարաթչիքներու, դրամատէրերու, ընտանեպաշտական (nռpotisme) եւ նոմենքլաթուրային իշխանութիւններուն նոր եւ մարդկային որակ հաղորդել, «Սասունցի Դաւիթ»-ը կամ Րաֆֆիի «Խենթ»-ը բերել մեր կեանքին մէջ, ամէնուրեք, հոն, ուր կը հաւատանք, որ պէտք է տոկանք, տեւենք, ըլլանք ինքնութիւն ունեցող հայրենատէր շարունակութիւն` մարդկայնացնելով քաղաքականութիւնը ոչ միայն ճառով, փողով, թմբուկով եւ հրավառութիւններով…

Այս է անքան սիրուած եւ ճառ զարդարող ապագայակերտ իսկական մարտահրաւէրը…

 

* Ժորժ Փոմփիտու (1911-1974) մեծ մտաւորական էր, կարեւոր պաշտօններ վարած էր եւ եղաւ Ֆրանսայի վարչապետ ու նախագահ (1969-1974):