Ժողովուրդին Նայիլ Ու Տեսնել Պետականութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Մեր քաղաքականութիւնը մեր առօրեան է: Կը խօսինք, կ՛ուտենք, կը խմենք, գործի կ՛երթանք, կը ստեղծագործենք, դրամ կը շահինք, կը ծախսենք ու կը վայելենք: Քաղաքական այս առօրեան է, որ կը խարսխէ ազգային մեր արժէքները երկրին մէջ եւ իմաստ կու տայ հաստատուած պետականութեան իր ամենակայուն ու բնական գոյութեան մէջ:

Երկար տարիներ քաղաքական այս պարզ առօրեայէն զրկուած հայրենի մեր ժողովուրդը, ի վերջոյ գիտցաւ պոռթկալ, ապստամբիլ ու տապալել այն իշխանութիւնը, որ իր առօրեայ իրաւունքը խլած էր իրմէ:

Ժողովուրդը ցոյց տուաւ յեղափոխական իր նկարագիրը՝ մեզի համար այնքան հարազատ ու կենցաղային հիմք ունեցող յեղափոխական նկարագիրը: Տեսանք, որ շատ հարազատ ու բնական արտայայտութեամբ՝ ժողովուրդը խօսեցաւ ու ազատ երթ տուաւ յեղափոխական իր նկարագիրին:

Հեգնական է սակայն, որ քաղաքական մեր միտքը եկաւ իր թերութեամբ, եւ պէտք եղած արժեւորումը չկրցաւ տալ ժողովուրդի այս պոռթկումին, այս յեղափոխութեան ու կասկածով նայեցաւ անոր հաւանական ազատ ընթացքին եւ զարգացումին:

Տարօրինակ է քաղաքական մեր մտածողութիւնը: Իշխանութեան կը նայինք փոխանակ ժողովուրդ տեսնելու: Վիճակացոյց եւ դեղին քարտ ցոյց կու տանք իշխանութեան, փոխանակ քաջագործութեան պատուանիշ ու համարձակութեան վկայագիր տալու ժողովուրդին: Չենք կեդրոնանար քաղաքական զարգացման ճիշդ խարիսխին ու տրամաբանութեան վրայ, որպէսզի իշխանութեան որոշումները կարենան թափանցել ժողովուրդի բնական առօրեային մէջ:

Ո՞վ, ի վերջոյ, պիտի առաջնորդէ այս ժողովուրդը յեղափոխական իր երթին մէջ, առանց տարտղնուելու հին կամ նոր, այս կամ այն իշխանութիւններու գործին մէջ: Այս երթը ունի իր յաջորդական փուլերը, որոնք ժողովուրդէն կու գան, քայլ առ քայլ կը հաստատուին մինչեւ որ հաստատուած ըլլայ նաեւ պետականութիւնը:

Հայրենի ժողովուրդին կեանքի զարգացումը, ընդունի՛նք, կ՛ընթանայ առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխներգործութեամբ: Ասիկա կը նշանակէ, որ հայ անհատը նախ իր համոզումով ու նուիրումով պոռթկաց, իշխանութիւն տապալեց, ներդրում ունեցաւ հայրենի կեանքին մէջ, ապա երթի մէջ դրաւ այդ կեանքին առարկայական պայմաններու զարգացումը: Հետեւաբար, հայրենի ժողովուրդին յեղափոխական գործն էր, որ քաղաքական գետին բերաւ այդ փոխներգործութիւնը, խարիսխ տուաւ կառոյց եւ ենթակառոյց տուեալներու շաղկապումին: Առիթ տուաւ, որ պետական կառոյցները, քաղաքական թէ տնտեսական իրենց որոշումներով ու գործունէութեամբ թափանցեն առօրեայ կեանքին եւ ենթակառոյցին մէջ:

Պարզ է՝ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ երկրին մէջ պատրաստ գետին կայ պետական թէ կուսակցական, քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցները, հաստատութիւնները եւ մարմինները ուղղակի կապուած ու զօդուած ըլլալու ժողովուրդի պահանջներուն ու, մանաւանդ, իրենց որոշումներով, հարազատ արտացոլումն ու բնական պատկերը ըլլալու ժողովուրդի առօրեայ կեանքին: Ժողովուրդը տուաւ մեզի այդ առիթը, մենք տեսանք անոր գալուստը, մտածեցինք ու քննարկեցինք, բայց աւա՜ղ, իշխանութեան թէ դիւանագիտութեան անյարիր հաշիւներով, մենք մեզի իրաւունք տուինք արժեզրկելու եւ կորսնցնելու այդ առիթը:

Ըսած եմ, եթէ պետականութիւնը քաղաքական արժէք է մեզի համար, ապա այդ արժէքը պէտք է փնտռել ժողովուրդի ամէնէն պարզ ու սովորական յարաբերութիւններուն մէջ: Պէտք է փնտռել առօրեայ կեանքի թաւալումներուն մէջ, երբ սովորական կեանքը ժամանակին հետ եւ բնականաբար կը յղկէ ու կը մշակէ մարդուն անկախ հոգին ու հայրենիքի ազատութեան հասկացողութիւնը եւ անոր հաստատ պատկերացումը: Ժողովուրդով խարսխուած պետականութիւնը անկախութիւն կը սերմանէ, կը թաւալի տուներու, թաղերու եւ գործատեղիներու մէջ, մարդուն առօրեայ կեանքին մէջ ու, ի վերջոյ, կը հաստատուի հոգիներուն մէջ՝ իբրեւ բարձրունքներ նուաճող ու կացութիւններ յաղթահարող քաղաքական արժէք: