ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Ընդունած է Արցախի Մէջ Հրադադարի Ամրապնդման Ուղղուած Ճուտի Չուի Լրացումը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է Արցախի խաղաղութեան համար «Ռոյս-էնկել» առաջարկին մէջ Ճուտի Չուի ներկայացուցած լրացումը` ուղղուած հրադադարի ամրապնդման:

Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի կայքը:

Ճուտի Չուի ներկայացուցած լրացումով կ՛առաջարկուի դիպուկահարները ետ քաշել, ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւը աւելցնել, հրաձգութիւնը արձանագրող սարքեր (locator) տեղակայել սահմանին վրայ:

Չու իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ Արցախի դէմ ահաբեկչական արշաւը պէտք է աւարտի: «Ահա թէ ինչու համար ես ներկայացուցած եմ լրացումներ հրադադարի ամրապնդման ուղղուած առաջարկներուն, որոնք ներկայացուցած են Էլիոթ Էնկելն ու Էդ Ռոյսը»,- ըսած է ան: