Քոմանտոսը Անիի Եկեղեցիներուն Դիմաց Բարձրացուց Եռագոյնը

Հայաստան

Արցախի հերոս Արկադի Տէր Թադեւոսեանի` Քոմանտոսի 80-ամեակի ձեռնարկները, որ մեկնարկած էին Երեւանի մէջ, շարունակուեցան ծննդավայրին` Շիրակի մարզի Խարկով կամ նոր անունով Նոր Շէն գիւղին մէջ: Թէեւ հրամանատարը ծնած է 1939-ի Մայիս 22-ին, սակայն «Շիրակ հայրենակցական միաւորում»-ը որոշած է շարունակել յոբելեանական ձեռնարկները ամբողջ տարին, կը հաղորդէ armradio.am-ի թղթակիցը:

Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանին Անիի վանքերուն դէմ դիմաց կը գտնուի Շիրակի մարզի Խարկով, կամ նոր անունով Նոր Շէն գիւղը: Այստեղ մուտքի համար անցագիր պէտք է, քանի որ կը գտնուի ռուսական սահմանապահ ուղեկալի հսկողութեան տակ: Սահմանային կարգը խստացնելու հետեւանքով բնակավայրը հետզհետէ դատարկուած է: Մնացած են կիսաւէր տուներ, յիշողութիւններ ու աւերակներու մէջ ապրող միակ բնակիչը` 83-ամեայ Վահանդուխտ տատիկը: «Էն վախտ մարդ կար, շէն էր գիւղը խօ ըսպես չէր»,- կ՛ըսէ Վահանդուխտ Վարդանեանը:

Նոր Շէնի մէջ իր մանկութիւնը անցուցած է Հրամանատար Արկադի Տէր Թադեւոսեանը: Հակառակ սահմանը անցնելու բարդութիւններուն, «Շիրակ հայրենակցական միաւորման» նախաձեռնութեամբ ան նորէն մանկութեան օրրան այցելեց: «Էստեղ էր մեր տունը», — կ՛ըսէ ան՝ ցոյց տալով տան տեղը:

Յիշողութիւններ, մանկութեան հոտն ու համը կարծես թէ դեռ մնացած են նոյնիսկ փլատակներու մէջ. «Ճադի էին ասում, կուկուռուզից էին պատրաստում, էդ հացի հոտը, յիշում եմ, թխում էին թոնրի մէջ»:

Նոր Շէնի առօրեան այսօր ուրիշ էր, Վահանդուխտ տատիկին հիւրերն ալ` հրամանատարներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ: Հիւրերուն համար Վահանդուխտ տատիկը մոմեր պահած է,  որ վառեն գիւղի կիսաւէր եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաջին ու վերջին հովիւը եղած է Քոմանտոսի պապը` Տէր Թադեւոսը:

Խորանի մօտ աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած, եկեղեցւոյ կողքին ալ` հանդիսութեամբ բարձրացաւ նոր ու աւելի մեծ Եռագոյնը:

«Նորացրեցինք, որպէսզի միւս ափից տեսնեն, որ ինչքան էլ մեր շէները թէկուզ եւ դատարկ, բայց հայի ոգին կայ»,-կ՛ըսէ «Շիրակ հայրենակցական միաւորում» կազմակերպութեան նախագահ Վարազդատ Աւոյեանը:

Միւս ափին` հայոց պատմական մայրաքաղաքի վանքերն են: Ախուրեանի այս ափէն պարզ տեսանելի են Անիի մայր տաճարի զբօսաշրջիկները: Մեր պատմութեան փառահեղ մայրաքաղաքը մեզմէ 10 դարով եւ ընդամէնը 1 ձորով կը բաժանուի:

Այստեղ ալ հիւրերը  հայկական եռագոյնով ու երգերով ողջունեցին Անին:

Արկադի Տէր Թադեւոսեանը  կարօտով կը նայի ու կը յիշէ մանկութիւնը, որ անցած էր Անիի դիմաց ու Անիէն հեռու: Անին օր մը տուն պիտի վերադառնայ` կ՛ըսէ Քոմանտոսը. «Մենք իրեն սպասում ենք, մենք իրեն շատ ենք սիրում ու Անին էլ զգում է մեր սէրը»:

Անիով հիանալու թոյլատրելի ժամանակը կարճ էր, հիւրերը շտապեցին Գիւմրի, Վանօ Թադէոյի եւ Յասմիկ Պապեանի համերգին` նուիրուած Արկադի Տէր Թադեւոսեանի 80-ամեակին, իսկ Վահանդուխտ տատիկը մնաց սկեսուրի պատգամը կատարելու, օջախը վառ պահելու, որ Ախուրեանի միւս ափէն տեսնեն իր օճախի ծուխն ու իմանան, որ գիւղին մէջ հայեր կ՛ապրին: