Քաղաքացիները Երեւանի Քաղաքապետարանի Շէնքին Առջեւ Կը Բողոքեն Աղբահանութեան Վիճակին Համար

Հայաստան

Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի դիմաց խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի գործողութիւն իրականացուցին` պահանջելով պատշաճ իրականացնել քաղաքի մաքրութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ցոյցի մասնակիցները ի նշան բողոքի հաւաքած էին մօտակայ շէնքերէն մէկուն աղբը ու բերած քաղաքապետարան:

Երեւանի աւագանիի նախկին անդամ (Երկիր Ծիրանի) Սոնա Աղեկեան տեսանիւթ հրապարակած է Երեւանի քաղաքապետարանի մօտ տեղի ունեցած բողոքի գործողութենէն: Քաղաքացիներն աղբի տոպրակներ կը նետեն շէնքի մուտքի մօտ` պատկան մարմիններուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով քաղաքի առջեւ ծառացած խնդրի վրայ:

«Աղբը մենք կը տանինք քաղաքապետարան, որ հասկնան, թէ ամէն օր մենք պիտի մաքրենք հասցէ մը, ուր բնակիչներէն կը ստանաք ահազանգ եւ աղբը պիտի տանինք իրենց: Մինչեւ հասկնան, որ Երեւանի աղբավայր չէ, Երեւանը մայրաքաղաք է»,-ըսած է Աղեկեան` նշելով, որ այսօր աղբը տեղափոխած են Արշակունեաց փողոցէն:

Ցոյցի մասնակիցները կը նշեն, որ այդ հատուածի աղբահանութիւնը արդէն 21 օրէ ի վեր չէ իրականացուած: Անոնք կոչ կ՛ընեն քաղաքացիներուն միանալ ցոյցին եւ մաքրել քաղաքը աղբէն:

Ցոյցի մասնակիցները նաեւ կը փորձէին աղբը քաղաքապետարանի շէնք տանիլ, սակայն քաղաքապետարանի աշխատակիցները թոյլ չտուին:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները 3 քաղաքացի բերման ենթարկեցին: