Էրտողանի Հրամանով Վանայ Լիճի Կղզիները Աւելի Ուժեղ Պաշտպանութեան Տակ Պիտի Առնուին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով Վանայ լիճի 4 կղզիներէն 3-ը ներառուած են բնական արգելավայրի կազմին մէջ եւ հետայսու աւելի ուժեղ պաշտպանութեան տակ պիտի առնուին. Կը հաղորդէ «Երկիր»-ը՝ վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Որոշումը կը վերաբերի բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու համար նախընտրելի զբօսաշրջային վայր համարուող Աղթամար, Կտուց եւ Լիմ կղզիները, ուր կը գտնուին վանական համալիրներ:

Որոշման նպատակը նաեւ լիճի շրջակայքը ապրող բազմաթիւ կենդանատեսակներն ու բոյսերը` ոչնչացումէն փրկելն է: