Մեծ Պայթիւն՝ Թուրք-սուրիական Սահմանին

Աշխարհ

Յուլիս 7-ին, թուրք-սուրիական սահմանին գտնուող Հաթա նահանգի Ռղյհանլը շրջանին մէջ պայթաց է պայթուցիկով բեռնուած մեքենայ մը։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ պայթումին հետեւանքով զոհուած է 3 սուրիացի։ Դէպքին առնչութեամբ սկսած է հետաքննութիւն: Արդէն կայ ոստիկանատուն տարուած 16 քաղաքացի։

Դէպքի վայր ուղարկուած են մեծաթիւ հրշէջներ եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներ։

Տեղի ունեցածին արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը։ Ան չէ բացառած ահաբելչութեան վարկածը: Իրաւապահները կը շարունակեն պարզել դէպքին մանրամասնութիւնները։