Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Դեսպանատան Մշակոյթի Ու Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Սփիւռք

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարը:

Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք հրաժեշտ առնել եւ շնորհակալութիւն յայտնել վեհափառին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարի իր ուրախութիւնը յայտնեց Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապերուն եւ շարունակուող գործակցութեան համար: Ան նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Իրանի հայութեան նկատմամբ` շեշտելով, որ Իրանի հայերը պարկեշտ ու աշխատասէր քաղաքացիներ են իրենց երկրին նկատմամբ:

Վեհափառ հայրապետ իր կարգին ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ տարիներ առաջ սկսած երկխօսութիւնը` մշակութային ու կրօնական մարզերուն մէջ, ընդգծեց զայն շարունակելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններուն հասարակաց արժէքներէն ու մտահոգութիւններէն մեկնած, միասնաբար դիմագրաւել ներկայ ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: