Նամականի․ Մնաս Բարով, Հայ Դպրոց

Uncategorized, Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

          2007 թուականին առաջին անգամ ըլլալով ինծի կը վստահուէր կրթական հաստատութեան մը մէջ բարձր պաշտօն ու անոր առաջադրած պատասխանատուութիւնը: Եւ որովհետեւ ուսուցումն ու ուսուցչական ասպարէզը սրտիս խօսող առաքելութիւն մըն էր արդէն վաղուց, յօժարութիւնս յայտնեցի ստանձնելու Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնութեան ղեկը, որ յետագային վերանուանուեցաւ ու դարձաւ այսօրուան  Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը:

            Ուսուցիչներն ու տնօրէնները կրթական մշակներ են, որոնք լռելեայն կ’երդնուն խղճով եւ յանձնառութեամբ կատարել սերունդներ դաստիարակելու նուիրական աշխատանքը՝ «պատրաստելու մարդը»: Ուստի, այդ երդումին գիտակից ու հաւատարիմ մնալով, տասը տարի որպէս տնօրէն ծառայեցի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ եւ, փառք Աստուծոյ, դպրոցին պատմութիւնը, հարիւրաւոր ծնողներու եւ աշակերտներու վկայութիւնը կը փաստէ այս ծիրին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնը, որով այդ դպրոցը տարուէ տարի ուռճացաւ եւ գագաթներ նուաճեց, որուն համար նախ երախտապարտ եմ Աստուծոյ, եւ ապա՝ հայկական դպրոցին նկատմամբ տեսլական ունեցող գիտակից անձերու, որոնց հետ միասին ծառայած եմ լիբանանահայ գաղութին՝ տալով բազմահարիւր աշակերտներ:

            Տասը տարի ետք, 2017 թուականի Հոկտեմբերին, չարաբաստիկ դիպուածով հեռացուեցայ վերոնշեալ վարժարանէն: Դէպք մը, որուն անհաճոյ մանրամասնութիւններուն հրապարակայնօրէն չեմ անրադարձած օրին եւ ոչ ալ նպատակ ունիմ այդ մէկը կատարելու այսօր: Բայց մէկ բան յստակ էր, որ այդ դիպուածը ոչ մէկ ձեւով խախտած էր հաւատքս հայ դպրոցին ծառայելու վեհ գաղափարին հանդէպ:

            Այդ իսկ պատճառով, երբ այդ թուականէն անմիջապէս ետք, 2017 տարին չաւարտած, ինծի առաջարկուեցաւ մասնակից դառնալ Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի մէջ համանուն դպրոցը Ռաուտայի շրջանին մէջ վերաբանալու ծրագրին, առանց երկար մտածելու յօժարութիւնս յայտնեցի եւ ստանձնեցի դպրոց մը ոչինչէն ոտքի հանելու եւ կեանքի կոչելու դժուարին եւ ծանր մարտահրաւէրը:

            Ամբողջ եօթը ամիս շինարարութեան եւ հիմնադրութեան աշխատանքներուն մօտէն հետեւելէ եւ դպրոցին անդրանիկ տարեշրջանը յաջողութեամբ կազմակերպելէ ետք, Հոկտեմբեր 2018-ին նորակառոյց Մխիթարեան վարժարանը բացաւ իր դռները:

            Այո, թուականէս մէկ տարի առաջ… Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը լոկ գաղափար մըն էր:

            Մէկ տարի առաջ… Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի շէնքը լոկ կառոյց մըն էր:

            Մէկ տարի առաջ… Մխիթարեան վարժարանի տարածքը անմշակ պարտէզ մըն էր:

            Մէկ տարի առաջ կ’ըսէին, որ Մխիթարեան վարժարանը իր դռները չի կրնար բանալ:

            Մէկ տարի առաջ կ’ըսէին, որ Մխիթարեան վարժարանը արտօնագիր չունի:

            Եւ ահաւասիկ այսօր, այդ խօսքերէն ՄԻԱՅՆ մէկ տարի ետք, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը

            ոչ միայն կեանք ու մարմին առած է,

            ոչ միայն անոր շէնքը լեցուած է շունչով, մանուկներու ճիչերով ու պատանիներու կանչերով,

            ոչ միայն անոր շրջապատը դարձած է բնապահպանութեան սատարող կանաչապատ տարածք,

            ոչ միայն ան իր դռները լայն բացած է գաղութի զաւակներուն դիմաց,

            ոչ միայն արտօնագիր չունենալու ցնորաբանութիւնը առյաւէտ վերացուցած է շատախօսներու բերանէն,

            այլ նաեւ…. ան յաջողութեամբ ամբողջացուցած է իր առաջին տարին եւ յառաջ կը նայի դէպի գալիք տարիներ:

            Այն բոլորը ինչ երազ էր տակաւին միայն մէկ տարի առաջ, ութ ամսուան ընթացքին դարձաւ գեղեցիկ իրականութիւն: Դպրոցը թեւեր առաւ եւ սկսաւ կամաց-կամաց բարձրէն թռչիլ, գիտակցելով որ տակաւին երկար ճամբայ եւ գագաթներ ունի նուաճելիք:

            Այո՛, այնքան ատեն, որ յանձն առած էի նորաբաց Մխիթարեան վարժարանի նաւը դէպի հեռու հորիզոններ, բաց եւ ապահով ափեր նաւարկելու պատասխանատու պաշտօնը, ես թոյլ չտուի ինծի յուսացողի ոչ մէկուն՝ յուսախաբ ընել:

            Եւ այսօր, երբ Աստուծոյ հանդէպ իմ խիղճս հանգիստ է ու ես հպարտութեամբ կրնամ յայտարարել, որ նորակառոյց դպրոցի մը ծնունդ տալու, հիմը դնելու եւ իր առաջին քայլերը նետելու աշխատանքին մէջ բերած եմ իմ համեստ ներդրումս, իմ ա՛յս պարտականութիւնս ամբողջացուցած կը համարեմ:

            Միւս կողմէ, դժբախտաբար եւ ցաւով կը տեսնենք, որ վերջին քանի մը տարիներուն արդէն անքօղարկելի դարձած է լիբանանահայ դպրոցներուն անկումային վիճակը: Կրթական հաստատութիւններուն մէջ տագնապալից ալիքները սկսած են սպառել բոլոր դպրոցներուն ուժականութիւնը եւ անոնք կը մղեն գոյութենական լուրջ պայքար: Ափսոսանքով կը նայիմ հայկական դպրոցներուն վերեւ կուտակուած խաւարամած ամպերուն, երբ օրական դրութեամբ ահազանգեր կը հնչեն, եւ դժբախտաբար արդէն ականատես կը դառնանք դպրոցներ փակելու համաճարակի վերածուած երեւոյթին եւ հայ աշակերտ կորսնցնելու հիւծող տառապանքին: Անհերքելի իրականութիւն է, որ զանազան պատճառներով, հայ դպրոցը սկսած է տեղի տալ, նահանջ արձանագրել եւ խարխափել:

            Արդարեւ, ի տես այս բոլորին եւ խորապէս ցաւ զգալով հայ դպրոցին սլացքը կասեցնելու, բարձունքներու ձգտելու անոր կամքը հարուածելու եւ անոր ստեղծագործական թռիչքը խափանելու երեւոյթին նկատմամբ, ես այսօր հրաժեշտ կու տամ ինծի համար անչափ սիրելի հայ դպրոցին, բաւարարուելով կրթական բնագաւառին մէջ տասներկու տարուան փորձառութեամբս՝ տասը տարի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը անմնացորդ նուիրումով բարձրագոյն գագաթին հասցնելու, ինչպէս նաեւ նորափթիթ Մխիթարեան Վարժարանը հիմնելու եւ զայն ճիշդ հունին մէջ դնելու պատիւն ու համբաւը ունենալով: Ես այսօր հպարտութեամբ կը նայիմ կրթական ոլորտէն ներս արձանագրած նուաճումներուս, փառք կու տամ Աստուծոյ,  կ’ուրախանամ ու կը պարծենամ իմ բազմաթիւ աշակերտ-աշակերտուհիներուս ձեռքբերումներով:

            Ուստի, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի, հայ դպրոց, որ ինծի ընծայեցիր ազգիս ծառայելու վսեմագոյն առիթը: Մնաս բարով եւ կանգուն:

4 Յուլիս 2019