Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Ստորագրեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրող Ամավարկը

Աշխարհ, Սփիւռք

 Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ ստորագրուած 2019-2020 նահանգային ամավարկին մէջ տեղ գտած է նաեւ թանրագանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու պայմանը, որուն շնորհիւ ցարդ թանգարանին կատարուած նահանգային իշխանութիւններուն ներդրումները պիտի հասնին 8 միլիոն տոլարի։

Յիշեցնենք, որ Մայիսին այս նպատակով հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ղեկավարութեան եւ նահանգապետին օրէնսդրական հարցերու քարտուղար Էնթընի Ուիլեըմզի միջեւ, որուն լոյսին տակ, Նիւսըմ 2019-2020 տարեշրջանի նահագնային ամավարկին մէջ աոաջարկած էր այս գումարը։ Այդ հանդիպումին մասնակցեցան թանգարանի հոգաբարձութենէն, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական խմբակէն եւ շինարարական յանձնախումբէն անդամներ:

Թանգարանի ծրագիրին ջատագով Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ դրուատեց Նիւսըմի այս քայլը՝ շեշտելով, որ անոր միջոցաւ նահանգապետը ցոյց կու տայ, թէ լաւապէս հասկցած է թանգարանի ծրագիրին յոյժ կարեւորութիւնը:

Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել

www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: