Հայաստան Հիմնադրամի Հանգանակութիւն՝ Ի Նպաստ Գիւմրիի Բնակարանային Նորարար Ծրագիրին

Հայաստան, Սփիւռք

 Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը (Armenia Fund USA) հանգանակային ծաւալուն արշաւի մը նախաձեռնած է՝ ի նպաստ Գիւմրիի մէջ գործադրուելիք բնակարանային ընդլայնուած ծրագիրին:

Արշաւը կ՛ընդգրկէ պատկերասփիւռային յատուկ դրամահաւաք մը (թելեթոն), որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 14-ին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային դրամահաւաք մը (ֆոնեթոն):

Նշեալ բնակարանային ծրագիրը կը կրէ «Մեր Գիւմրին» անունը: Ծրագիրին ընդմէջէն, վերանորոգուած, ամբողջովին կահաւորուած, եւ տնային բոլոր անհրաժեշտ կազմածներով օժտուած յարկաբաժիններ պիտի յատկացուին առաւել քան 60 անտուն ընտանիքներու: Նոյնքան յատկանշականօրէն, ծրագիրը նպաստառու ընտանիքներուն համար ապրուստի միջոցներ պիտի տրամադրէ՝ անոնց ներկայացնելով աշխատանքային մարզումի եւ գործի բազմատեսակ պատեհութիւններ:

Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղը Գիւմրիի մէջ անտնութեան դէմ պայքար մղած է 2014-էն ի վեր, վերանորոգուած ու կահաւորուած յարկաբաժիններ յատկացնելով չքաւոր ընտանիքներու, որոնք տակաւին կ՛ապրէին խախուտ, հակաառողջապահական խրճիթներու՝ այսպէս կոչուած տոմիկներու մէջ: Ցարդ գրեթէ 55 ընտանիքներ յարկաբաժիններ ստացած են շնորհիւ ծրագիրին, որ կ՛իրականացուի «ARTN TV» ընկերութեան գործակցութեամբ: Այս տարի արմատապէս ընդլայնուած է այս ծրագիրը, նպատակ ունենալով ո՛չ միայն արագացնել բնակարանային օժանդակութեան ընթացքը, այլ նաեւ նպաստառուներուն շնորհել բարեկեցութեան առաջնորդող աննախընթաց առիթներ:

«Մեր նպատակը Գիւմրիի մէջ բազմաթիւ յաւելեալ ընտանիքներ անտնութեան նուաստացումէն փրկելն է, այսպիսով նաեւ սատարելով այդ հոյակապ քաղաքի շարունակուող վերականգնումին», յայտնեց Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի նախագահ Մարիա Մեհրանեան եւ աւելցուց. «Ամէն ինչ պատրաստ է մեր ընդարձակուած ծրագիրի իրագործման համար: Կը մնայ միայն ունենալ կորովի աջակցութիւնը մեր համայնքին, հոս՝ Քալիֆորնիա եւ այլուր, որպէսզի շարունակենք բարեփոխել երկար տարիներ տառապած գիւմրեցի մեր հայրենակիցներու կեանքերը»:

Թելեթոնը պիտի սփռուի Կիրակի, Յուլիս 14-ին, երեկոյեան 6-էն 10, Լոս Անճելըսի «ARTN TV» կայանէն: Թելեթոնը լուսարձակի տակ պիտի առնէ Գիւմրիի ինքնուրոյն ժողովուրդը, մշակութային հաստատութիւնները եւ նուաճումները, ինչպէս նաեւ պիտի սփռէ Հայաստան հիմնադրամի բնակարանային ծրագիրին մասին տեղեկագրութիւններ եւ վաւերագրութիւններ: