Ստեղծուած Է «Հակափտածութեան Քաղաքականութեան Խորհուրդ»` Նիկոլ Փաշինեանի Նախագահութեամբ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 24 Յունիս 2019-ի N 808 որոշումին համաձայն, ստեղծուած է «Հակափտածութեան քաղաքականութեան խորհուրդ»` Հայաստանի վարչապետին նախագահութեամբ, որուն հիմնական նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարի, փտածութեան յաղթահարման ուղղութեամբ նախանշուող առաջնահերթութիւններու եւ առաջարկուող լուծումներու քննարկումն է, ինչպէս նաեւ փտածութեան կանխարգիլման նպաստող քաղաքականութեան, ծրագիրներու եւ իրաւական դատերու նախագիծերու վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնելը:

Խորհուրդին մաս կը կազմեն վարչապետը (նախագահ), ոլորտը համակարգող փոխվարչապետը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը, արդարադատութեան նախարարը, փոխնախարարը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահը, բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու «Բարոյագիտութեան յանձնաժողով»-ի նախագահը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբի նախագահը, Ազգային ժողովի խմբակցութիւններէն մէկական ներկայացուցիչ, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու 5 ներկայացուցիչ: