Հայրենական Մեծ Պատերազմի Վեթերաններու Ամսական Պատուովճարը Պիտի Կրկնապատկուի

Հայաստան

Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններու ամսական պատուովճարի չափը 50 հազար դրամի փոխարէն սահմանուած է 100 հազար դրամ: Որոշման նպատակն է Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններու ընկերային պաշտպանուածութեան մակարդակը բարձրացնել`  անոնց  աշխոյժ գործունէութիւնն ու բարեկեցութիւնն ապահովելու համար: Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան` Յուլիս 4-ի նիստի ընթացքին:

2019 թուականի պետական ամավարկով Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններու պատուովճարներու համար նախատեսուած է 238 հազար 200 դրամ 397 շահառուի համար: 2019 թուականի Մայիս 1-ի դրութեամբ փաստացի պատուովճար վճարուած է 318 վեթերանի:

2019 թուականի Յունուար Մայիս ժամանակահատուածին վեթերաններու պատուովճարի ծախսը կազմած է 84 հազար 607 դրամ, իսկ Յունիս ամսուան ծախսը կը կանխատեսուի շուրջ 15 հազար դրամ: Արդիւնքով, 2019 թուականի Յունուար-Յունիս ժամանակահատուածին պատուովճարի գծով ծախսը կանխատեսուած է շուրջ 100  հազար դրամ: