Քարահունջի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Թութի Փառատօն․ Պիտի ներկայացուին Սիւնեաց Բերքն ու Բարիքը

Այլեւայլ, Հայաստան

Գորիսէն 4 քմ․ հեռու գտնուող Քարահունջ համայնքին մէջ Յուլիս 6-ին տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած Թութի փառատօնը:

Փառատօնը պիտի կազմակերպուի Քարահունջ համայնքի թութի այգիներուն մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ թութ թափ տալու մրցոյթ, ինչպէս նաեւ ներկաները պիտի տեսնեն օղի թորելու, ռուպ պատրաստելու գորողութիւնները:

Փառատօնին իրենց ձեռագործ աշխատանքները, աւանդական ուտեստները, թութի անուշը, չիրը եւ բերքն ու բարիքները պիտի ներկայացնեն ինչպէս տեղի, այնպէս ալ շրջակայ համայքներու բնակիչները: Այսպիսով, հիւրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան համտեսելու այնպիսի ուտեստներ, որոնք բնորոշ են միայն Սիւնեաց աշխարհին: Այս ամէնը, բնականաբար, պիտի ուղեկցուին ժողովրդական երգ ու պարով:

«Արենի Փառատօն» հիմնադրամի տնօրէն Նունէ Մանուկեան յայտնած է, որ փառատօնին նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջային արդիւնքը, ինչպէս նաեւ զարգացնել ներքին զբօսաշրջութիւնը:

Ան նաեւ նշեց, որ փառատօներու ժամանակ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը աստիճանաբար կ՛աւելնայ, շատերը կու գան յատուկ որեւէ փառատօնի մասնակցելու համար:

Զբօսաշրջութեան փորձագէտ Անահիտ Ոսկանեան ըսած է, որ զբօսաշրջութեան մէջ փառատօներու դերը կարեւոր նշանակութիւն ունի, քանի որ անոնք մշակութային արժէքները պահպանելու եւ հանրայնացնելու հակում ունին: