ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Երիտասարդական Միութեան Ջանքերով Շիրակի Մարզին Եւ Արցախի Մէջ Պիտի Կազմակերպուին Պատանեկան Ճամբարներ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին մէջ այսօր հիւրընկալուեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամները, որոնք հայրենիք կը գտնուին` պատանեկան ճամբարներ կազմակերպելու նպատակով:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան կողմէ ճամբարներ պիտի կազմակերպուին ՀՀ Շիրակի մարզի Գիւմրի, Արթիկ, Մեծ Մանթաշ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ: Կը նախատեսուի, որ միայն Արեւմտեան Ամերիկայէն ժամանած դաշնակցական երիտասարդներու կազմակերպած պատանեկան ճամբարներուն պիտի մասնակցի շուրջ 1500 պատանի:

Ճամբարներուն նպատակն է Հայաստանի պատանիներու համար ընկալելի եւ ճանաչելի դարձնել սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը, պատանիներուն փոխանցել ազգային արժեհամակարգին, մշակոյթին եւ պատմութեան վերաբերող հիմնաւոր գիտելիքներ, քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ ամրապնդել սէրն ու նուիրումն առ հայրենիք: